Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Երկարաձգուի Յաւելեալ 2 Տարիով

January 31, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները 29 յունուարին Պրիւքսելի մէջ հաւանութիւն տուին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան մասին որոշումին, որով եւրոպացի դէտերը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ պիտի մնան յաւելեալ երկու տարի` մինչեւ 19 փետրուար 2027:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Եւրոպայի հարցերով խմբագիր Ռիքար Եոզվիաքի հաղորդումով, Եւրոպական Միութիւնը անփոփոխ ձգած է առաքելութեան լիազօրութիւնը, որ տրուած էր երկու տարի առաջ` նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ եւ տագնապէն վնասուած շրջաններուն մէջ միջադէպերու թիւի նուազման, նուազեցնել այդ շրջաններուն մէջ ապրող բնակչութեան համար վտանգի աստիճանը եւ ատով նպաստել գետնի վրայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Դէտերու կազմն ու թուաքանակը, ըստ որոշման նախագիծին, պիտի մնայ անփոփոխ` 165 միջազգային եւ 44 հայաստանցի աշխատող:

Ըստ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, այս որոշումը պէտք է յառաջիկային հաստատուի նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ, ինչ որ փաստացի ձեւական բնոյթ կը կրէ, որովհետեւ այդ երկիրներու դեսպանները արտայայտած են իրենց կառավարութիւններու տեսակէտը` թեր քուէարկելով նախագիծին:

Առաքելութեան դիտարկման գօտին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կը տարածուի հայ-ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին, ներառեալ Նախիջեւանի հատուածը:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը երէկ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը միացած է Մարտունիի պարեկային խումբին եւ հետեւած հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութեան:

«Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը հպարտ է հասարակութեան վստահութեամբ եւ պիտի շարունակէ աջակցիլ շրջանի անվտանգութեան»:

Նախորդը

Լեմքինի Հիմնարկ. «Փաշինեանի Վերջին Յայտարարութիւնները Կը Կրկնեն Թրքական Ժխտողական Խօսոյթը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.