Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրական Սկիզբ

January 23, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտակայքը լիբանանահայ դերձակ մը խանութ մը վարձած, իր մասնագիտութեամբ աշխատելով, իր ապրուստը կը հայթայթէ:

3 յունուար 2025-ի առաւօտեան, երբ աշխատանքի կ՛երթայի, տեսայ, որ Աբոն իր խանութն է` արդէն աշխատանքի վրայ: Դուռը բանալով` ներս մտայ… եւ ի՜նչ առինքնող զգացում. մէկ կողմէ խունկի անուշաբոյրը, միւս կողմէ` արաբերէն հոգեւոր շարականներ…

Զիրար շնորհաւորելէ եւ իրարու բարեմաղթանքներ կատարելէ ետք հրաժեշտ առի անկէ եւ շարունակեցի ճամբաս դէպի գրասենեակ: Ճամբուն վրայ, սակայն, սկսայ մտածել, թէ ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ շատ աբոներ չկան:

Սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան, նման երեւոյթներու յաճախ կարելի է հանդիպիլ: Մինչ Հայաստանի մէջ դժբախտաբար գրեթէ կարելի չէ նման երեւոյթի հանդիպիլ: Օրը սկսիլ հոգեւոր շարականներով, խունկի անուշաբոյրով` կը նշանակէ օրդ սկսիլ ներքին խաղաղութեամբ եւ բարձր ու դրական լիցքերով:

Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն կարելի չէ նման երեւոյթի հանդիպիլ, այլ, եթէ հանդիպիս իսկ, հազար ու մէկ ծաղրուծանակի կ՛ենթարկուիս, «հաւատացեալ» ածականի պարգեւին կ՛արժանանաս, անշուշտ` որպէս անարգանք: Մարդիկ այնքան նիւթականացած են, որ ամէն բան որ հոգեւորի կը տանի, կամ հոգեւոր կը բուրէ, կը ծաղրեն եւ կ՛արհամարհեն:

Շատեր կ՛ըսեն, որ հոգեւորը եւ նիւթականը իրարու պէտք չէ խառնել: Ուրիշներ կ՛ըսեն, թէ ամէն ինչ իր տեղը եւ ժամանակը պէտք է ունենայ: Իսկ ուրիշներ տարբեր պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերեն:

Յաճախ կը նկատեմ, որ խանութներու մուտքին կամ ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերու մէջ խաչ կախուած կ՛ըլլայ, եթէ վերի պատճառաբանութիւնները նկատի ունենաք, ապա ի՞նչ գործ ունին այդ խաչերը խանութներու պատերուն եւ ինքնաշարժներու եւ հանրակառքերուն մէջ: Միւս կողմէ, եթէ մեքենայաբար դրուած են ատոնք, որ յաճախ այդպէս է, ապա ի՞նչ իմաստ ունի այդ բոլորը:

Ամէն պարագայի, այլեւս փաստ է, որ ո՛չ միայն մեր ժողովուրդը, այլ ընդհանրապէս ողջ մարդկութիւնը սկսած է վերածուիլ արտաքինին ուշադրութիւն դարձնող` առանց կեդրոնանալու խորքին վրայ: Այլ խօսքով, այսօրուան մարդուն համար այնքան ալ կարեւոր չէ իր կրած կամ կախած խաչին ունեցած զօրութիւնը, որքան մարդոց կարծիքը իր մասին` տեսնելով իր կրած կամ կախած խաչը: Այսօրուան մարդը խորքային մօտեցում ունենալէ դադրած է եւ վերածուած է արտաքին երեւոյթներով առաջնորդուող արարածի մը, որուն համար միայն արտաքինն է կարեւոր, հոգ չէ թէ ներսը փճացած ըլլայ…

Այս բոլորին պատճառներէն մէկը այն է, որ մենք սխալ ըմբռնում ունինք հոգեւորի մասին: Վերը նշեցի հոգեւոր շարականներու պարագան եւ արձանագրեցի տարբեր մարդոց մօտեցումը այդ ուղղութեամբ: Այստեղ կ՛ուզեմ կեդրոնանալ աշխատանքի պարագային` նկատի ունենալով, որ այս մտորումներուն տուն տուող պատճառը Աբոյին խանութին վրաս ձգած տպաւորութիւնն էր:

Յաճախ կ՛ըսենք կամ կը լսենք, որ աշխատանքը աղօթք է: Կրնան ոմանք համաձայնիլ, ոմանք` ոչ: Ամէն մարդ ազատ է իր որդեգրած դիրքորոշումին մէջ: Աբոյին ըրածը վերը յիշուած խօսքին կենդանի վկայութիւնն էր: Ան առաւօտ կանուխ իր խանութը գալով, աղօթական մթնոլորտ մը ստեղծած էր` աշխատանքն ու հոգեւորը կապելով իրարու: Այստեղ իրարու հակասող ո՛չ մէկ բան կայ կամ կարելի է գտնել: Ընդհակառակը, այստեղ կայ դրական լիցքեր, աշխատելու տրամադրութիւն ստեղծող մթնոլորտ, որով աղօթական այդ մթնոլորտն ու աշխատանքը իրարու միանալով` ի՜նչ ըսես չեն կրնար ընել միասին:

Դարձեալ կը կրկնեմ, երանի՜ թէ աբոները շատնան Հայաստանի մէջ. այդ ձեւով թերեւս կը սկսին նուազիլ խաբեբայութիւնն ու կեղծիքը:

Երանի՜ թէ Աբոյին օրինակը վարակիչ դառնայ Հայաստանի մէջ, թերեւս մարդիկ սկսին աւելի խղճմտանքով վարուիլ իրենց հայրենակիցներուն հետ:

Երանի՜ թէ աբոները շատնան Հայաստանի մէջ, եւ մարդիկ սկսին գիտակցիլ, որ աշխատանք եւ աղօթք իրարու միացած` կրնան հրաշքներ գործել:

Երանի՜ թէ աբոները շատնան Հայաստանի մէջ, եւ մարդիկ սկսին գիտակցիլ, թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր առօրեային մէջ, ի՛նչ ոլորտի մէջ ալ ըլլանք, ո՛չ թէ ամօթի եւ նախատինքի առիթ է, ընդհակառակը, մեզի եւ մեր աշխատանքին ու շրջապատին համար օրհնութեան եւ առատութեան առիթ է:

Աղօթք եւ աշխատանք: Երկու ազնուացնող երեւոյթներ, որոնց երբ մարդ ճիշդ կերպով մօտենայ, ապա իր կեանքը տարբեր երանգ եւ իմաստ կը զգենու:

Թէ՛ աղօթքը եւ թէ՛ աշխատանքը ո՛չ միայն կ՛ազնուացնեն մարդուն հոգին ու միտքը, այլեւ կը մաքրեն մարդուն ներաշխարհը: Լեւ Թոլսթոյ այս մասին կ՛ըսէ. «Ոչինչ այնքան կ՛ազնուացնէ մարդը, որքան` աշխատանքը: Առանց աշխատանքի մարդ չի կրնար պահպանել իր արժանապատուութիւնը»: Իսկ Սուրբ Անտոն Անապատականը հետեւեալ խորհուրդը կու տայ. «Սիրէ՛ աշխատանքը, մարմնաւոր աշխատանքը սրտին մաքրութիւն կու տայ»:

Աշխատանքը չսիրող մարդը կամ աշխատիլ չուզող մարդը ինքն իր վրայ դժբախտութիւն կը բերէ եւ ինքզինք մեղքի գերի կը դարձնէ: Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը այսպէս կը գրէ. «Աշխատանքը սուրբ է եւ աւելին` սրբացուցիչ: Անաշխատ ընթացքը մարդու կեանքին` մոլութեանց դուռն է եւ չարիքներու հեշտ ճամբան, որովհետեւ կեանքը դատարկութիւն չի ճանչնար… Աշխատութիւնը այն է երկրին ու կեանքին համար, ինչ որ է հոգին` մարմնին: Հանեցէ՛ք հոգին մարդուն` մա՛հ է այնտեղ: Հանեցէ՛ք աշխատութիւնը կեանքէն` մեռելութի՛ւն է այնտեղ…»:

Երանի՜ թէ կարենանք աշխատանքն ու աղօթքը իրարու միացուցած ապրիլ մեր կեանքը, որպէսզի այս ծանր պայմաններուն մէջ կարենանք դիմանալ եւ շարունակել մեր ընթացքը` հասնելու համար խաղաղ նաւահանգիստ:

Չամչնանք աղօթքէն եւ աղօթական կեանքէն, առաւել եւս` մեր աշխատանքին մէջ չամչնանք աղօթելէ, ընդհակառակը, փորձենք մեր օրինակով վարակել մեր շրջապատը` վստահ ըլլալով, որ մի միայն բարիք պիտի գանձենք այդ բոլորէն:

Աղօթքով եւ աշխատանքով լեցուն տարի մը կը մաղթեմ բոլորին` յուսալով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարենայ աղօթքն ու աշխատանքը իրարու միախառնելով` իր խոնարհ լուման նետել մեր ազգին ու ժողովուրդին դարաւոր գանձանակին մէջ:

7 յունուար 2025

«Ժամանակ»

Նախորդը

Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ս. Պատարագ Եւ Մկրտութիւն. «Թող Մեր Մէկը Հազար Դառնայ…»

Յաջորդը

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի Հովուապետական Անդրանիկ Այցելութիւնը Պոլիս Եւ Վարդան Թ.Ծ.Վ. Գազանճեանի Պատրիարքական Կառավարիչի Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.