Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Մոսկուան Եւրոպական Միութեան Միանալու Հոլովոյթ Սկսելու Երեւանի Որոշումը Կը Դիտարկէ Իբրեւ ԵԱՏՄ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Սկիզբ»

January 22, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Եւրոպական Միութեան միանալու հոլովոյթ սկսելու Երեւանի որոշումը կը դիտարկէ իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) Հայաստանի դուրս գալու սկիզբ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Անոնք կ՛ըսեն, որ չեն ծրագրեր լքել ԵԱՏՄ-ն, սակայն ներկայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը ինչո՞վ առանձնայատուկ է: Երկար ժամանակ է, ինչ քննարկումներ տեղի կ՛ունենար անոր շուրջ, թէ Հայաստանը կը մտերմանայ Եւրոպական Միութեան հետ, սակայն 9 յունուար 2025-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, աջակցելով Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի մեկնարկը ազդարարող օրինագիծին, իրաւական առումով էական քայլ կատարած է: Այս է այս կացութեան առանձնայատկութիւնը:

«Ասիկա Հայաստանի կառավարութեան որոշումն էր, եւ մենք ատիկա կը նկատենք Հայաստանի ԵԱՏՄ-էն դուրս գալու սկիզբ: Հետագայ քայլերը կը մնան Հայաստանի կառավարութեան, կա՛մ կը պնդեն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան օրակարգին վրայ նման հարց չկայ, կա՛մ որ չեն ուզեր կամ չեն ծրագրեր լքել ԵԱՏՄ-ը, կա՛մ ալ կը գնահատեն, թէ ո՛ւր իրենց համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանայ կացութիւնը», ըսած է Օվերչուք:

Ան ընդգծած է. «Արդէն անցեալ տարի ռուսական կողմը նկատած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու շուրջ քննարկումներու ազդեցութեան տակ ռուսական առեւտուրի աւելի զգուշաւոր դարձած է Հայաստանի հետ տնտեսական կապերու հետագայ պահպանման եւ զարգացման հարցին մէջ»:

«Մենք տեսանք, որ շարք մը ոլորտներու մէջ առեւտուրի գործունէութիւնը սկսած է դադրիլ», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Նախորդը

Թրամփ. «Պիտի Փորձեմ Վերջ Տալ Ուքրանիոյ Պատերազմին»

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Լաւրով-Միրզոյեան Հանդիպում. «Արտաշրջանային Ուժերը Չեն Ուզեր, Որ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միջեւ Դաշնակցային Յարաբերութիւնները Ամրապնդուին» Կ՛ըսէ Լաւրով

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիս

January 23, 2026
Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Իշխանութիւնը Խաղաղութիւն Կոչուած Հնարքը Կը Ցանկայ Իրականացնել Այս Ընտրութիւններուն»

January 22, 2026
Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը
Հայկական

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.