ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Նոյնիսկ եթէ մենք ամէն օր
Չենք տեսնուիր, լուռ ենք, մոլոր:
Նոյնիսկ եթէ սրտերը մեր
Սիրոյ երգը չեն տրոփեր:
Շրթները մեր պիտի մոռնան
Համբոյրները մեր խօլական:
Մատները մեր պիտի փնտռեն
Շոյանքները մեր անցեալէն:
Նոյնիսկ եթէ մենք այս գիշեր
Միասին չենք ու անտարբեր:
Աստղերը վառ մեր երկնքին
Փալփլուն են, կարօտագին:
Սիրոյ ուղին լուսնի լոյսին
Լուսաւոր է, բայց ամայի:
Երազները մեր սիրային
Ալ մոռցան մեզ ու բաժնեցին: