Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Հետ Միացեալ Ռազմավարութիւն Մշակելու Եւ Սուրիան Վերակառուցելու

Փետրուար 6, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երկուշաբթի օր Սէուտական Արաբիա այցելելէ ետք, երեքշաբթի օր այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Վերջինս միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Այս պատմական այցելութիւնը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան ու յարաբերութիւններու զարգացման սկիզբն է»:

Ան աւելցուց, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ անվտանգութիւն ու հանգստութիւն հաստատել, եւ «մենք համաձայնեցանք ատիկա իրագործելու պէտք եղած քայլերը որդեգրելու»:

Էրտողան նշեց, որ Թուրքիան «պատրաստ է աջակցելու Սուրիոյ մէջ քանդուած քաղաքներու վերաշինութեան, եւ ահաբեկչութենէն ամբողջովին զուրկ շրջան մը պիտի հաստատուի»:

Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ Շարհի հետ խօսած է քաղաքական զարգացումներու մասին` նշելով. «Մենք կը հաւատանք, թէ Սուրիոյ նոր վարչակազմը բոլոր սուրիացիները պիտի ընդունի»:

Էրտողանի կարծիքով` իսլամական աշխարհի պետութիւնները պէտք է աջակցին Սուրիոյ, եւ «կարեւոր է, որ այս աջակցութիւնը շարունակուի: Մենք երախտապարտ ենք այն պետութիւններուն, որոնք կ՛աջակցին Սուրիոյ ոտքի կանգնելուն»:

«Աշխատանք պիտի տանինք Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ամբողջովին վերցուելուն համար», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Շարհ իր կարգին ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութեան խորացման կարեւորութիւնը` յայտարարելով. «Մենք կը հաստատենք մեր յարաբերութիւններու փոխակերպումը խորքային ռազմավարական գործընկերութեան` բոլոր ոլորտներուն մէջ»:

Ան նաեւ Էրտողանը հրաւիրեց «մօտիկ ապագային» Սուրիա այցելելու:

«Թուրքիոյ շարունակական աջակցութիւնը ակնյայտ կը մնայ` Սուրիոյ ներկայ ղեկավարութեան քաղաքական ու տնտեսական յաջողութեան ապահովման ուղղուած իր ջանքերուն միջոցով, միեւնոյն ժամանակ պաշտպանելով Սուրիոյ անկախութիւնը, միասնութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», ընդգծեց Շարհ:

 

Նախորդը

Նշմար. Երկիրը, Ֆութպոլը Եւ Պասքեթպոլը

Յաջորդը

Զելենսքի Պատրաստ Է Փութինի Հետ Դէմ Առ Դէմ Բանակցելու

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?