Պաքու խարազանեց Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էտ Մարքին եւ Ֆրենք Փալոնը, որոնք ՔՈՓ 29-ի ծիրին մէջ, Ալիեւի վարչակազմը մեղադրեցին իրենց դէմ յարձակումներ եւ սադրանքներ կազմակերպելու մէջ:
Քոնկրեսական Փալոն պնդեց, որ եթէ չըլլար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան թիկնապահը, ինք կրնար հիւանդանոց հասնիլ:
Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, իբրեւ պատասխան, ամերիկացի օրէնսդիրները անուանեց «հայկական լոպիի գործիքներ» եւ «ստախօս» ու պնդեց, որ «Ազրպէյճանի մէջ շոու բեմադրելու անոր փորձը ձախողեցաւ»:
Հաճիեւի` «Էքս»-ի վրայ կատարուած գրառումէն կը բացայայտուի, որ քոնկրեսական Փալոն իջեւանած է պանդոկի մը մէջ, որուն պատուհանէն կ՛երեւի վիճայարոյց «ռազմաւարի պուրակը», ուր բացի հայկական բանակէն գրաւուած սպառազինութենէն, նուաստացուցիչ վիճակի մէջ պատկերուած են հայ զինուորները` բանտախուցի մը մէջ շղթայուած:
«Թերեւս ատիկա աստուածային հատուցում էր Ազրպէյճանի ժողովուրդին նկատմամբ տարիներ շարունակ իրականացուած անարդարութեան համար, որուն ան աջակցած է», գրած է Հաճիեւ:
Արձագանգելով Արցախի հայերու վերադարձի իրաւունքին մասին ամերիկացի օրէնսդիրներու յայտարարութեան` Հաճիեւ պնդեց, որ անոնք կա՛մ պէտք է Ազրպէյճանի քաղաքացիութիւն ընդունին, կա՛մ «ատիկա կրնայ տեղի ունենալ միայն փոխադարձաբար եւ Հայաստանէն վտարուած բնիկ ազրպէյճանցի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի ճանաչման զուգահեռ»:
Յիշեցնենք, որ Մարքի եւ Փալոն մաս կը կազմէին ՔՈՓ 29-ին մասնակցելու համար Ազրպէյճան այցելող ամերիկեան պատուիրակութեան: