Պէյրութ մարաթոն միութիւնը ձեզ կը հրաւիրէ «Ռոլինկ հաֆ-մարաթոն 2025» մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 23 փետրուարին, Սելաաթա – Ժիպէյլ ծովեզերեայ շրջանը: Այս շրջավազքի ուղին գեղեցիկ տեսարաններով հարուստ է, բան մը, որ կ՛օգնէ դիւրութեամբ զայն կտրել կա՛մ անհատական 21 քմ, կա՛մ զոյգերու, որ 10 քմ ետք կրնաս փոխանցել զոյգին:
Արձանագրութեան վերջին առիթն է 15 փետրուար 2025, միութեան կայքին վրայ beirutmarathon.org: Յաւելեալ մանրամասնութեան համար կապուիլ 70-898151 թիւին:


