Արեւելեան շրջանէն Քլիվլենտ Քեվելիրզ տարեշրջանի իր 7-րդ պարտութիւնը կրած էր հինգշաբթի գիշեր, երբ 1 կէտի տարբերութեամբ պարտուեցաւ Հիւսթընի մէջ Ռոքեթցի դէմ մրցումին (109-88): Շաբաթ օր Քլիվլենտ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դաշտին վրայ 132-129 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ Տոնավըն Միչելի 37 կէտերուն: Երէկ անգամ մը եւս մրցակիցը Հիուսթընն էր, բայց այս անգամ Օհայոյի մէջ: Քլիվլենտ իր համակիրներուն ներկայութեան տեղի տուաւ Ռոքեթցի առջեւ` 135-131 արդիւնքով, հակառակ Տարիըս Կարլենտ – Տոնավըն Միչել զոյգին յաջող ելոյթին: Կարլենտ 39 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Միչել` 33 կէտ եւ 7 էսիսթ:
Սակայն այս բոլորը կարեւոր չէին, որովհետեւ Հիւսթընէն 6 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Ալփերեն Շենկիւն (26 կէտ), Էյմըն Թոմփսըն (23 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), Ճէյլըն Կրին (26 կէտ), Ֆրետ Վանվլիթ (20 կէտ), Սթիվըն Ատըմզ (14 կէտ) եւ Տիլըն Պրուքս (13 կէտ) եղան Հիւսթընի հերոսները, մինչ Քլիվլենտ կրեց տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը:
Անցեալ տարուան ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս 122-107 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Տալաս Մեւրիքսի վրայ, այս վերջինիս դաշտին վրայ` Թեքսասի մէջ:
Թէյթըմ – Ուայթ – Պրաուն եռեակը 24, 23 եւ 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սելթիքսի, մինչ Քայրի Ըրվինկ եղաւ Տալասի ամէնէն շատ կէտ նշանակողը` 22 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ Ճէյմս Հարտըն 40 կէտ նշանակեց եւ կատարեց 9 էսիսթ ի նպաստ Քլիփըրզի, որ 127-117 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Միլուոքի Պաքսի դէմ: Միլուոքիի աստղ Եաննիս Անթեթոքումփօ 36 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Տեմիըն Լիլըրտ 29 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով իրագործեց թրիփըլ տապըլ` ի նպաստ Պաքսի:
Լոս Անճելըսի աւելի հռչակաւոր Լէյքըրզ 118-108 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Անթոնի Տէյվիս 36 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ Լըպրոն Ճէյմս 25 կէտ եւ 12 էսիսթ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Ուորիըրզի աստղ Սթեֆ Քըրրի բաւական «լուռ» մրցում մը ունեցաւ 13 կէտով:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 132-129
Չարլոթ Հորնեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 97-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 139-126
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 98-136
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տենվըր Նակեթց 133-104
ԵՐԷԿ
Տալաս Մեւրիքս – Պոսթըն Սելթիքս 107-122
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ 97-106
Օրլանտօ Մեճիք – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 121-113
Չարլոթ Հորնեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-92
Աթլանթա Հոքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 94-117
Նիւ Եորք Նիքս – Սաքրամենթօ Քինկզ 143-120
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 131-135
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 125-103
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 97-109
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-118
Ֆինիքս Սանզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-109
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Միլուոքի Պաքս 127-117


