Իտալացի Եաննիք Սինըր, որ 10 յունիս 2024-էն ի վեր թիւ 1 թենիսմենն է, երէկ շահեցաւ իր ասպարէզի 2-րդ յաջորդական Աւստրալիոյ բաց թենիսի մրցաշարքը:
Անցեալ տարի իր ասպարէզի առաջին կրան շլեմի տիտղոսը շահած Սինըր (23 տարեկան) տիտղոսներու իր հաշիւը հասցուց 3-ի` զայն աւելցնելով «Եու. Էս. Օփըն»-ի 2024-ի տիտղոսին:
Սինըր երէկ 2 ժամ 45 վայրկեանի պէտք ունեցաւ պարտութեան մատնելու գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը (թիւ 2)` 6-3, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով: Զվերեւ անգամ մը եւս ձախողեցաւ շահիլ կրան շլեմի տիտղոս, նախապէս կորսնցնելէ ետք այդ առիթը 2020-ին («Եու. Էս. Օփըն») եւ 2024-ին («Ռոլան Կարոս»):
Աղջկանց աւարտականը անակնկալ արդիւնքով աւարտեցաւ, երբ 26 տարեկան թիւ 1 Արինա Սապալենքա պարտութիւն մը կրեց 29 տարեկան ամերիկացի Մետիսըն Քիզէն (թիւ 14)` 6-3, 2-6 եւ 7-5 արդիւնքով:
2 ժամ 4 վայրկեան տեւող այս մրցումին պիելոռուս Սապալենքա, ինչպէս նախորդ քանի մը մրցումներու ընթացքին, լաւապէս չէր կեդրոնացած մրցումին վրայ, ուր շատ անգամ դիւրին գնդակներ կորսնցուց:
Քիզ, որ իր ասպարէզի սկիզբը փայլուն ապագայ կը խոստանար, առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ շահիլ կրան շլեմի տիտղոս, շատ լաւ կայուն մրցումներու շարքէ մը ետք` դուրս ձգելով Էլինա Ռիպաքինան, Էլենա Սվիթոլինան, Իկա Շվիանթեքը եւ Սապալենքան:
Այժմ մարզիկները կը պատրաստուին 25 մայիսէն 8 յունիս տեղի ունենալիք յաջորդ կրան շլեմի մրցաշարքին` Ռոլան Կարոսին:


