Ազրպէյճանի մէջ ռազմակայան ստեղծելու Թուրքիոյ մտացածին ծրագիրներուն մասին լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները քաղաքական շահարկումներ են: Այս մասին ռուսական պետական հեռարձակման «Վեսթի» ընկերութեան եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Եթէ կարճ` պէտք չէ: Եթէ քիչ մը ընդլայնեմ պատասխանս` հաշուի առնելով, որ մերթ ընդ մերթ նման տեղեկատուութիւն կը յայտնուի որոշակի լրատուամիջոցներու մէջ, ապա պէտք է ըսեմ, որ ատոր կարիքը չկայ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, այդ տեղեկատուութիւնը քաղաքական շահարկումներու բնոյթ կը կրէ:
«Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին «Շուշայի հռչակագիր»-ին մէջ կէտ կայ, որ կը նախատեսէ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային փոխադարձ զինուորական օգնութիւն: Ատիկա թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է` օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակումի: Ուստի հռչակագիրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մնայուն զինուորական ենթակառոյցներու ստեղծումը», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ յայտարարած է. «Պաքուն կ՛ողջունէ ռուսական ներդրումները Ղարաբաղի վերականգնման գործին մէջ եւ ուրախ պիտի ըլլայ շրջանին մէջ տեսնել Ռուսիայէն ընկերութիւններ»:
Անոր համաձայն, առաջին ներդրումային ծրագիրը կատարած է Թաթարիստանը:
«Ասիկա «ՔամԱԶ» սպասարկման կեդրոնն է Ջաբրայիլի (Ջրական, «Ա.») շրջանին մէջ, որ բացած ենք Թաթարիստանի ղեկավարն ու ես… Այսպիսով, մենք կը սպասենք ներդրումներու, եւ մենք ուրախ պիտի ըլլանք նաեւ կապալառուներու գալուն», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ բացայայտած է, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրի ո՛ր կէտերուն շուրջ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնութիւն չեն գոյացուցած:
«Փաստաթուղթի 17 կէտերէն 15-ը համաձայնեցուած են, մնացած է 2-ը, եւ Քազանի մէջ Փաշինեանի հետ իմ վերջին հանդիպումիս ժամանակ զգացի, որ Հայաստանը կրնայ ընդունիլ այդ 2 կէտը, այսինքն` մեր պայմանները: Կէտերէն մէկը իրարու դէմ միջազգային հայցեր չներկայացնելն է, իսկ միւսը` սահմանին վրայ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայելը», ըսած է Ալիեւ:
«Եւս երկու կէտ, որ հայկական կողմը պէտք է կատարէ. առաջինը` փոխէ Սահմանադրութիւնը, որովհետեւ սահմանադրութեան մէջ կը յիշատակուի Անկախութեան հռչակագիրը, որ իր կարգին տարածքային պահանջներ կը պարունակէ Ազրպէյճանի նկատմամբ: Այնտեղ նախկին «Լեռնային Ղարաբաղի» ինքնավար մարզը յայտարարուած է Հայաստանի մաս, ուստի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը մեր քմահաճոյքը չէ, անոնք առարկայական պայմաններ են», ըսած է Ալիեւ:
Ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը ստեղծուած է Ղարաբաղի հարցի լուծման համար, Ազրպէյճանի նախագահը ըսած է, որ եթէ Հայաստանը Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչցած է, ապա ինչի՞ համար պէտք է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը լուծարելու Հայաստանի դժկամութիւնը կը խօսի այն մասին, որ վրէժ լուծել ուզողներու ծրագիրները բաւական լուրջ են», ըսած է Ալիեւ:
Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանը պիտի չդիմանայ Ազրպէյճանի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին:
«Հակառակ անոր որ անոնք արեւմտեան զէնքերու մեծ մասը անվճար կը ստանան կամ ապառիկ, սակայն նոյնիսկ այս պարագային անոնք չեն դիմանար մեզի հետ սպառազինութիւններու մրցավազքին: Անոնք նաեւ պէտք է հասկնան, որ հակառակ Մաքրոնի վարչակարգին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաւելագոյն աջակցութեան, այստեղ` գետնի վրայ, եթէ մեր դէմ հերթական սադրանքը ծրագրեն, ոչ ոք անոնց պիտի օգնէ», ըսած է Ալիեւ:
«Յստակ է, թէ Հայաստանը ո՛ւր կ՛երթայ: Ան ՀԱՊԿ-էն տէ ֆաքթօ դուրս եկաւ: Մեր տեղեկութիւններով, միակ պատճառը, որ անոնք ՀԱՊԿ-էն տէ ժիւրէ դուրս չեն գար, այն է, որ անոնք տակաւին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արտօնութիւնը չեն ստացած: Արտօնութիւնը ստանալէ ետք անոնք դուրս պիտի գան», յայտնած է ան:
«Շուրջ 300.000 ազրպէյճանցի պաշտօնապէս դիմած է Հայաստանի ղեկավարութեան, որպէսզի իրենց վերադարձի, վերահամարկման համար պայմաններ ստեղծուին», նշեց Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով, որ խօսքը 1980-1990-ականներուն Հայաստանէն հեռացած ազրպէյճանցիներու մասին է:
«Անոնք վերադառնալու իրաւունք ունին: Հայաստանի ղեկավարութենէն տակաւին պատասխան չենք ստացած, թէ ազրպէյճանցիներուն իրենց պատմական հողեր վերադառնալու հոլովոյթը ինչպէ՛ս կը տեսնեն», ըսած է Ալիեւ:


