Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Լաւ Չմշակուած Ծրագրի Ձախողումը Փորձում Են Բարդել Արցախցիների Վրայ». «Մենք Ենք, Մեր Սարերը» Կազմակերպութեան Անդամ Ն. Աղաբալեան
21 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն բռնի տեղահանուած անձերու իրաւունքներն ու ընկերային ներառումը» խորագիրով ֆորումը, որուն ընթացքին «Մենք ենք, մեր սարերը» կազմակերպութեան անդամ, արցախցի Նարինէ Աղաբալեան լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ ապրող արցախցիներուն դիմագրաւած տարբեր հարցերը:
«Հայաստանի կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ արցախցիներուն խնդիրներուն: Ան լաւ չմշակուած ծրագիրի ձախողութիւնը կը փորձէ բարդել արցախցիներուն վրայ` պատճառաբանելով, որ արցախցին չ՛ուզեր երթալ սահմանամերձ վայրերու մէջ բնակիլ, արցախցին չ՛ուզեր ընդունել Հայաստանի քաղաքացիութիւն, արցախցին չ՛ուզեր ծառայել Հայաստանի բանակին մէջ. այս մօտեցումը ոչ թէ կ՛առաջնորդէ այդ խնդիրներու լուծման, այլ աւելի կը խորացնէ այդ խնդիրները», դիտել տուաւ ան:
Աղաբալեանի համաձայն, ճգնաժամերը պէտք է օգտագործել նաեւ իբրեւ կարելիութիւն, եւ եթէ կայ մարդկային այսքան հոսք, ի հարկէ պէտք է մտածել նաեւ Հայաստանի «մեռնող» գիւղերը բնակեցնելու ու համայնքները ուժեղացնելու մասին: Բայց ատիկա պէտք է ընել ամբողջական ծրագիրներու միջոցով` կարելիութիւն տալով բոլոր այն անձերուն, որոնք կ՛ուզեն բնակիլ գիւղը, ոչ թէ մարդոց պարտադրել անորոշ պայմաններով երթալ սահմանամերձ համայնքներ` չիմանալով այդ տունը, ի վերջոյ, ի՞րն է, թէ՞ ոչ:
«Այսինքն անորոշութիւնը այնքան մեծ է, որ մարդիկ կը դժուարանան այդ ընտրութիւնը կատարել: Այսօր ալ բոլոր սահմանային համայնքներուն մէջ ապրող արցախցիներ կան, եւ պէտք չէ ներկայացնել այնպէս, թէ արցախցիները չեն ուզեր երթալ սահման: Կ՛երթան, եթէ գոյութիւն ունենան համապատասխան պայմաններ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով բնակարանի ապահովման ծրագիրէն օգտուելու համար Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու պարտադիր դրութեան` Նարինէ Աղաբալեան յայտնեց. «Մեր երազանքը հիմա մեզի կը հակադրեն. 1988 թուականին արցախեան շարժումը սկսաւ այն ձգտումով, որ պէտք է միանանք Հայաստանին եւ ունենանք Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Հիմա այդ խնդիրը այնպէս կը ներկայացնեն, որ մարդիկ արդէն ակամայ կը մտածեն` չէ, պէտք չէ ընդունիլ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Այսինքն մենք 35 տարի ապրած ենք այն գիտակցութեամբ, որ մեր անձնագիրին մէջ քաղաքացիութեան դիմաց գրուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն: Այս խնդիրն ալ կարելի էր շատ այլ մօտեցումով լուծել, ոչ թէ` հակադրել մեր երազանքին: Ասիկա շատերու համար հոգեբանական խնդիր է, երբ կ՛ըսեն` Արցախի Հանրապետութեան անձնագիրը պիտի յանձնես, կարծես թէ վերադարձի վերջին յոյսը կը մարեն մարդոց մէջ»:
Բնակարանի ապահովման ծրագիրի դիմագրաւած հարցերուն անդրադառնալով` ան նշեց, որ դրամատուները եւս շատ յաճախ կը մերժեն վարկեր տրամադրել արցախցիներուն:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Վերահաստատեց Միութեան Ամբողջական Աջակցութիւնը Արցախի Մեկուսի Շրջանին
Միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով Երեւան ժամանած ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները երեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2024-ին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցան ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի շրջանի վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ:
Արցախի վարչութեան հետ քննարկուեցան վտարանդի մասնաճիւղին անցնող մէկ տարուան աշխատանքները եւ դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները: Կեդրոնական վարչութիւնը այս առիթով անգամ մը եւս հաստատեց միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններուն ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի մեկուսի շրջանին եւ անոր ծրագիրներուն:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան հետ արծարծուեցան` միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի եւ ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները եւ հայրենի սկաուտութիւնը յուզող հարցեր: Հանդիպումին Կեդրոնական վարչութիւնը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց անցնող ամառ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպած բակային ճամբարներուն, որոնց մասնակցեցան 830 արցախցի երեխաներ: Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն տարածման ու զարգացման բազմազան ծրագիրներուն:
Արցախի Մէջ Ներկայիս Կը Պղծուի Եւ Կ՛ոչնչացուի Մեր Հազարամեայ Մշակոյթը. Արցախի Թեմի Առաջնորդին Ելոյթը` Հռոմի Մէջ
Հռոմի Սուրբ Թովմա Ագուինացիի անուան քահանայապետական համալսարանին մէջ նոյեմբեր 18-19-ին տեղի ունեցած է միջազգային համաժողով` նուիրուած Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան: Անիկա կը կրէր «Սրբազան հողեր, ընդհանուր տեսլական» խորագիրը («Sacred Grounds, Shared Vision»): Այս մասին յայտնեցին ՀԱՍԵ Արցախի թեմէն:
«Համաժողովը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան եւ Անգելիկումի էքիւմենիք հետազօտութիւններու ուսումնարանին կողմէ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ:
Համաժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, որ իր ողջոյնի խօսքը յղած է համաժողովի մասնակիցներուն:
Վրթանէս սրբազանը անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած պատերազմին եւ բռնի տեղահանութեան, որ խախտած է այն հազարամեայ ներդաշնակութիւնը, որ կը տիրէր տարածաշրջանին մէջ` արցախցիներու տեղաբնակութեամբ համաձայնեցուած:
Սրբազան հայրը ժողովականներուն ներկայացուցած է, որ ներկայիս կը պղծուի եւ կ`ոչնչացուի մեր հազարամեայ մշակոյթը, որ ստեղծուած է նուիրական հաւատքի եւ քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ, յիշեցնելով եւ կոչ ընելով, որ գիտական միտքը պիտի դառնայ գերիշխող` քաղաքական մտքի նկատմամբ, որպէսզի առարկայական արդարութիւնը տեսանելի ըլլայ:
Վրթանէս սրբազանը նաեւ կոչ ըրած է քրիստոնեայ աշխարհին` աղօթելու եւ գործելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման համար:
Ամփոփելով իր խօսքը` սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնած է համաժողովի կազմակերպիչներուն, մասնաւորաբար` արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանին, որմէ ետք կարդացած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ուղերձը:
Համաժողովին խօսք արտասանած է արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանը: Համաժողովին ներկայ հոգեւորականները կարդացած են կարտինալ Կուրտ Քոխի, կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի եւ կարտինալ Խոսէ Տոլենտինօ տէ Մենթոնսայի ողջոյնի խօսքերը:
Ելոյթով հանդէս եկած են Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ Արմինէ Ալեքսանեանը` «Հակամարտութեան գօտիներու մէջ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան դիւանագիտական եւ այլ միջոցներ. ի՞նչ կարելի է ընել զանոնք ընդլայնելու համար» նիւթով եւ փրոֆեսէօր, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, Համլեթ Պետրոսեանը` «Յուշարձաններու ներկայիս վիճակը Արցախում» նիւթով:
Հաղորդենք, որ համաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ շարք մը այլ փորձագէտներ` Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն»:
2025-ի Գարնան Արցախէն Տեղահանուածներուն Աջակցութիւնը Պիտի Նուազի
Յաջորդ տարուան գարնան Արցախէն տեղահանուածներու աջակցութիւնը պիտի նուազի եւ պիտի տրամադրուի միայն թիրախային խումբերու:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան կառավարութեան նիստին ընթացքին տուած զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ 2025 յունուար-մարտ ամիսներուն դրամական աջակցութիւնը պիտի ըլլայ 50 հազար դրամ եւ «40+10» ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ մարտ:
«Արդէն ապրիլէն մինչեւ յունիս աջակցութեան չափը պիտի նուազի եւ պիտի կազմէ 40 հազար դրամ, եւ զայն պիտի ստանան յստակ խումբեր` անչափահասները, կամ` 18 տարին լրացած, բայց բարձրագոյն կրթութիւն ստացող քաղաքացիները, 63 տարեկանէն բարձր տարիքի անձեր, կերակրող կորսնցուցածները եւ առաջին ու երկրորդ կարգի հաշմանդամները: Այսինքն այս ընկերային խումբերէն դուրս գտնուող միւս անձերը մարտէն այլեւս դրամական աջակցութիւն չեն ստանար: Արդէն յուլիսէն դեկտեմբեր ժամանակաշրջանին Արցախէն տեղահանուած յստակ թիրախային խումբերը պիտի ստանան ամսական 30 հազար դրամ աջակցութիւն», պարզաբանեց Մկրտչեան:
Ազգային Երիտասարդութիւն Ունենալու Հեռանկարով. Ամփոփուեցաւ «Ազգային Քաղաքական Դպրոց»-Ի 5-րդ Շրջափուլը
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուած «Ազգային-քաղաքական դպրոց» քաղաքական ուսումնառութեան ծրագիրը ամփոփեց 5-րդ շրջափուլը:
Տարբեր համալսարաններու մէջ ուսանող շուրջ 5 տասնեակ երիտասարդներ երկամսեայ ուսումնառութեան ընթացքին պաշարեցին զգալի գիտելիքներ` աշխատանքային քննարկումներու, լսարանային ու արտալսարանային հանդիպումներու, արտագնայ սեմինարներու եւ շատ կարեւոր բանախօսութիւններու շնորհիւ:
Ազրպէյճան Կործանած Է Արցախի Կովսական Շրջանի 19-րդ Դարու Տանձատափ Եկեղեցին
«Caucasus Heritage Watch» արբանեակային լուսանկարներ հրապարակած է` ահազանգ հնչեցնելով, որ Ազրպէյճան կործանած է Արցախի Կովսական շրջանի 19-րդ դարու Տանձատափ եկեղեցին:
Նոյն աղբիւրը կը գրէ. «Քանի որ միջազգային առաջնորդները Պաքուի մէջ կը մասնակցին ՔՈՓ-29 համաժողովին` ապագայի համար որոշումներ կայացնելու, անոնք նաեւ պէտք է Ազրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնեն` պաշտպանելու անցեալը, յատկապէս` իրենց տուներէն վտարուած արցախահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը»:
«Եուքոմ»-ի 5g Ցանցը Գործարկուեցաւ Հայաստանի 11 Նոր Քաղաքներու Մէջ
«Եուքոմ»-ը յայտարարեց 5G ցանցի գործարկման երկրորդ փուլի աւարտին մասին. այժմ նոր ցանցը կը գործէ` Ախթալա, Բերդ, Իջեւան, Մարալիկ, Մարտունի, Սեւան, Սիսիան, Տաշիր, Թումանեան, Ալավերդի եւ Ջերմուկ քաղաքներուն մէջ: Այսպիսով, ընկերութեան 5G ցանցը արդէն հասանելի է 20 մարզային քաղաքներու:
«Եուքոմ»-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ընկերութեան ենթակառուցուածքներու արդիականացումը վերջին տարուան առաջնահերթութիւններէն էր եւ պիտի շարունակէ այդպէս ըլլալ մօտիկ ապագային: Այս ծրագիրին նպատակը ընկերութեան բաժանորդներուն համար աւելի բարձր արագութիւն եւ յուսալի կապ ապահովելն է:
«Մենք արդէն մէկ տարի է, որ անդադար կ՛աշխատինք մեր ցանցը արդիականացնելու ուղղութեամբ, եւ շատ հպարտ ենք յայտարարելու, որ 11 քաղաքներու մէջ եւս 5G ցանցի գործարկման մասին: Այս մեծ ձեռքբերում է «Եուքոմ»-ի մասնագէտներուն համար եւ մեծ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ մեր բաժանորդներուն համար, որովհետեւ մեր ժամանակներուն մէջ որակեալ կապը կարեւոր հանգամանք է Հայաստանի մէջ թուային փոխակերպման եւ արհեստագիտական զարգացման համար: Մեր բաժանորդներուն կարիքները միշտ մեր ուշադրութեան կեդրոնին են, եւ կը խոստանանք, որ պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւններու որակը լաւացնել ամէն օր», այս առիթով ըսաւ «Եուքոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
Ազնաւուրի Մասին Պատմող «Monsieur Aznavour» Ժապաւէնին Հայաստանեան Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Նոյեմբեր 17-ին «Մոսկուա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Monsieur Aznavour»-ի հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը` ժապաւէնին ստեղծագործական կազմին մասնակցութեամբ: Ներկայ եղած են նաեւ Ազնաւուրի զաւակները` Քաթիա եւ Նիքոլա, որոնք յատկապէս ընդգծած են այս ժապաւէնին Հայաստանի մէջ ցուցադրութեան կարեւորութիւնը:
Քաթիա Ազնաւուր նշած է, որ հայրը վստահաբար պիտի սիրէր այս ժապաւէնը, իսկ Նիքոլա ըսած է, որ Թահար Ռահիմ լաւապէս կրցած է մարմնաւորել Ազնաւուրի կերպարը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ արդէն ժապաւէնը դիտողներուն թիւը անցած է մէկուկէս միլիոնը:
Պալէի Պատմութեան Նուիրուած Ցուցադրութիւն` Ազգային Գրադարանին Մէջ
Նոյեմբեր 19-ին Ազգային գրադարանի թամանեանական մեծ ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած է պալէի պատմութեան նուիրուած` նոյն գրադարանի եւ Արուեստի ռուսաստանեան պետական գրադարանի միացեալ ցուցադրութեան:
Գիրքերու եւ նոթաներու հրատարակութիւններով, թատերական ազդագրերով եւ լուսանկարներով ներկայացուած են Արամ Խաչատրեանի, Էդկար Յովհաննիսեանի, Գրիգոր Եղիազարեանի, Գրիգոր Հախինեանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ այլ երգահաններու ստեղծագործութիւնները: Այցելուներուն` առանձին բաժիններով հրամցուած են Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» եւ «Սպարտակ» պալէները, հայկական պալէի անուանի մենակատար Վիլեն Գալստեանի մասին գրականութիւն եւ լուսանկարներ:
«Ռուսական պալէի առաջին անունները» լուսանկարներու շարքը կը ներկայացնէ 1890-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը Արուեստի ռուսաստանեան պետական գրադարանի հազուագիւտ թատերական լուսանկարներու հաւաքածոն: Այս գրադարանը տէր է յետխորհրդային շրջանի ամէնէն հարուստ արուեստագիտական հաւաքածոյին` աւելի քան 2 միլիոն նմուշով:
Գրադարանի մշակութային ծրագրերու բաժնի վարիչ Եկատերինա Շումիանցեւա իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած է ռուսական պալէի պատմութիւնը եւ նշանաւոր դէմքերը` Աննա Փաւլոքա, Մայա Փլիսեցքայա, Վացլաւ Նիժինսքի, Եկատերինա Մաքսիմովա, Մարիուս Լիեպա եւ ուրիշներ: