Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգին տապալումը առաջին հերթին նպաստեց Թուրքիոյ: Արաբական երկիրները, որոնք տակաւին նոր Սուրիան Արաբական լիկա վերընդունած էին եւ սկսած` Դամասկոսի մէջ իրենց դեսպանատուները վերաբանալ ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատել, իրենք զիրենք գտան անախորժ կացութեան մը առջեւ, երբ Թուրքիան իր վերահսկողութեան տակ առաւ Սուրիան:
Սուրիոյ զարգացումները մասնաւորաբար ահազանգ հնչեցուցին Ռիատի մէջ` նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիան սիւննի աշխարհի ղեկավարի դիրքէն գահընկէց ընելու Թուրքիոյ ախորժակը:
Բնական էր, որ ստեղծուած կացութեան մէջ Սուրիոյ, սէուտական տեսանկիւնէն դիտուած, «անկումէն» ետք Լիբանան եւս թրքական ազդեցութեան գօտիի վերածուի, քայլ մը, որ կը թուէր կարճ ժամանակի հարց ըլլալ, ինչ որ Լիբանանէն ինքզինք հեռու պահելու Ռիատի քաղաքականութեան լոյսին տակ, լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր մղեց անմիջապէս Անգարա այցելելու եւ նորօսմանական սուլթանին` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին օրհնութիւնը ստանալու:
Անոնցմէ էին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որոնք նաեւ Դամասկոս այցելելով` հանդիպում ունեցան Սուրիոյ մէջ Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելող նոր ղեկավար Ահմետ Շարհի հետ:
Միքաթի 18 դեկտեմբերին Էրտողանի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Լիբանանի նկատմամբ ձեր անձնական սէրն ու մեր սերտ անձնական յարաբերութիւնները գործակցութեան եւ օժանդակութեան բազմաթիւ դռներ պիտի բանան», աւելցնելով, որ` «Այսօր նաեւ յոյս կը կապենք ձեր դերակատարութեան եւ շրջանին ու աշխարհի մէջ Թուրքիոյ ազդու ներկայութեան վրայ, մասնաւորաբար` մեր աշխարհագրական շրջապատին մէջ քաղաքական արմատական փոփոխութիւններուն մէջ, մանաւանդ` Սուրիոյ մէջ»:
Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ մէկ օր ետք իր թուրք պաշտօնակից Ալփասլան Պայրաքտարի հետ գումարեց ժողով մը` քննարկելով Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ելեկտրական ցանցերը իրարու կապելու կարելիութիւնը: Բանակցութիւններուն ընթացքին թրքական կողմը հետաքրքրութիւն յայտնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ կազի հորատման աշխատանքներուն նկատմամբ: Ֆայեատ թրքական ընկերութիւնները հրաւիրեց ծանօթանալու լիբանանեան շուկային եւ մասնակցելու սպասուող նուազուրդին:
Քայլեր ու յայտարարութիւններ, որոնց գինը Միքաթին շատ չանցած վճարեց: Արդարեւ, Սուրիայէն հնչած ահազանգին իբրեւ արդիւնք` իր կամաւոր թմբիրէն սթափած Սէուտական Արաբիան շուտով վերաշխուժացուց Լիբանանի սիւննիներու հովանաւորի իր աւանդական եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ իր առանցքային ու ազդու դերակատարութիւնը` կանխարգիլելու համար սուրիական բեմագրութեան Լիբանանի մէջ կրկնութիւնը:
9 յունուարին, նախագահական աթոռի աւելի քան երկու տարի թափուր մնալէն ետք, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ կը վայելէր Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Ֆրանսայի եւ Եգիպտոսի զօրակցութիւնը:
Նախագահի ընտրութենէն ետք կարգը հասաւ սահմանադրութեամբ սիւննի համայնքին վերապահուած վարչապետի պաշտօնին համար թեկնածուի ճշդումին: Յունուար 13-ին Լիբանանի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցան վարչապետի առաջադրման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ, որոնց մեկնարկէն առաջ, Միքաթիի կողքին, հաւանական թեկնածու նկատուած երեսփոխան Մախզումի յանկարծ յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը` «փոփոխութեան հաւատացողներուն միջեւ» Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար:
«Կախարդական ցպիկ»-ը շարժած էր, եւ անոր ազդեցութեան տակ, նախապէս Նեժիպ Միքաթիի թեկնածութիւնը առաջադրելու փոխհասկացողութիւն գոյացուցած ուժերն իսկ առաջադրեցին Սալամի անունը: «Տիար» օրաթերթը 16 յունուարին գրեց, որ արաբ դիւանագէտ մը յայտնած է. «Սէուտական Արաբիան նեղացաւ վարչապետի պաշտօնին վրայ իր մնալը ամրագրելու համար Միքաթիի Անգարա այցելութենէն, որ կարծէք սիւննիական հեղինակութեան Սէուտական Արաբիայէն Էրտողանի ղեկավարութեամբ Թուրքիոյ անցած ըլլալու ճանաչում էր»:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին Նաուաֆ Սալամի յաղթանակի ուրուագծումէն անմիջապէս ետք «Լեպանոն Ֆայլզ» հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ընդունած է Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Մուրաթ Լիւթեմը: Ըստ երեւոյթին, վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու ընթացքը խանգարած էր Անգարայի հաշիւները, ուստի ան շտապած էր այցելելու գլխաւոր մեղաւորին ու անոր փոխանցելու թրքական կողմին դժգոհութիւնը:
Բարացուցական էր նաեւ վարչապետի նշանակման շուրջ խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններէն մէկ օր ետք` 14 յունուարին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի Թրիփոլի այցելութիւնն ու Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի հետ հանդիպիլն ու յայտարարելը, թէ թագաւորութիւնը մշտապէս կը կանգնի Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի կողքին: Ան նոյն օրը վերջին տարիներուն թրքական ազդեցութեան գօտիի վերածուած հիւսիսային Լիբանան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ այցելեց նաեւ Ալեւիներու իսլամական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատտուրի:
Յունուար 17-ին սէուտական «Օքազ» օրաթերթը գրեց. «Լիբանանին թիկունք կանգնելէն հրաժարիլը կրնայ անգամ մը եւս արտաքին ուժերուն անոր ներքին հարցերուն միջամտելու դուռ բանալ»: Օրաթերթը տողատակի կ՛ակնարկէր Իրանին, սակայն նաեւ` Թուրքիոյ, եւ այդպիսով կը յայտարարէր Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի մէջ աւանդական ազդեցիկ դերակատարութեան վերականգնումը:
Նոյն օրը Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ «զուգադիպութեամբ» բարձրացան գովազդի պաստառներ, որոնց վրայ պատկերուած էին Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ դրօշները եւ միայն մէկ բառ` «Շնորհակալութիւն»…