Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Հետ Հանդիպման Ընթացքին «Յեղափոխութիւնը Կը Սկսի 6 Մայիսին» Յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան

April 27, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ երիտասարդներուն հետ ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրի քննարկման ժամանակ յայտարարեց, որ երիտասարդները պէտք է ըլլան հայ ժողովուրդի ամէնէն աշխուժ ընկերային տարրը, այլ ոչ թէ ամէնէն կրաւորականը, ինչպէս այսօր է:

Ան այս կարծիքը յայտնեց, քանի որ բարեփոխումներու իրականացման, նոր քաղաքականութեան մասին կը խօսին որոշ «տարեց քեռիներ», որոնք աթոռներ կը գրաւեն կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ: «Մենք դժբախտաբար ականատես կ՛ըլլանք, որ տարբեր համալսարաններուն մէջ ուսանողական խորհուրդներու` փորիկները կլորցուցած, թուշերով, կուրծքերնին կլոր նշաններով տղաքը հարցերը կը լուծեմ արդէն ասպարէզային մակարդակի վրայ եւ արդէն գրաւած են բոլոր կամուրջները` երիտասարդութենէն դէպի իշխանութիւն: Բայց այդ կամուրջներու տէրը ազատ երիտասարդութիւնը պէտք է ըլլայ, ան պէտք է բանայ այդ կամուրջներն ու դռները եւ անոնցմով ապահովէ ազատ երթեւեկութիւնը», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

Դաշնակցական գործիչը ընդգծեց, որ երիտասարդութիւնը ամէնէն շատ կայանալու ձգտումը ունի, եւ ատիկա բնական է, որովհետեւ ան աւելի թարմ է, առողջութիւնը տեղն է, դրական թէ բացասական ցանկութիւնները բաւարարելու անհրաժեշտութիւն կայ, սակայն առողջ եւ կարող ուժերը իրենց «անտարբերութեամբ, տեղ մըն ալ չափազանց զգուշաւորութեան պատճառով» թոյլ կու տան, որ այդ «կլորիկ ժողովուրդը» իրենց ուղղորդէ:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, կլորիկը ֆիզիքական յատկանիշ չէ, այլ հոգեկան կլորիկութիւնն է: Ան նշեց, որ յեղափոխութիւնը կը սկսի 6 մայիսին: Ան շեշտեց, որ այդ յեղափոխութիւնը անպայման պիտի յաղթէ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը, բաղդատմամբ աւագ սերունդին յեղափոխութիւն բառը ճիշդ կը հասկնայ: Ան նաեւ աւելցուց, որ յեղափոխութիւնը փողոցին մէջ տեղի չ՛ունենար, այլ մարդկային հոգիին մէջ:

Իր կարգին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նախընտրական ծրագիրը մէկ կամ երկու ամսուան որոշ գաղափարներու համախումբ չէ, այլ` Դաշնակցութեան պատմութեան փորձառութեամբ անցած գաղափարներու ամբողջութիւն է:

Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է երիտասարդներու կուսակցութիւն: «122-ամեայ մեր քաղաքական ուժը երբեք չէ ծերացած, պիտի չծերանայ եւ տակաւին աւելի պիտի երիտասարդանայ, որովհետեւ մենք տակաւին պէտք է իրականացնենք մեր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի սուրբ գործը:

Կարեւոր նկատելով ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրի ամբողջական իրականացման համար երիտասարդներու քուէն, Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ այն խոչընդոտներուն, որոնք թոյլ չէին տար այս խորհրդարանին մէջ իրականացնելու ՀՅԴ-ի ծրագիրները: Ան նշեց, որ եթէ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին մէջ 27 պատգամաւորներ ունենար, ապա սահմանադրութեան համաձայն կարելի պիտի ըլլար ընդունուած շարք մը օրէնքները վիճարկել Սահմանադրական դատարանին մէջ: Դաշնակցական պատգամաւորը իբրեւ օրինակ տուաւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, որ կարելի չեղաւ սահմանադրական դատարան հասցնել` 27 պատգամաւորներու ստորագրութիւնը չկարենալ հաւաքելու պատճառով:  Ան աւելցուց, որ ասիկա այն պարագան էր, երբ նոյն քաղաքական մեծամասնութիւնը դէմ էր կառավարութեան գործունէութեան: «Բայց այնքան տղամարդկութիւն եւ այնքան վճռականութիւն չունէին, որպէսզի միանային, եւ մենք այդ հարցը վիճարկէինք Սահմանադրական դատարանին մէջ», շեշտեց Արծուիկ Մինասեան:

Ըստ դաշնակցական գործիչին, այս ընտրութիւնները նաեւ տղամարդու, տղամարդկային ուժի ընտրութիւններն են. խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլան ազգային կերպարով մարդիկ, որոնց համար հայ մարդը բարձրագոյն արժէք է, իսկ Հայաստանի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը` հիմնարար արժէք:

 

 

Նախորդը

Ասորիները Կը Մերժեն Պատրիարքական Աթոռները Թուրքիա Վերադարձնելու Թրքական Կառավարութեան Ջանքերը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Նախագահական Երկու Թեկնածուները Մասնակցեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչման

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։