Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՏԷ-ն, հրապարակեց այս տարուան տղոց եւ աղջկանց դասաւորումները:
Տղոց ցանկին մէջ լաւագոյն 100-ին մաս կը կազմեն Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ` Շանթ Սարգսեան (66-րդ, 2660 կէտ) եւ Հայկ Մարտիրոսեան (85-րդ, 2645 կէտ): Շանթը տակաւին մօտ կը մնայ իր լաւագոյն կէտերու հաշիւին, երբ յուլիս 2022-ին 2661 կէտ ունէր, սակայն Հայկ նահանջած է: 2023-ի նոյեմբերին Հայկ ունէր 2708 կէտ:
Առաջին դիրքը կը գրաւէ նորվեկիացի Մակնուս Քալսըն 2831 կէտով, մինչ ամերիկացիներ Ֆապիանօ Քարուանա (2803) եւ Հիքարու Նաքամուրա (2802) կը յաջորդեն Քարլսընի` 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերուն վրայ:
Հետաքրքրական է, որ աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տի. 2777 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը իր ազգակից Արժուն Էրիկայսիի ետին (2801): Հնդիկ Կուքեշ անցեալ ամիս դարձած էր աշխարհի ախոյեան` յաղթելէ ետք չինացի Լիրեն Տինկի, որ 2734 կէտով կը գրաւէ 17-րդ դիրքը:
11-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լեւոն Արոնեան, որ Ամերիկան կը ներկայացնէ վերջերս: Արոնեան ունի 2747 կէտ: Այլ ամերիկահայ մը` Սամուէլ Սեւեան, 2692 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 38-րդ դիրքը:
Աղջկանց դասաւորման մէջ, Էլինա Դանիէլեան 47-րդ դիրքը կը գրաւէ 2398 կէտով, մինչ Լիլիթ Մկրտչեան 58-րդ դիրքը գրաւեց (2388), իսկ Աննա Սարգսեան` 80-րդ դիրքը (2358 կէտ):
Աղջկանց դասաւորման առաջին 4 դիրքերը կը գրաւեն Չինաստանէն ներկայացուցիչներ: Եիֆան Հու 2633 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ աշխարհի ախոյեան Ուենժուն Ժու 2-րդ դիրքը` 2561 կէտով: