Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրոնօ. «Պաքուի Մէջ Հանդիպումներու Ժամանակ Լսած Եմ Յայտարարութիւններ, Որոնք Կը Տարբերին Հանրային Տիրոյթի Մէջ Անոնց Խօսքերէն»

February 4, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթը շարունակուի հանգիստ եւ դրական միջավայրի մէջ` հիմնուելով տարբեր ձեւաչափերու վրայ, իսկ վերջերս նաեւ երկկողմանի հարթութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու վրայ:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին ըսած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ վերջերս Պաքու կատարած այցելութեան ծիրին մէջ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ազրպէյճանցի պաշտօնատարներէն լսած է անոնց հրապարակային խօսքերէն տարբերող յայտարարութիւններ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ:

Խօսելով Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներու մասին` Կրոնօ շեշտած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ունին հեռանկարային մօտեցում` թշնամութեան էջը շրջելու եւ կայուն ու խաղաղ միջավայր հաստատելու յստակ պատրաստակամութեամբ:

«Հանրային հռետորաբանութեան, բնակչութիւնը խաղաղ ապագայի նախապատրաստելու, սպառնալիքները հասցէագրելու եւ անոնց ընկալումը նուազեցնելու հարցերը, ներառեալ հանրային հաշտեցման ջանքերու եւ խաղաղութեան ձգտող դրական հռետորաբանութեան միջոցով, քննարկուած են Ազրպէյճանի մէջ իմ հանդիպումներուս ժամանակ:

«Եւրոպական Միութեան համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման հոլովոյթը շարունակուի հանգիստ եւ դրական միջավայրի մէջ` հիմնուելով տարբեր ձեւաչափերու վրայ, վերջերս նաեւ երկկողմանի հարթութեան վրայ ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու վրայ:

«Պաքուի մէջ քննարկումներու ընթացքին լսեցի յուսադրող յայտարարութիւններ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ. անոնք յաճախ կը տարբերէին այն ամէնէն, ինչ որ լսած ենք հանրային տիրոյթի մէջ, մասնաւորաբար` երկու երկիրներու միջեւ կարգաւորման հոլովոյթի շարունակութեան վերաբերեալ:

«Կը կարծեմ` կարգաւորման առաջին կարեւոր փուլը արդէն արդիւնքներ կու տայ. Ազրպէյճանն ու Հայաստանը ունին երկխօսութեան կանոնակարգուած ձեւաչափ` միացեալ համաձայնեցուած յստակ հիմքով եւ շրջանակով: Հիմա ժամանակն է դրսեւորելու այն քաղաքական կամքը, որ անհրաժեշտ է տագնապի էջը վերջնականապէս փակելու, բոլոր չլուծուած հարցերուն համար փոխըմբռնելի լուծումներ գտնելու եւ շրջանի բոլոր բնակիչներուն համար խաղաղ ու առաւել բարգաւաճ կեանք ապահովելու համար», ըսած է Կրոնօ:

«Պաքուի իմ բոլոր զրուցակիցներս յայտնեցին այն տեսակէտը, որ «տագնապը կարգաւորուած է», «կացութիւնը կայունացած է», որ «ուժ կիրարկելու մտադրութիւն չկայ», եւ որ կարգաւորման հոլովոյթը պէտք է շարունակուի բոլոր ուղղութիւններով: Կրկին նշեմ, որ այն, ինչ որ լսեցի հանդիպումներու ընթացքին, շատ կը տարբերէր այն ամէնէն, ինչ որ երբեմն կը լսենք հանրային տիրոյթին մէջ:

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային յանձնախումբերու 11-րդ հանդիպումը նախատեսուածին պէս տեղի ունեցաւ 16 յունուարին: Կ՛ուզեմ ողջունել եւ գնահատել կողմերուն միջեւ տեսակէտներու շարունակական փոխանակումը ապագայ սահմանազատման աշխատանքներու եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` հիւսիսէն հարաւ որոշակի սահմանազատման աշխատանքները շարունակելու վերաբերեալ: Ասիկա դրական ազդակ է, եւ ես մեծապէս յոյս ունիմ, որ նման յառաջընթաց պիտի ապահովուի նաեւ միւս ուղղութիւններով` ըլլայ ատիկա խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը, կապերու վերականգնումը եւ հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը, թէ մարդասիրական խնդիրները: Մենք անշուշտ երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` յանձնառութիւն ստանձնելու յառաջընթացի հարցին մէջ, եւ կը զգուշացնենք բացասական ազդեցութեան մասին` որոշակի հակառակ միտումներու պարագային», նշեց Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը:

Նախորդը

Մընպեժի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Պայթումի Պատճառով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին
Գլխաւոր լուրեր

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

September 28, 2026
Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

September 28, 2026
«Թրամփի Ուղի»-ին Մէջ Ներդրումներու Դիմաց  Մասնաբաժինի Փոխանցում Նախատեսուած Չէ
Հայկական

«Թրամփի Ուղի»-ին Մէջ Ներդրումներու Դիմաց Մասնաբաժինի Փոխանցում Նախատեսուած Չէ

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.