Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Սիթի Յաղթեց Չելսիին. Նափոլի Հաստատ Մնաց Առաջին Դիրքին Վրայ

January 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ շաբթուան մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Իփսուիչի վրայ եւ պահեց իր 6 կէտերու առաւելութիւնը Արսենալի վրայ:

Տոմինիք Սոպոսլայ, Մոհամետ Սալահ եւ Քոտի Կաքփօ նշանակեցին «կարմիրներ»-ուն կոլերը, մինչ Ճէյքըպ Կրիվզ 90-րդ վայրկեանին նշանակեց Իփսուիչի միակ կոլը:

Արսենալ դժուար մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ տարաւ Վուլվզի դաշտին վրայ: Ձախ ծայրի պաշտպան Մայլզ Լուիս – Սքելի 43-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստանալով աւելի դժուարացուց Արսենալի գործը:

Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ իտալացի պաշտպան Ռիքարտօ Քալաֆիորի, որ 74-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը` քայլ պահելով Լիվըրփուլի հետ:

Բայց պէտք է ըսել, որ Վուլվզի պրազիլցի միջնապահ Ժոաօ Կոմեշ իր կարգին կարմիր քարտ ստացած էր Արսենալի կոլէն մօտ 5 վայրկեան առաջ, քիչ մը հաւասարակշռելով խաղը:

Շաբթուան սպասուած մրցումին, անցեալ տարուան ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չելսին` բարձրանալով 4-րդ դիրք, մինչ Չելսի 6րդ դիրք փոխադրուեցաւ:

Սիթի դաշտ ներկայացած էր իր նոր ուզպեք կեդրոնի պաշտպան Խուսանովի եւ եգիպտացի յառաջապահ Օմար Մարմուշի հետ, որոնք քանի մը օր առաջ միացած էին Կուարտիոլայի խումբին:

Մրցումը հազիւ սկսած, Խուսանովի աններելի սխալին վրայ, Նոնի Մատուեքէ նշանակեց Չելսիի եւ մրցումին առաջին կոլը` 3-րդ վայրկեանին:

Սիթի ճնշեց եւ Ֆիլ Ֆոտըն 11-րդ վայրկեանին գնդակը դպցուց Չելսիի բերդի սիւնին: 34-րդ վայրկեանին Մարմուշ նշանակեց կոլ մը, բայց օֆսայտի դիրքէն օգտուելով, եւ ՎԱՐ-ը չվաւերացուց զայն:

42-րդ վայրկեանին գնդակը զսպուելէ ետք պաշտպանի մը կողմէ, հասաւ Եոսքօ Կվարտիոլի, որ նշանակեց Սիթիի հաւասարութեան կոլը:

Առաջին կիսախաղին աւելի տիրապետած Սիթի 68-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը` նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտի շնորհիւ, որ օգտուեցաւ իր բերդապահ Էտերսոնի երկար փոխանցումէն եւ լոպ մը կատարեց Չելսիի սպանացի բերդապահ Ռոպերթ Սանչեսի գլխուն վրայէն նշանակելով Սիթիի 2-րդ կոլը: 87-րդ վայրկեանին Հաալանտի գեղեցիկ աշխատանքէն եւ փոխանցումէն ետք Ֆիլ Ֆոտըն նշանակեց Սիթիի 3-րդ եւ մրցումին վերջին կոլը:

Ստորեւ` 23-րդ հանգրուանի արդիւնքները.

Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի 3-1
Պորնմաութ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 5-0
Պրայթըն – Էվըրթըն 0-1
Լիվըրփուլ – Իփսուիչ 4-1
Սաութհեմփթըն – Նիւքեսըլ 1-3
Վուլվզ – Արսենալ 0-1
Քրիսթըլ Փելես – Պրենթֆորտ 1-2
Թոթենհամ – Լեսթըր Սիթի 1-2

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Լիվըրփուլ 53 (54-21)
2.- Արսենալ 47 (44-21)
3.- Նոթինկհամ Ֆորեսթ 44 (33-27)
4.- Մանչեսթըր Սիթի 41 (47-30)
5.- Նիւքեսըլ 41 (41-27)
6.- Չելսի 40 (45-30)

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանին գծով, պարագլուխի դիրքը գրաւող Նափոլի իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եուվենթուսը` հաստատ մնալով իր դիրքին վրայ: Եուվենթուսի առաջին պարտութիւնն էր այս եղանակին, բայց պէտք է ըսել, որ Բ. կիսախաղին Եուվենթուս Նափոլիի բերդը չկրցաւ վտանգել նոյնիսկ, հակառակ անոր որ իր նոր յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ-Մուանի 43-րդ վայրկեանին նշանակած էր մրցումի առաջին կոլը:

Բ. կիսախաղին, Անթոնիօ Քոնթէի մարզած խումբը` Նափոլի, շատ աւելի լաւ խաղցաւ եւ ամբողջութեամբ տիրապետեց աւելի անփորձ մարզիչ Թիակօ Մոթթայի խումբին` Եուվենթուսի վրայ, որ աւելի կարծէք կը փորձէր պաշտպանել առաջին կիսախաղի իր առաւելութիւնը:

Քամերունցի միջնապահ Ֆրանք Անկիսա գլխու հարուածով մը կրցաւ նշանակել Նափոլիի հաւասարութեան կոլը 57-րդ վայրկեանին, Մաթէօ Փոլիթանոյի օդային փոխանցումէն ետք:

66-րդ վայրկեանին գնդակը դպաւ Եուվէի պաշտպաններէն մէկուն ձեռքին, բայց իրաւարարը չնկատեց զայն, այսուհանդերձ 2 վայրկեան ետք Լոքաթելլիի ֆաուլը անմիջապէս փենալթի սուլեց իրաւարարը: Ռոմելու Լուքաքու նշանակեց փենալթին` արդիւնքը դարձնելով 2-1 ի նպաստ Նափոլիի, ուրախացնելով «Տիեկօ Արմանտօ Մարատոնա»-ի անուան մարզադաշտի համակիրներուն մեծամասնութիւնը:

Այս կոլէն ետք, Նափոլի շարունակեց տիրապետել եւ կոլ մը եւս նշանակել, բայց Եուվէի պաշտպանները սխալ չգործեցին, եւ արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

«Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Աթալանթա 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քոմոյի դաշտէն:

Արժանթինցի Նիքօ Փաս նշանակեց Քոմոյի կոլը 30-րդ վայրկեանին, բայց «Սերի Ա.»-ի կոլ-սքորըր Մաթէօ Ռեթեկի 2 կոլ նշանակեց եւ 3 կէտերը նուիրեց Պերկամոյի Աթալանթային:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Էմփոլի – Պոլոնիա 1-1
Նափոլի – Եուվեթուս 2-1
Քոմօ – Աթալանթա 1-2
Թորինօ – Քալիարի 2-0
Ա. Սէ. Միլան – Փարմա 3-2
Ուտինեզէ – Ա. Էս. Ռոմա 1-2

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Նափոլի 53 (37-15)
2.- Ինթեր Միլան 47 (51-18)
3.- Աթալանթա 46 (48-25)
4.- Լացիօ Ռոմա 39 (37-28)
5.- Եուվենթուս 37 (35-19)

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 19-րդ շաբթուան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆրայպուրկը, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Հերի Քէյն 15-րդ վայրկեանին նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը, Ֆեյենուրդի դէմ ձախող ելոյթէն ետք («Չեմփիընզ լիկ»): 54-րդ վայրկեանին Քիմ Մին-Ճայ գլխու հարուածով կոլի վերածեց Եոշուա Քիմիչի քոռնըրը` նշանակելով Պայերնի 2-րդ կոլը: Գերմանիոյ ազգային խումբի յետսապահներէն Մաթիաս Կինթըր իր կարգին քոռնըրէ մը ետք նշանակեց Ֆրայպուրկի միակ կոլը:

Անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Ռետ Պուլ Լայփցիկի դաշտէն: Լեւերքուզըն, որ առաջին 36 վայրկեաններուն 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր, չկրցաւ առիթները օգտագործել աւելի կոլեր նշանակելու, եւ ընդհակառակն` 2 կոլեր ստացաւ աններելի սխալներ գործելէ ետք եւ Պայերնէն ետ մնաց 6 կէտով:

Փաթրիք Շիք եւ Ալեքս Կարսիա նշանակեցին Շուի Ալոնսոյի խումբին կոլերը, բայց Գերմանիոյ ազգային խումբի ձախ կողմի պաշտպան Տաւիտ Ռաում ազատ հարուածով նշանակեց Լայփցիկի առաջին կոլը կիսախաղէն առաջ:

Ֆլորիան Վերց բաւական անբախտ էր, երբ 64-րդ վայրկեանին անոր անզսպելի հարուածը զսպուեցաւ Լայփցիկի բերդի սիւնին կողմէ, մինչ 85-րդ վայրկեանին Քրիսթոֆ Պաումկարթնըրի կոլը օֆ-սայտ նկատուելէ ետք իրաւարարին կողմէ, ՎԱՐ-ի իրաւարարները զայն քննելէ ետք վաւերացուցին… արդիւնք` 2-2, եւ նկատուեցաւ, որ կոլը նշանակած է Էտմոն Թափսոպա` սխալմամբ իր բերդին մէջ:

Պորուսիա Տորթմունտ, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր պարտութենէն ետք գործէ արձակած էր իր թուրք մարզիչ Նուրի Շահինը, իր «Սիկնալ Իտունա» դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի հետ:

Ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած Մայք Թուլպերկ (Դանիա) բաւական անբախտ ձեւով սկսաւ մրցումը, երբ Մարսել Սապիցըր վիրաւորուեցաւ 12-րդ վայրկեանին, ապա 21-րդ վայրկեանին ազգային խումբի պաշտպան Նիքօ Շլոթերպաք կարմիր քարտ ստացաւ կոշտ թաքըլէ մը ետք: 7 վայրկեան ետք Սիրհու Կերասի գլխու գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Տորթմունտի եւ մրցումի առաջին կոլը, հակառակ անբախտ վիճակին եւ 1 մարզիկով պակաս ըլլալուն: Աւելի՛ն, 51-րդ վայրկեանին Պրեմընի յետսապահ Մարքօ Ֆրիտըլ իր բերդին մէջ նշանակեց Տորթմունտի 2-րդ կոլը: Պրեմըն ինքզինք գտաւ եւ կրցաւ օգտուիլ մարզիկի մը առաւելութենէն` նշանակելով յաջորդական կոլեր 65-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն` Լէոնարտօ Պիթենքորթի եւ Մարվին Տուքշի շնորհիւ: Այս արդիւնքով Պրեմըն մնաց 9-րդ դիրքի վրայ, իսկ Տորթմունտ` 11-րդ:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Մէօնշընկլատպախ – Պոխում 3-0
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Պայեր Լեւերքուզըն 2-2
Տորթմունտ – Վերտըր Պրեմըն 2-2
Ֆրայպուրկ – Պայերն Միւնիխ 1-2
Աուկզպուրկ – Հայտընհայմ 2-1
Մայնց – Շթութկարթ 2-0
Վոլֆսպուրկ – Հոլշթայն Քիլ 2-2
Հոֆենհայմ – Այնթ. Ֆրանքֆորթ 2-2

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Պայերն Միւնիխ 48 (58-16)
2.- Պայեր Լեւերքուզըն 42 (46-26)
3.- Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 36 (42-24)
4.- Շթութկարթ 32 (36-28)
5.- Լայփցիկ 32 (34-29)
6.- Մայնց 31 (33-23)

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ աւելի եւս հեռացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտէն, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վայատոլիտի դաշտէն, մինչ Աթլեթիքօ Մատրիտ չկրցաւ յաղթել Վիարէալի, իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրելով:

Ռէալ Մատրիտ վերջապէս կրցաւ օգտուիլ իր ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէէն, որ կրցաւ վերջին մրցումներուն աւելի լաւ ելոյթներ ունենալ: Էմպափէ հեթ-թրիք իրագործեց` նշանակելով Ռէալի 3 կոլերը 30-րդ, 57-րդ եւ 91-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն: Իր վերջին 5 մրցումներուն Էմպափէ 7 կոլ նշանակած է եւ 1 կոլով ետ կը մնայ Ռոպերթ Լեվանտովսքիէն (16 կոլ)` կոլ-սքորըրներու դասաւորման մէջ:

Աթլեթիքօ Մատրիտ, որ վերջին մրցումին Լեղանեսէն պարտութիւն կրած էր կորսնցնելով պարագլուխի դիրքը` 29-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ մը ստացաւ Ժերարտ Մորենոյի միջոցով: Բ. կիսախաղին Մատրիտի կազմը շատ աւելի լաւ խաղցաւ, բայց մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց: Պրազիլցի Սամուէլ Լինօ նշանակեց Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը, որմէ ետք արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռենսի հետ:

Օսման Տեմպելէ 47-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարիզի կազմին կոլը` օգտուելով վրացի Քովիչա Քվարացխելիայի փոխանցումէն: Քվիչա իր առաջին մրցումը կը կատարէր Փարիզի հետ` միանալով Նափոլիէն: Ճափոնցի Քէյթօ Նաքամուրա 56-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռենսի հաւասարութեան կոլը, եւ հակառակ Սեն Ժերմենի առիթներուն արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Մոնաքօ անցեալ 7 դեկտեմբերէն ի վեր իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռեննի:

Մանս Աքիուշ շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով առաջին կոլը եւ պատրաստուելով 3-րդ կոլը` Ալեքսանտր Կոլովինին: Երկրորդ կոլը նշանակեց դանիացի յառաջապահ Միքա Պիրեթ:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռենս 1-1
Սթրազպուրկ – Լիլ 2-1
Մոնաքօ – Ռենն 3-2
Օքսեռ – Սենթ Էթիեն 1-1
Լը Հաւր – Պրեսթ 0-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 47 (49-17)
2.- Մարսէյ 37 (40-21)
3.- Մոնաքօ 34 (32-22)
4.- Լիլ 32 (29-19)
5.- Նիս 30 (36-25)
6.- Լիոն 29 (29-22)

 

 

 

Նախորդը

Նակըլզման Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Յաջորդը

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռոլինկ Հաֆ-Մարաթոն 2025»` 23 Փետրուարին

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.