Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Ենթակայ Է Լուծարման»

February 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու զարգացումը Երեւանի գերիշխան իրաւունքն է, սակայն ատիկա պիտի յանգեցնէ ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ արտօնութիւններու եւ օգուտներու կորուստին: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` ընդգծելով, որ հիմա Հայաստանը որոշակի օգուտ կը ստանայ ԵԱՏՄ-էն:

Ան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն խորհուրդ տուած է` վերլուծելու, թէ այդ քայլերը ի՛նչ հետեւանքներ պիտի ունենան: Ըստ Զախարովայի, խօսքը նախ եւ առաջ ԵԱՏՄ-ի ահռելի շուկայի կորուստի եւ տասնամեակներով հաստատուած առեւտրական շղթաներու ցաւոտ խզման մասին է:

«Ըստ որոշ գնահատականներու, Հայաստանէն արտածումը, ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու պարագային, պիտի նուազի 80 առ հարիւրով, եւ անկարելի պիտի ըլլայ կորուստները փոխարինել այլընտրանքային աղբիւրներով, նոյնիսկ միջնաժամկէտ հեռանկարին», նախատեսած է Զախարովա:

Անոր համաձայն, Երեւանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը հարուած պիտի ըլլայ Հայաստանի զարգացման եւ կրնայ յանգեցնել ամբողջական աղքատացման:

Զախարովա նաեւ յիշեցուցած է, որ 2024 թուականին Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի առեւտուրը զգալիօրէն նուազած է եւ մօտաւորապէս 6 անգամ նուազ է Ռուսիոյ հետ ապրանքաշրջանառութենէն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբը դրական եզրակացութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծին:

Հարցը պիտի ընդգրկուի օրակարգին վրայ յառաջիկայ Ազգային ժողովի լիագումար նստաշրջանին, որ պիտի սկսի 11 փետրուարին:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Զախարովան յայտարարած է. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը ենթակայ է լուծարման»` պնդելով, որ կառոյցը փաստացի չի գործեր փետրուար 2022-էն ի վեր:

Ան նաեւ նշած է, որ համագործակցութենէն հրաժարած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահները, որոնք «պատճառները մինչեւ օրս չեն յայտնած»:

«Իսկ աւելի ուշ` հոկտեմբեր 2022-ին, Փրակայի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչի միացեալ յայտարարութիւն որդեգրուեցաւ: Եւ այս ամէնը բերաւ անոր, որ Մինսքի խմբակը պարզապէս կորսնցուց իր գործունէութեան իմաստը: Ասիկա այն է, ինչ որ պէտք է հիմք ընդունինք», ըսած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Շարհ. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազմելու Փոխանցման Համապարփակ Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Ստանձնէ Սուրիոյ Հաստատութիւններու Կառուցումը` Հասնելով Ազատ Ընտրութիւններու»

Յաջորդը

«Ազրպէյճանի Մէջ Ապօրինաբար Պահուող Հայերը Պէտք Է Ազատ Արձակուին» Կ՛ըսէ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.