Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտովին Եւ Հոգեպէս Պատրաս՞տ Ենք Հաւաքական Աշխատանքի

Դեկտեմբեր 21, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հարկ կա՞յ արդեօք հաստատելու, որ լիբանանահայ գաղութը կը նահանջէ: Այս`  հակառակ իրենց կարելին ընող կարգ մը կառոյցներու ջանքերուն: Անհրաժեշտութիւն կա՞յ ապացուցելու ամէնուրեք յանկերգուող այս իրողութիւնը: Սփիւռքի «սիրտ»-ը որակուող գաղութը կը նահանջէ քանակով եւ  որակով: Նահանջը ակներեւ է բոլոր  մակարդակներու վրայ` ազգային, քաղաքական, կուսակցական, մշակութային,  ընկերային, մարզական, կրթական…

Նահանջը  ունի արտաքին` ակամայ,  եւ   ներքին` աններելի պատճառներ:

Ակաման կը վերաբերի Լիբանանի   քաղաքացիական պատերազմին եւ երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անորոշ կացութեան, որուն իբրեւ հետեւանք` հազարաւոր հայորդիներ ապահով ապաստարան փնտռեցին այլուր: Շատեր ակամայ մեկնեցան իրենց ծննդավայրէն…

Ներքինը մենք ենք. Մենք ենք, մեր սարերը…

Ներկայի կացութեան պատճառը միայն  արտագաղթը չէր անշուշտ: Աստիճանական  տեղատուութիւնն ու անտարբերութիւնը դժնդակ եւ մտահոգիչ կացութեան հասցուցած են համայնքը: Հաւաքական պայքարի հրամայականին առջեւ կը գտնուինք բոլորս, եթէ ուշացած չենք արդէն: Բայց իսկապէ՞ս մտահոգ ենք համայնքին ներկայով եւ ապագայով:

Պատրա՞ստ ենք քննարկելու, թէկուզ ուշացած, շինիչ երկխօսութեամբ եւ  ինքնաքննադատութեամբ բացայայտելու տեղքայլին իսկական պատճառները:  Պատրա՞ստ ենք ընդունելու  պատասխանատուութեան մեր բաժինը եւ   հաւաքական կամքով նոր առաջադրանքներ   ծրագրել ու փրկել կարելին: Մեզմէ շատեր  «կարելին ըրինք» պիտի  ըսեն եւ շարունակեն  թաց անձեռոցի մէջ պահել իրենց ձեռքերը: Ուրիշներ, անձնական դիրքերը պահպանելու մտահոգութենէն մղուած, արհեստական  արգելքներ պիտի հիւսեն իրենց կառուցած  «պատնէշ»-ներուն վրայ: Մինչեւ ե՞րբ, սակայն, այս անտարբերութիւնը: Բա՛ւ է այլեւս:

Մեր պոռոտախօսութեամբ, տգիտութեամբ, մեծամտութեամբ, հատուածամոլութեամբ, անմիաբանութեամբ, մենատիրութեամբ եւ մասամբ նորին  համայնքը հասցուցինք հոն,  ուր որ կը գտնուի այսօր… Պատճառ  դարձանք   զանգուածներու զզուանքին, հեռացումին, մեկուսացումին: Ունինք հիանալի երիտասարդութիւն, որ պատրաստ է արժանաւորապէս ստանձնելու մեր «անփոխարինելի» պարտականութիւնները:

Պէտք չէ խուսափինք իրականութենէն: Պէտք  չէ թաքցնել իրականութիւնը: Նօսրացող   համայնքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս, զանազան մակարդակներու վրայ  նահանջը մտահոգիչ չափանիշներու հասած է այլեւս:

Յանուն արդարութեան ըսենք, որ  բարեբախտաբար տակաւին ունինք հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ  թիավարող անհատներ, յամառ պայքարող կառոյցներ, սակայն դժբախտաբար անտարբերութեան ժխորին մէջ անլսելի կը մնայ անոնց ձայնը, որովհետեւ  աւատապետական, եսակեդրոն, ինքնագոհ, մենատիրական մշակոյթ մը տարածուած է մեր իրականութեան մէջ: Տողերս գրողը  երբեւիցէ նպատակ չունի ոեւէ մէկը    մեղադրելու: Պարզապէս ա՛յս է  տխուր իրականութիւնը: Մենք ալ անմասն չենք   իշխանութեան այս բուրգէն: Իւրաքանչիւրը ունի եւ ունինք մեր պատասխանատուութեան բաժինը: Սակայն այլեւս կարելի չէ անտեսել, աչքաթող ընել գրեթէ ամէնօրեայ անկումային   երեւոյթներն ու եղելութիւնները: Իսկապէս, ինչո՞ւ չենք փափաքիր փնտռել խորացող վիհին պատճառները, սթափելու միջոցները, կը կրկնեմ` հաւաքաբար, հեռու`  հատուածական, մենատիրական, աւատապետական ընկալումներէ:

Հայ  համայնքի իւրաքանչիւր անդամը  այսօր,   քաղաքական, գաղափարախօսական,  յարանուանական  ինչպիսի պատկանելիութիւն ալ ունենայ, կը գտնուի այս կացութեան դէմ յանդիման: Մեր մեծագոյն տագնապը այսօր   ղեկավարութեան սովն է: Ո՞ւր մնացին երէկի անաչառ, անձնուրաց, հեռատես, նուիրեալ,  համայնքին վստահութիւն ներշնչող, վստահելի մեր ղեկավարներուն  ժառանգորդները: Հազիւ մատի վրայ հաշուեն  նման արժանաւորներ: Մեր  երիտասարդութեան մէջ ունինք հրաշալի ներուժ: Առիթ պէտք է ընծայել երիտասարդութեան: Ազգային,  գաղափարական ճիշդ ուղիով պէտք է  դաստիարակել այսօրուան պատանին,  վաղուան գաղափարական երիտասարդը: Երիտասարդութիւնը պատրաստ է վերցնելու համայնքը վերականգնելու իրեն վստահուած  դերակատարութիւնը: Ճանապարհ բանանք երիտասարդութեան առջեւ: Պահպանելով մեր աւանդական կառոյցներուն գաղափարախօսական հիմունքները` նոր շունչով եւ ոգիով մկրտենք զանոնք:

Սակայն ո՞վ պիտի գլխաւորէ մեր բոլորին ուսերուն վրայ ծանրացող աշխատանքը:

Ուրկէ՞ սկսիլ վերականգնումի աշխատանքները: Քաղաքական կուսակցութիւննե՞րը, որոնք  չեն վարանիր հատուածական եւ մենատիրական նպատակներու զոհելու ազգային ամէն արժէք: Բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւննե՞րը, մարզական, մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւննե՞րը,   մուրացկանութեան տիպարի վերածուած մտաւորականութի՞ւնը: Ո՞վ ի վերջոյ:

Ճիշդ այս մտահոգութիւններէն մղուած`  անցնող տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսը յաջորդաբար երկու տարի «Սփիւռքի տարի» յայտարարեց: Պատգամներով, կոչերով, ելոյթներով,  հաւաքներով փորձեց ի մի բերել համայնքը ներկայացնող բոլոր ուժերը, կը կրկնեմ` բոլոր:  Սեւ-ճերմակի վրայ, կէտ առ կէտ օրակարգի վրայ  ներկայացուած էին համայնքը յուզող բազմաթիւ  մտահոգութիւններ: Սեղանի վրայ դրաւ սրտցաւ օրակարգեր, առաջարկեց սրտբաց  քննարկումներ: Եկան, լսեցին  ու  մեկնեցան: Անտարբերութիւն: Ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք:

Այս բոլորէն ետք կը մնանք լաւատես: Լիբանանահայ համայնքը տակաւին ունի սփիւռքի կորիզը մնալու բոլոր ենթատուեալները եւ բաղադրիչները: Կը մնայ  ազգային մտածողութեամբ ծրագրաւորել  եւ  հաւաքական կամքով պայքարիլ նահանջին դէմ, փրկել հնարաւոր կարելին:

Մտովին եւ հոգեպէս պատրա՞ստ ենք  հաւաքական աշխատանքին:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Դեկտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Գիրքի Ակնարկ` Դալար Շահինեանի «Անպետական. Հայերէն Լեզուի Քաղաքականութիւնը Աքսորի Մէջ» Գիրքին

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?