Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Կ՛արժէ Երեւանի Մօտ Հետաքրքրուիլ, Թէ Ինչպէ՛ս Կը Վերաբերի «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի Վերաբերեալ Յայտարարութիւններուն»

December 20, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մեկնաբանելով Պաքուի` այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի մասին յայտարարութեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան վերաբերմունքին առնչութեան հարցը, յայտնած է. «Կ՛արժէ Երեւանի մօտ հետաքրքրուիլ, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերի նման յայտարարութիւններուն»:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ դիրքորոշումը յայտնի է եւ ամրագրուած, մասնաւորաբար, եռակողմ համաձայնութիւններու մարդասիրական բաժինին մէջ:

«Մեր դիրքորոշումը կը հանդիսանայ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու տարրերէն մէկը` ատիկա մարդասիրական բաժինի քննարկումն է:  Անիկա կը ներառէ այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են` գաղթականներու իրաւունքներու ապահովումը, մշակութային, պատմական, կրօնական ժառանգութեան յուշարձաններու պահպանումը, անոնց անվտանգ եւ ազատ մուտքի ապահովումը, անհետ կորսուածներու որոնումը, ռազմագերիներու եւ պահուող անձերու փոխանակումը: Մենք բազմիցս նշած ենք մարդասիրական հարցերով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան վերականգնման կարեւորութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ան ընդգծած է, որ Մոսկուան իր կողմէ պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու:

Ան նաեւ յայտարարած է. «Ռուսիոյ քաղաքացի քաղաքագէտ Անդրանիկ Միհրանեանի Հայաստան մուտքի արգելքը կը նկատենք Երեւանի կողմէ բացարձակապէս ոչ բարեկամական քայլ»:

«Ասիկա կը հակասէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու դաշնակցային կարգավիճակին: Մենք անմիջապէս երկկողմանի դիւանագիտական ուղիներով կապ հաստատած ենք Երեւանի հետ` բացատրութիւններու համար: Նախապէս մենք բազմիցս մեր հայ գործընկերներուն կոչ ուղղած ենք` դադրեցնելու ինչ-ինչ պատճառներով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն չգոհացնող Ռուսիոյ քաղաքացիներու երկիր մուտք գործել արտօնութիւն չտալու արատաւոր գործելաոճը», ըսած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Կը Շարունակեմ Նախագահի Պաշտօնին Թեկնածու Մնալ Եւ Դրական Կ՛ընկալեմ Ներկայ Փուլին Պատշաճ Եղող Ոեւէ Անուն»

Յաջորդը

Աւստրալացի Երեսփոխանները Ազրպէյճանին Դիմած Են` Կոչ Ուղղելով Անյապաղ Ազատ Արձակելու Բակօ Սահակեանն Ու Դաւիթ Իշխանեանը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.