Ուրբաթ գիշեր Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանէն յետաձգուած իր մրցումին, Ռէալ Մատրիտ շատ դժուար մրցում մը ունեցաւ Վալենսիայի դաշտին վրայ:
Վալենսիա առաջին կիսախաղին աւելի վտանգեց Քուրթուայի բերդը եւ 27-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ նշանակեց Հուկօ Տուրոյի շնորհիւ:
Բ. կիսախաղին, Ռէալ Մատրիտ աւելի լաւ սկսաւ եւ 53-րդ վայրկեանին փենալթի մըն ալ շահեցաւ Էմպափէի վրայ ֆաուլէ մը ետք: Ճուտ Պելինկհամ, որ տակաւին փենալթի չէր կորսնցուցած իր ասպարէզին ընթացքին, գնդակը դպցուց վալենսիայի բերդին աջ սիւնին… 60-րդ վայրկեանին Պերլինկհամի փոխանցումէն օգտուելով Քիլիան Էմպափէ նշանակեց Ռէալի հաւասարութեան կոլը: Իրաւարարը ՎԱՐ-էն լուր մը ստանալէ ետք ուղղուեցաւ դաշտի կեդրոն` դիտելու կացութիւնը, եւ նկատեց օֆ-սայտի դիրքէն օգտուելու դէպք մը` կոլի պատրաստութեան պահուն:
Արդիւնքը մնաց անփոփոխ 1-0 ի նպաստ Վալենսիայի: Դաշտին վրայ քիչ մը կոշտ խաղին եւ մարզիկներու իրար հանդէպ կոշտ վերաբերումի պատճառով Վալենսիայի բերդապահ Տիմիթրիեւսքի եւ Լուքաս Վասքես (Ռէալ Մատրիտ) ստացած դեղին քարտեր, մինչ Վենիսիուս Ճունիոր (Ռէալ) կարմիր քարտ ստացաւ 79-րդ վայրկեանին:
85-րդ վայրկեանին Պելինկհամի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Լուքա Մոտրիչ նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 95-րդ վայրկեանին անգլիացի Պելինկհամ Ռէալ Մատրիտը փրկեց` նշանակելով յաղթանակի կոլը, որ Ռէալը բարձրացուց առաջին դիրք:
Մոտրիչի կոլը զինք Ռէալի պատմութեան փայլուն տողերուն մէջ արձանագրեց` դառնալով ամէնէն տարեց ֆութպոլիստը, որ կոլ կը նշանակէ: Խրուաթ միջնապահը 39 տարեկան 116 օրական էր, երբ նշանակեց, մինչ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ֆերենց Փուշքաշի, որ 1966-ին 39 տարեկան 15 օրական հասակին նախկին մրցանիշը կը կրէր:
Մոտրիչի 561-րդ մրցումն էր Ռէալի շապիկով` զինք հաւասարեցնելով Միչելի եւ Փիրրիի` 10-րդ դիրքին վրայ: Ռաուլ Կոնզալես 741 մրցում կատարած է Ռէալի շապիկով եւ Ռէալի պատմութեան առաւելագոյն մրցումներ կատարած ֆութպոլիստներուն պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ:
«Հպարտ եմ, որ հասած եմ նման պատմական մարզիկներու մրցանիշներուն: Այսպիսի յաղթանակներ ցոյց կու տան, թէ մեր խումբը շատ լաւ բնաւորութիւն ունի եւ երբեք չի յանձնուիր: Թէեւ կանուխ է, բայց միշտ հաճելի է գրաւել առաջին դիրքը: Պելինկհամի հիանալի փոխանցումը աւելի դժուար էր, քան իմ նշանակած կոլը», ըսաւ Մոտրիչ:
Ռէալի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի ըսաւ. «Խումբը կրցաւ ամէն տեսակի դժուարութիւն յաղթահարել… կարմիր քարտէ, կորսուած փենալթիէ եւ չեղեալ նկատուած կոլէ ետք: Դժուար է բացատրել, թէ որքա՛ն վատ էինք առաջին կիսախաղին եւ որքա՛ն լաւ Բ. կիսախաղին: Այս բանը պէտք չէ կրկնուի… Ճիշդ է, որ 3 կէտ ձեռք ձգեցինք, սակայն առանց հաւասարակշռուած սարսափելի առաջին կիսախաղի, եւ երկրորդ գերազանց կիսախաղով` 10 մարզիկներով: Կը կարծեմ, որ իրաւարարը պէտք էր դեղին քարտով բաւականանար Վինիսիուսի հանդէպ: Պարզապէս հրեցին զիրար մրցակից բերդապահը եւ Վինին: Յոյսով, որ մեր բողոքը նկատի կ՛առնուի եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի անոր քարտը»:
– ԻՏԱԼԻՈՅ գերբաժակի աւարտականը իրար դէմ պիտի հանէ (այսօր) Միլանի երկու դրացի-թշնամիները` Ինթերը եւ Ա. Սէ. Միլանը:
Ա. Սէ. Միլան կիսաւարտականին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Եուվենթուսին:
Քենան Եըլտըզ նշանակեց Եուվենթուսի կոլը 21-րդ վայրկեանին, սակայն Միլան Բ. կիսախաղին շատ աւելի լաւ էր եւ 2 կոլեր նշանակեց 4 վայրկեաններու ընթացքին շնորհիւ Քրիսթիան Փուլիշիչի եւ Ֆետերիքօ Կաթթիի (սխալմամբ իր բերդին մէջ):
Նշենք, որ Ինթեր Միլան օր մը առաջ դուրս ձգած էր Աթալանթան (2-0): Այսօր գիշեր Ռիատի մէջ ժամը 21:00-ին, «Միլանի տերպի»-ն իրար դէմ պիտի հանէ երկու միլանեան խումբերը: