Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Անգամ Մը Եւս Կը Հասնի Հայութեան

January 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնէն լոկ երկու օր ետք Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներուն մէջ բռնկեցաւ ահռելի եւ բոլորովին նախատեսելի հրդեհ մը: Հրդեհներու շարանը սկսաւ արեւածագին, կարծես ամբողջական մաս մը ըլլար արեգակի բոցերուն: Մինչեւ օրս` 15 յունուարին, կը տեսնենք նոր հրդեհներ, որոնք մէկ կողմէ` կը մարին, իսկ միւս կողմէ` կը բազմանան եւ կ՛ընդարձակին:

Քալիֆորնիա նահանգը այս մէկ շաբթուան ընթացքին ականատես եղաւ ընդհանուր 30 հրդեհներու, որոնք կուլ տուին հեկտարներով տարածքներ եւ խլեցին տասնեակ զոհեր: Մինչեւ օրս 3 շրջաններ տակաւին կ՛այրին: Անոնցմէ երկուքը ունին աշխուժ հայահոծ կեդրոններ: Աղէտները ունին անուանումներ` «Փալիսէյծ», «Իթըն» եւ «Հըրսթ», որոնք յաջորդաբար կը գտնուին Մալիպուի, Փասատինայի եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի շրջաններուն մէջ: Ան, որ որոշ չափով ծանօթ է, կը հասկնայ, թէ այս շրջաններէն վերջին երկուքին մէջ որքա՜ն հայեր կը բնակին եւ կը գործեն:

Եւ այնպէս, ինչպէս նախօրօք փաստուած էր, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր անցած 134 տարիներուն ընթացքին,  կայ հայ ժողովուրդին հասնող մէկ գերագոյն կուսակցութիւն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Կուսակցութեանս անդամները եւ անոր երիտասարդութիւնը միակներն են, որոնք վերջ կու տան այդ անվերջ խօսակցութիւններուն, երբ ժողովուրդը գետնի վրայ գործ կը պահանջէ: Եւ երբ պէտք եղաւ լքել ընտանիք, տուն տեղ` հասնելու համար հայութեան եւ հայկական համայնքին պահանջներուն, երբ պէտք եղաւ ծառայել հայ ազգի զաւակներուն, տատիկներուն եւ պապիկներուն, գետնի վրայ միայն ներկայ էին Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տղաքն ու աղջիկները:

Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան էջերուն վրան կարելի է գտնել պաշտօնական թիւերը իրենց մատուցած օժանդակութիւններուն մասին: Այս սուրբ կազմակերպութիւնը օգնած է առաւել քան 600 տուժած ամերիկահայ ընտանիքներու` ապահովելով եւ բաշխելով աւելի քան 5 թոն նուիրատուութիւն` ջուր, ուտեստեղէն, կահ-կարասի եւ հագուստեղէն: Անոնք շրջեցան առաւել քան 80 ամերիկահայ տուներ` բաժնելով պահածոյ ճաշեր եւ շիշերով ջուր: Այս բոլորին կողքին, անոնք նոյնիսկ հասան հրշէջներուն եւ շտապ օգնութեան մասնագէտներուն` մատակարարելով ուտելիք ու փոխանցելով խանդավառութիւն:

Փա՛ռք եւ պատիւ մեր երիտասարդութեան: Անգամ մը եւս անոնք բոլորին փաստեցին, որ հայութեան միակ փրկութիւնը մեր երիտասարդութեան մէջ է: Մեր միակ փրկութիւնը Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան ընկերներ-ընկերուհիներուն ընդմէջէն է: Ուրեմն խօսքս կ՛ուղղեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք իրենք զիրենք կը փառաբանեն եւ կը պատուեն` ըսելով. «Այս դարուն երիտասարդութիւնը կորսուած է: Մեր ատեն տարբեր էր: Մեր ատեն կար յարգանք, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն: Այսօրուանները շեղած են»: Բոլոր անոնց կ՛ըսեմ` տեսէ՛ք, դիտեցէ՛ք ու վայելեցէ՛ք երիտասարդութեան ուժը: Տեսէ՛ք, որ անոնք ունին նոյն կրթութիւնը եւ մարզումը, զորս ունէիք դո՛ւք` ձեր օրերուն: Հասկցէ՛ք, որ փոխուած է միջոցը եւ ոչ` կամքն ու ամրակուռ հաւատքը: Ընդունեցէ՛ք, որ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական գաղափարը տակաւին կը գոյատեւեն եւ կը մաքառին աշխարհի խառնուրդին մէջ` հսկայական ալիքներուն դէմ, անոնց գլխուն վրայ կը ծածանի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վրէժխնդրութեան կարմի՛ր դրօշակը եւ գաղափարախօսութիւնը` անոր հիմնադիր սուրբ առաքեալներուն, որոնք կը կոչեն` «Մահ կամ ազատութիւն»:

Յունուար 15, 2025

Նախորդը

Կ՛ուզէի՞ր Այցելել Սառոյցէ Պալատ Մը

Յաջորդը

Ցեղասպանութիւնը Ժխտող Թուրքիոյ Լոպիիստը Պէտք Է Իր Վաստակած Գումարը Նուիրաբերէ Հայերուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.