Ազրպէյճանը Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի, սակայն Զանգեզուրի մասին չէ մոռցած եւ պիտի չմոռնայ: Այս մասին փոխադրամիջոցային հարցերուն նուիրուած հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Թէ՛ միջազգային մակարդակով, թէ՛ Հայաստանի հետ երկկողմանի հաղորդակցութիւններու ընթացքին մենք անընդհատ կը շեշտենք մէկ խնդիր` պէտք է ապահովել Ազրպէյճանէն Ազրպէյճան (Նախիջեւան) անարգել անցումը, որ պէտք է ըլլայ յարմարաւէտ եւ ազատ` առանց որեւէ ստուգումներու եւ խոչընդոտներու», ըսած է ան:
Ալիեւի համաձայն, Պաքու Երեւանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չունի: Սակայն Հայաստանը «պէտք է» կատարէ ստանձնած պարտաւորութիւնները` ապահովելով դէպի Նախիջեւան անարգել անցումը: Ան աւելցուցած է, որ Ազրպէյճան գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը բանալու համար:
Ալիեւ նաեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստան կ՛ուզէ իրականացնել «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, ապա նախ եւ առաջ պէտք է դիմէ Ազրպէյճանին, որովհետեւ առանց Պաքուի ատիկա ընդամէնը «թուղթի կտոր» է:
Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Լաչին քաղաքին մէջ կառուցուող միջազգային օդակայանը շահագործել ընթացիկ տարուան մէջ:
«Այս տարի Լաչինի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի 9-րդ միջազգային օդակայանը», ըսած է Ալիեւ` շեշտելով, որ վերջին 20 տարիներուն Ազրպէյճանի մէջ 8 միջազգային օդակայան կառուցուած է` Պաքուի մէջ, Նախիջեւանի մէջ, Գանձակի մէջ, Լենքորանի մէջ, Գաբալայի մէջ, Զագաթալայի մէջ, Ֆիզուլիի (Վարանդա, «Ա.») մէջ եւ Զանգելանի (Կովսական, «Ա.») մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանին վրայ գտնուող Լաչինի օդակայանի շինարարութիւնը սկսած է Պաքուի վերահսկողութեան յանձնուելէն քանի մը օր ետք: Անիկա կը կառուցուի լեռնային բարդ վայրի մէջ:


