Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերանորոգ Լիբանանի Սպասումով

Յունուար 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Տոնալտ Թրամփի կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի ստանձնումը իր վրայ հրաւիրեց բոլոր լուսարձակները: Նախագահ Թրամփ հռչակած ըլլալով «Ամերիկա ամէն բանէ առաջ» սկզբունքը, շատեր կը նախատեսէին, որ, ինչպէս քանիցս պատահած է անցեալին, Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնանայ ներքին հարցերու վրայ: Այդ նախատեսութեամբ, ընտրեալ նախագահը պահանջած է իր երդմնակալութեան նախօրեակին հապճեպ լուծումներ գտնել խճճուած այն տագնապներուն, որոնց արծարծման մէջ Ամերիկան ստանձնած է պատասխանատուութիւն եւ ունի պարտաւորութիւններ: Կազայի պատերազմ, Լիբանանի դէմ պատերազմ, Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւն, Իրանի հետ հակամարտութիւն, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմ, եւ այլ արտաքին տագնապներ ու հակամարտութիւններ պէտք է քննուէին Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն: Ընդամէնը քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Ամերիկայի պետական նախկին վարչութիւնը յաջողեցաւ փխրուն լուծումներ գտնել քանի մը հակամարտութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ: Միւսները կը սպասեն նախագահ Թրամփի որոշումներուն:

Լուծման ճամբան գտած տագնապներէն մէկն ալ կը վերաբերէր Լիբանանին: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադար հռչակուեցաւ, լիբանանեան խորհրդարանը յաջողեցաւ հանրապետութեան նախագահ ընտրել, վերջինը կրցաւ շուտով վարչապետ նշանակել ու կը սպասուի շուտով կառավարութեան կազմութեան:

Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան կարգախօսը ջուրի երեսին յայտնուեցաւ յանկարծ: «Լիբանան ամէն բանէ առաջ»-ի նմանող գաղափարներ սկսան շրջանառուիլ մեծ ու փոքր ղեկավարներու կողմէ, այնպիսի մարդոց կողմէ, որոնք տակաւին երէկ անդրդուելիօրէն պահանջներ կը դնէին:

Պայքարող բոլոր կողմերը յոգնած կը թուին ըլլալ եւ համոզուած, որ տագնապէն դուրս գալու համար հրամցուող լուծումները մերժելու գործընթացը սպառած է արդէն: Մութ փապուղիէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը համոզում դարձած էր գրեթէ բոլորին մօտ, ու ահաւասիկ, արուեստականօրէն յառաջացած առաջին իսկ առիթը օգտագործուեցաւ քակելու համար կծիկը:

Տարիներու վրայ երկարած տագնապներու շարանը յանգեցաւ լիբանանեան հասարակութեան մասնատման եւ պետական կառոյցներու ամլացման: Պետական գրեթէ բոլոր սպասարկութիւնները կը գործեն մասնակիօրէն միայն: Լիբանանցի քաղաքացին, միշտ ձեռներէց, կրցած է պետական հսկողութենէն անկախ կենսակերպ մը որդեգրել, որ սակայն անհեռանկար է  ու խաբուսիկ: Հասարակութեան կենսունակ տարրը, երիտասարդութիւնը մասնաւորաբար, աչքերը յարած է դէպի դուրս, երկիրը ղրկելով իր արտադրական ուժը վերանորոգելու կարելիութենէն:

Անհրաժեշտ է օգտուիլ այս բարեդէպ առիթէն: Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքները, բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքական հոսանքները, հասարակական ու այլ կազմակերպութիւնները պարտին մոռնալ ամէն տարակարծութիւն ու ամէն պահանջ ու լծուին պետութեան վերականգնումի աշխատանքին:

Մօտակայ օրերուն կազմուելիք կառավարութեան կը սպասէ աշխատանքի ընդարձակ ասպարէզ մը: Պետական պաշտօնէութեան ամբողջացում ու թարմանում, հանրային ծառայութիւններու աշխուժացում, ելեկտրականութեան, ջուրի, հաղորդակցութեան միջոցներու անխափան հայթայթում, ճամբաներու վերանորոգում, պատերազմի պատճառով քանդուած շէնքերու վերանորոգում կամ նորերու կառուցում, ընկերային ու առողջապահական ծառայութիւններու ապահովում, ապահովական կառոյցներու վերագործակցում, բանակի ամբողջացում եւ զինում ժամանակակից զրահներով. մէկ խօսքով` պետական ծառայութիւններու համապարփակ վերակառուցում: Տակաւին անհրաժեշտ են տարիներէ ի վեր հոլովուած, բայց բնաւ չիրագործուած ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները կատարել, լիբանանեան դրամը արժեւորել, աշխատաւորներու ու պաշտօնեաներու եկամուտները սրբագրել, անոնց օրինական իրաւունքները երաշխաւորել: Իրաւունքներու երաշխաւորման գործին մէջ մեծ է դերը դատական համակարգին, որ պէտք է դուրս բերուի ազդեցութիւններու մանուածապատ միջավայրէն եւ վերածուի անկախօրէն գործող, օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններէն անկախ իշխանութեան:

Այս բոլորը, ու տակաւին այլ խոստումներ հրապարակուեցան հանրապետութեան նախագահի երդմնակալութեան յաջորդած ուղերձին մէջ: Այդ ուղերձը պետութեան ամբողջական վերականգնումի ծրագիր մըն էր, որուն իրագործումը, ինչպէս նախագահը կը վստահեցնէ, Լիբանանը պիտի վերադարձնէ այն ժամանակներուն, երբ լիբանանցի ըլլալը հպարտառիթ էր: Սպասենք հին Լիբանանի շուտափոյթ վերադարձին:

 

 

Նախորդը

Տիտան Լեւոն Փաշա Շաղոյեան` Ազգային Պանթէոնը Կերտած Հսկաներէն

Յաջորդը

134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?