Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարհ. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազմելու Փոխանցման Համապարփակ Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Ստանձնէ Սուրիոյ Հաստատութիւններու Կառուցումը` Հասնելով Ազատ Ընտրութիւններու»

February 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ փոխանցման փուլի նախագահ Ահմետ Շարհ սուրիացիներուն ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին նշեց. «Քաղաքական հոլովոյթի իրաւական արժեչափերու համահունչ ընթանալը երաշխաւորելու եւ անոր պէտք եղած օրինականութիւնը շնորհելու համար իրաւագէտներու հետ աշխուժ խորհրդակցութիւններէ ետք ստանձնեցի երկրին պատասխանատուութիւնը»:

«Այսօր ձեզի ուղերձ կը յղեմ իբրեւ այս ճակատագրական շրջանին մէջ Սուրիոյ նախագահ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի եւ մարտահրաւէրները շրջանցէ «միայն մեր ամբողջ ժողովուրդին ու ղեկավարութեան իրարու ձեռք ձեռքի տալով»:

«Այսօր ձեզի հետ կը խօսիմ ոչ իբրեւ իշխող, այլ մեր վիրաւոր հայրենիքի ծառայ, ամբողջ ուժովս ձգտելով իրագործել Սուրիոյ միութիւնն ու զարթօնքը. բոլորս կը գիտակցինք, որ ներկայ փուլը անցումային է եւ մէկ մասը քաղաքական հոլովոյթի մը, որ կ՛ենթադրէ երկրէն ներս թէ դուրս բոլոր այր եւ կին սուրիացիներուն իսկական մասնակցութիւնը», ըսաւ Շարհ:

«Աշխատանք պիտի տանինք կազմելու անցումային համապարփակ կառավարութիւն մը, որ կ՛արտացոլէ Սուրիոյ բազմազանութիւնը, իր այր մարդոցմով, կիներով ու երիտասարդներով եւ կը ստանձնէ նոր Սուրիոյ հաստատութիւններու կառուցման աշխատանքը, մինչեւ որ հասնինք ազատ ու պարկեշտ ընտրութիւններու փուլ», նշեց Սուրիոյ փոխանցման նախագահը:

«Ներկայ առաքելութեանս լիազօրութեանս եւ խորհրդարանը լուծարելու որոշումին հիմամբ պիտի յայտարարեմ նախապատրաստական յանձնախումբ մը, ընտրելու համար սեղմ խորհրդարան մը` փոխանցման շրջանին լեցնելու համար այդ բացը», ըսաւ ան:

«Յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարենք նախապատրաստութեան յանձնախումբը ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին, որ քննարկումներու, խորհրդակցութիւններու եւ մեր յառաջիկայ քաղաքական ծրագիրին շուրջ տարբեր տեսակէտները լսելու հարթակ պիտի ըլլայ», յայտնեց Շարհ:

«Այս քայլերը աւարտելէ ետք, պիտի յայտարարենք սահմանադրական հռչակագիրը, որպէսզի փոխանցման փուլին իրաւական յենարանը ըլլայ», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

«Յառաջիկայ ժամանակաշրջանին մենք պիտի կեդրոնանանք շարք մը առաջնահերթ խնդիրներու լուծման վրայ, ներառեալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հոլովոյթի աւարտը` մէկ հողի վրայ մէկ իշխանութեան տակ», ընդգծեց Շարհ:

 

Նախորդը

«Կազայի Վերաշինութիւնը Կրնայ 10-Էն 15 Տարի Տեւել» Կ՛ըսէ Թրամփի Պատուիրակը

Յաջորդը

Զախարովա. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Ենթակայ Է Լուծարման»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քրտական Եւ Տիւրզիական  Զուգահեռագիծեր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.