Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց, Փոխադրամիջոցներու Եւ Ուժանիւթի Նախարարները Եռակողմ Հանդիպում Պիտի Ունենան

Փետրուար 5, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեանց, փոխադրամիջոցներու նախարարութեանց, ուժանիւթի նախարարութեանց եւ մաքսային ծառայութիւններու ղեկավարները մօտիկ ապագային պիտի հանդիպին` քննարկելու համար Հիւսիս-հարաւ միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի Ռեշտ-Աստարա երկաթուղային գիծի շինարարութեան ընթացքը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Մոսկուայի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Քազեմ Ժալալի:

«Մօտիկ ապագային մենք կը նախատեսենք եռակողմ հանդիպում կատարել` Իրանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու, փոխադրամիջոցի, ուժանիւթի նախարարներու եւ մաքսային ծառայութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ», ըսած է ան:

Դեսպանը նշած է, որ այս նախագիծի իրականացման մասին համաձայնագիրը կը նախատեսուի ստորագրել մինչեւ մարտ 2025:

Ռուսիան եւ Իրանը 17 մայիս 2023-ին համաձայնագիր ստորագրած են Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի միացեալ շինարարութեան մասին: նախագիծի իրականացման համար Մոսկուան Թեհրանին կը տրամադրէ 1,3 միլիառ եւրոյի միջպետական վարկ: Շինարարութեան ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 1,6 միլիառ եւրոյով: Կ՛ակնկալուի, որ Ռեշտ-Աստարա գիծը պիտի կառուցուի Մոսկուայի եւ Թեհրանի մասնակցութեամբ, իսկ Աստարա (Իրանի քաղաք)-Աստարա(Ազրպէյճանի քաղաք) գիծը պիտի կառուցուի Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Միացեալ Նահանգներու «Նախ Ամերիկան» Սկզբունքին Անցումը Տագնապալիօրէն Նման Է Հիթլերի Ժամանակուան «Գերմանիան Բոլորէն Վեր» Կարգախօսին»

Յաջորդը

Արաբական 5 Երկիրներ Դէմ Են Թրամփի` Պաղեստինցիները Կազայէն Յորդանան Եւ Եգիպտոս Տեղափոխելու Առաջարկին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?