Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Միանալը «Թայթանիք»-ի Տոմս Գնելու Կը Նմանի»

January 13, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պէտք է ընտրութիւն կատարէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան միջեւ, այս երկու կազմակերպութիւնները «անհամատեղելի» են: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«ԵԱՏՄ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը անհամատեղելի են: Երկու միաւորներն ալ կ՛ենթադրեն մաքսային սահմաններու բացակայութիւն եւ ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժ: Անկարելի է պատկերացնել, որ այս երկու միաւորումները որեւէ պահու պիտի միաւորուին: Ուստի, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քննարկուող «Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթ սկսելու մասին» օրէնքի նախագիծը այս երկիրը կը դնէ ընտրութեան առջեւ:

«ԵԱՏՄ-ի հետ Երեւանի յարաբերութիւններու դադրեցման պարագային Հայաստանի մէջ պիտի բարձրանան ուժանիւթի եւ պարէնի գիները, իսկ հայկական ապրանքներու արտածումը պիտի կրճատուի 80 առ հարիւրով: Այսպիսով` սովորական մարդիկ պիտի կորսնցնեն եկամուտները, աշխատանքը եւ պիտի սկսին աւելի շատ վճարել ամէնէն անհրաժեշտ բաներուն համար: Փոխարէնը` անոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ստանան (եւրոպական երկիրներ) մուտքի արտօնութեան դրութիւն, իսկ Հայաստանը` բնակչութեան կորուստ: Այժմ հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութիւնը արտօնութիւն է, իսկ հաշուի առնելով Եւրոպական Միութեան դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները, Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը կարելի է համեմատել «Թայթանիք»-ի տոմս գնելուն հետ», նշած է Օվերչուք:

Ռուսիոյ փոխվարչապետին համաձայն, «եթէ այս օրինագիծը մշակողները ամբողջովին ազնիւ ըլլային թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին, թէ՛ ԵԱՏՄ-ի այլ երկիրներուն նկատմամբ, ապա կրնային անմիջապէս զայն լրացնել յօդուածով, ուր կ՛ըսուէր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս օրէնքի ուժի մէջ մտնելու պահէն կը դադրեցնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը: Իսկ եթէ այդպիսի հարց չի դրուիր, ուրեմն այդ օրինագիծի հեղինակները իրենք իրենց հաշիւ կու տան մեր միութենէն Հայաստանի դուրս գալու հետեւանքներուն մասին»:

Նախորդը

16 Զոհ Եւ 153 Հազար Տեղահանուած Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Պատճառով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.