Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական 5 Երկիրներ Դէմ Են Թրամփի` Պաղեստինցիները Կազայէն Յորդանան Եւ Եգիպտոս Տեղափոխելու Առաջարկին

February 5, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարները իրենց ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյին յղած են նամակ մը` քննադատելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայէն պաղեստինցիները Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ վերաբնակեցնելու ծրագիրները:

Թրամփ անցեալ շաբաթ երեք անգամ հրապարակաւ խօսած է Կազայէն պաղեստինցիները Եգիպտոս եւ Յորդանան տեղափոխելու անհրաժեշտութեան մասին:

Նամակին մէջ կը նշուի, որ պաղեստինցիները «չեն ուզեր իրենց հողը լքել», եւ անոնց վերաբնակեցումը «տագնապը վտանգաւոր նոր հարթութիւն պիտի տեղափոխէ»:

Նամակին հեղինակները կը նշեն, որ շրջանին մէջ տեղահանուածներու աճող թիւը «պիտի բարձրացնէ արմատականացման եւ անկարգութիւններու վտանգը»:

Նամակին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Միջին Արեւելքը արդէն «ծանրաբեռնուած է մեծ թիւով տեղահանուածներով»:

Ըստ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին, նամակը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցած են արաբական հինգ երկիրներու դեսպանները: Այս պետութիւններու նախարարներէն բացի փաստաթուղթը ստորագրած է Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Շէյխը:

Միջին Արեւելքի հարցերով Սպիտակ տան յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ, բացատրելով Թրամփի նախաձեռնութիւնը, ըսած էր, որ Կազայի հատուածը այժմ «բնակելու համար պիտանի չէ», եւ մարտերու հետեւանքով յառաջացած աւերներու պատճառով անհրաժեշտ է կատարել լայնածաւալ վերաշինութեան աշխատանքներ: Ատիկա, ըստ Ուիթքոֆի, կրնայ 10-15 տարի տեւել:

Թրամփ 1 փետրուարին Կազայի պաղեստինցիներու վերաբնակեցման գաղափարը քննարկած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Նշենք, որ Եգիպտոսն ու Յորդանանը, ինչպէս նաեւ արաբական այլ պետութիւններ մերժած են Կազայի պաղեստինցիները իրենց երկիրներ տեղափոխելու գաղափարը:

Իրան երկուշաբթի օր դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու` պաղեստինցիները Կազայէն դրացի երկիրներ տեղափոխելու առաջարկը` նախազգուշացնելով, որ ատիկա պիտի ըլլայ «ցեղային զտում»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան քաթարցի իր պաշտօնակից Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Թուրքիան պատրաստ է ընդունելու Իսրայէլի կողմէ ազատ արձակուած պաղեստինցիները»:

«Կազայի զինադադարի համաձայնագիրի պայմաններէն մէկը կը նախատեսէ, որ պաղեստինցի բանտարկեալները իրենց ազատ արձակումէն ետք պէտք չէ մնան պաղեստինեան հողերուն մէջ:

«Մեր նախագահ Էրտողանը ըսած է, որ մենք այլ երկիրներու հետ պատրաստ ենք հիւրընկալելու ազատ արձակուած պաղեստինցիները: Միւս երկիրները նոյնպէս պէտք է նպաստեն այս համաձայնագիրի իրականացման», նշած է Ֆիտան:

«Ժազիրա» երէկ հաղորդեց. «15 պաղեստինցի գերիներ Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքի ծիրին մէջ հասան Պոլիս»:

Միւս կողմէ, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը երկուշաբթի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդը տեղահանման կամ այլընտրանքային հայրենիքի որեւէ ծրագիր պիտի չընդունի»:

Նախագահութիւնը նաեւ դատապարտեց պաղեստինցի քաղաքացիները տեղահանելու համար պատերազմի Այսրյորդանանի մէջ ընդլայնումը` ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղելով «միջամտելու`դադրեցնելու համար իսրայէլեան յարձակումը, որ կացութեան պայթումին պիտի յանգեցնէ»:

Նախորդը

Ռուսիոյ, Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց, Փոխադրամիջոցներու Եւ Ուժանիւթի Նախարարները Եռակողմ Հանդիպում Պիտի Ունենան

Յաջորդը

Հաճիեւի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեշքիան. «Իրանը Դէմ Է Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Փոփոխութեան»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային  Արկածը Զոհեր Պատճառեց
Միջազգային

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.