Լիբանանի ֆութսալի աղջկանց ազգային խումբը շաբաթավերջին մեկնեցաւ Թայլենտ` պատրաստուելու յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն:
Մարզիչ Մարուն Խուրի ընտրած է 14 անդամներէ բաղկացած խումբ մը, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ այս մրցաշարքին:
14 մարզիկներուն կողքին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ բերդապահներու մարզիչ Սարգիս Էսքիճեան, որ ՀՄԸՄ-ի բերդապահը եղած էր երկար ժամանակ, ապա ֆութսալին միացած էր եւ այժմ մարզիչ է: Սարգիս Էսքիճեանի կողքին այլ հայ անդամ մըն ալ մաս կը կազմէ ազգային խումբի անձնակազմին` Սերժ Գույումճեան, որ խումբին ֆիզիքականի մարզիչն է:
Խումբին մաս կը կազմեն բերդապահներ Էլիթ Թաննուս եւ Փերլա Նասր, ինչպէս նաեւ Քրիսթինա Թիքլէ, Մարիա Մանսուր, Ռիուա Իզզէտտին, Սաշա Պու Սրէյհ, Ռայան Ռաշիտ, Ամալ Սալհա, Մարի-Թերեզ Թիքլէ, Լէա Խալիլ, Սոֆի Ֆայատ, Եարա Սրուր, Մալաք Հոթէյթ եւ Մարի-Ճօ Ուաքիմ:
Ազգային խումբը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 11 յունուարին, Պահրէյնի դէմ, ապա չորեքշաբթի` Պաղեստինի, ուրբաթ` Իրաքի եւ կիրակի` Թայլանտի դէմ, իսկ 20 յունուարին ազգային խումբը կը վերադառնայ Պէյրութ: