Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Հաւանական Կը Նկատէ, Որ Ռուսիոյ Սահմանապահները Հեռանան Հայաստան-Թուրքիա Եւ Հայաստան-Իրան Սահմաններէն

January 29, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան հաւանական կը նկատէ, որ սահմանային կարողութիւններու ամրապնդման շնորհիւ Ռուսիոյ սահմանապահները հեռանան Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններէն:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Պարոյր Յովհաննիսեան այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած ռազմավարական փաստաթուղթով նախատեսուած կէտին, որուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներէն մաքսային եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով խումբ մը պիտի այցելէ Հայաստան` սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ աշխատելու հայ գործընկերներու հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ սահմանային կարողութիւններու ամրապնդումը` փոխնախարարը նշեց, որ ժամանակն է, որ Հայաստան կարենայ սեփական ուժերով պաշտպանել իր սահմանները:

«Միշտ ատիկա իրականացուած էր երրորդ երկրի կողմէ, վերջապէս պէտք է մեր սահմանը մենք կարենանք վերահսկել», նշած է ան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կարելի՞ է արդեօք, որ ատոր հիմամբ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններէն Ռուսիոյ սահմանապահները առհասարակ դուրս գան, փոխնախարարը դրական արձագանգ տուաւ:

«Ի հարկէ, իտէալական աշխարհի վրայ ամէն երկիր պէտք է ի վիճակի ըլլայ վերահսկել իր սահմանները: Իսկ այդ աջակցութիւնը կը վերաբերի մեր կարողութիւններու բարձրացման` համապատասխան փորձառութեան փոխանակման միջոցով», նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Յիշեցնենք, որ 14 յունուարին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը ստորագրելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներէն յառաջիկայ շաբաթներուն մաքսային եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով խումբ պիտի այցելէ Հայաստան` սահմանային անվտանգութեան կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ հայ գործընկերներու հետ աշխատելու համար:

Նախորդը

«Թրամփ Կրինլանտը Պիտի Չստանայ» Կ՛ըսէ Դանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Ապահովէ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան Ազատ Անցում` Առանց Որեւէ Ստուգումներու Եւ Խոչընդոտներու»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.