Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

January 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 83-ամեակին առիթով լոյս տեսած «Ազդակ»-ի խմբագրականը` «Հաւատք ու կորով» խորագիրով, կ՛արտացոլացնէ ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ նուիրուելու դաշնակցական մարդու անբասիր հաւատքը եւ մաքառումի կամքն ու կորովը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, Պանք Օթոմանէն Խանասոր, Սասուն, Վան, Սարդարապատ ու Արցախ, իր մարտիկներու հերոսական խոյանքներով, նոր դարագլուխ բացաւ դարերու ստրկութեան մէջ հեծող հայութեան համար եւ պայծառ ապագայի նկատմամբ հաւատք ու կորով ներշնչեց հայ սերունդներուն:

Դաշնակցութիւնը նեղ իմաստով կուսակցութիւն կամ յեղափոխական շարժում չէ, այլ հայութեան ինքնութեան ու մշակոյթին հետ շաղախուած, մեր ազգի ձգտումներուն ու իրաւունքներուն անմնացորդ կերպով նուիրուած մարտական ու քաղաքական ուժ եւ ազգային մտածողութիւն:

Զքեզ Խրճիթ Մը Ծնաւ,
Հայ Վիշտը Քեզ Օրօրեց,
Այդ Վիշտին Չափ Եղար Մեծ

Հայ յեղափոխութեան տիտանեան դէմքերէն` Եփրեմի յիշատակին նուիրուած անմահն Վարուժանի այս տողերը առաւելագոյն չափով կը պատշաճին ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն Եփրեմ եւ ուրիշ հսկաներ կը պարտին իրենց մեծութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որուն 83-ամեակը կը տօնենք այսօր, իր տարերային ծնունդով, փայլակնացայտ գործունէութեամբ, յստակ գաղափարաբանութեամբ եւ վսեմ նպատակներով, եղաւ հարազատ արտայայտութիւնը այն արդար պահանջներուն, ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնուրոյն գոյութեան հրամայականներուն, որոնք դարերով փոթորկած էին հայութեան հոգին:

Ու այսօր, երբ ութսուներեք տարիներու ընթացքին կտրուած երկարաձիգ ճամբաներու առժամեայ ժամկէտէն ետ կը նայինք, մեր կազմակերպութեան ամբողջական գործունէութիւնը ընդգրկելու ճիգով մը, կը գտնուինք պատկերին առջեւ փառաւոր անցեալի մը, որուն մեծութիւնն ու հարստութիւնը` յեղափոխական, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային մարզերու մէջ, մեզ կը դնէ համապարփակ ակնարկ մը նետելու անկարելիութեան առջեւ:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը միայն յեղափոխական շարժում մը չէ: Եթէ այդպէս ըլլար, պիտի դատապարտուէր պատմութեան անցնելու այն օրէն սկսեալ, երբ այդ շարժումը զրկուեցաւ գործունէութեան իր հիմնական դաշտէն:

Չէ նաեւ միայն կուսակցութիւն մը, բառին նեղ իմաստով:

Այդ երկու տարրերը  պարփակելով հանդերձ, Դաշնակցութիւնը յեղափոխական, քաղաքական եւ գաղափարական այն ուժն է, որ խարիսխ նետած է մեծ ժողովուրդի առաքինութեանց ապառաժին վրայ եւ հրեղէն սիւնի մը պէս կը բարձրանայ հայ կեանքէն ներս, իբրեւ խտացումը այն բոլոր երազներուն, բաղձանքներուն եւ տենչերուն, որոնք, հակառակ դարերու խաւարին եւ դաժան պայմաններուն, ամուր մնացած են հայութեան հոգիին խորը:

Ութսուներեք տարիէ ի վեր, անշեղ եւ անզիջող, Դաշնակցութիւնը կը հանդիսանայ դրօշակիրը նուիրական պայքարի մը, որ հայ ժողովուրդը կը մղէ իր քաղաքական պահանջներուն եւ ազգային իրաւունքներուն իրագործման համար:

Դրօշակիր` ո՛չ փառքի համար, այլ ծառայութեան խորագոյն ըմբռնումով, անձնազոհութեան ամէնօրեայ պատրաստակամութեամբ, սրբազան դատի մը նուիրեալը ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ:

Հայ ժողովուրդը առաջին իսկ օրէն ա՛յս տեսած է իր հարազատին մէջ ու այդ համոզումով փարած է Դաշնակցութեան, իր ներկան ու ապագան վստահելով անոր անսակարկ հայրենասիրութեան եւ մշտարթուն պահակի բարձր գիտակցութեան:

Ժողովրդային այս վստահութիւնը այսօր եւս ուժ կու տայ Դաշնակցութեան քայլերուն, զայն կ՛ամրապնդէ այն պայքարին մէջ որ, տարբեր պայմաններու տակ եւ տարբեր զէնքերով ու միջոցներով, կը մղուի հայութեան գերագոյն նպատակին իրագործման համար:

Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ է ու կը մնայ այդ նպատակը իրագործելու իր ուխտին, զոր կը վերանորոգէ ամէն տարի, հաշուետուութեան այն պահուն, որ իր Օրն է, օրը գաղափարաշունչ երիտասարդութեան, օրը ազատատենչ հայութեան:

Այս հաւատարմութիւնը, որ ութսուն եւ աւելի տարիներու անդուլ պայքարով, քրտինքով ու արիւնով նուիրագործուած է, հաւատք ու կորով կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին:

Հաւատք` հանդէպ իր դարաւոր պայքարի բարեյաջող պսակումին:

Կորով` այդ պայքարին պահանջած անհուն զոհողութիւններուն համար:

Հաւատք ու կորով, որոնց ամէնէն աւելի պէտք ունինք այսօր, պէտք ունի հայութիւնը, անխոնջ ճամբորդը անմահութեան ճամբաներուն:

 

Նախորդը

Հայաստանի Քայլերգին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարուեցան, Իսկ Զանազան Կառոյցներու Անուններէն «Ազգային» Բառը Վերցուեցաւ

Յաջորդը

Թենիս. Սինըր Պահեց Իր Տիտղոսը. Քիզ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.