Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Քառասունք… Կարպիս Ափրիկեանի

Նոյեմբեր 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Կարպիս Ափիկեանի մահուան քառասունքն է արդէն…

Քառասնօրեայ այս շրջանին պատահեցաւ, որ քանի մը անգամ «հոգւոց» կարդամ ողբացեալի հոգւոյն հանգիստին համար եւ մտածումիս առարկայ դառնայ պատուական այս երաժիշտին կատարողական արուեստի ճգնութիւնը, ուր կը դրսեւորէր խորունկ զգացողութիւն մը արուեստի ներգործութեան ուժի: Կը մտաբերէի իր համերգները, որոնք կ՛արժեւորէին քաղաքակրթութեան մը զօրութիւնը: Արուեստը ընդհանրապէս, այս պարագային` երգարուեստը մասնաւորապէս, ինչպէ՞ս հրաշագործեր է երբեմնի Հայաստան կոչուած բնաշխարհի լեռներն ու ձորերը, դաշտերն ու բլուրները, վանքերը, ժողովուրդի բարքերն ու աւանդութիւնները, կենցաղային սովորութիւնները… յաջողեր է ժամանակէն դուրս բերել զանոնք եւ անժամանակին մէջ տուեր է անոնց շունչ ու կերպարանք, որով հիւսուեր է հոգեղէն կտաւը սա բնաշխահին երգին թելերով:

Կործանե՞լ այս ազգը…

Փորձեցին… Հիմա՛ ալ կը փորձեն…

Թո՛ղ փորձեն` «Հորովե՜լ, հօ՛…», պիտի լսուի կեանքին ձայնը այս ժողովուրդին աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնէն, ամէն ժամանակ:

Կարպիս Ափրիկեան կը հաւատար, որ սփիւռք-հայութեան գոյութիւնը երաշխաւորուած է արուեստի ուժի կիրարկումով:

Իսկ եթէ կիրարկուէ՜ր հաւատքի զօրութիւնը… փրկախօսութեան ուղիով…

Պարբերաբար երբ կ՛երթայի Կարպիս Ափրիկեանի տունը երաժշտութիւն լսելու, կը խօսէինք նաեւ հաւատքէն, որովհետեւ իր ձայնագրութիւններուն մէջ լայն տեղ տուած է հոգեւոր երաժշտութեան: Ժօժօ Պօղոսեանի կատարողութեամբ «Խորհուրդ խորին»-ը, Սոնիա Նիկողոսեանի «Սիրտ իմ սասանի»-ն, ոտնլուայի երգերը, «Սուրբ, սուրբ»-ը, պատարագի երգերուն մեծ մասը հոգեզմայլ, բացառիկ մեկնաբանութիւններ են, նմանը` քիչ անգամ լսուած:

Կը խօսէինք նաեւ այսօրուան մեր հոգեւոր աղքատութենէն… Հետաքրքրուած էր անոնցմով, որոնք կ՛արտայայտէին իրենց հպարտութիւնը առաջին քրիստոնեայ պետութիւն եղած ըլլալու, որոնք պատմական այս եղելութիւնը կ՛արտասանէին գոց սորվուած ոտանաւորի մը պէս, նոյնիսկ` քաղաքական բարձր հարթակներու վրայ: Կը հասկնար այս հպարտութիւնը: Անհասկնալին իրեն համար ամբողջական լռութիւնն էր երկրի այսօրուան քրիստոնեայ հոգեվիճակին մասին:

Համարձակութիւն չունինք ներկայիս իսկապէս խոստովանելու, թէ ի՞նչ կ՛ընենք, ո՞ւր ենք ազգովին` որպէս առաջին քրիստոնեայ պետութիւն, քաւելու տեսակէտէն մեր մեղքերը, երբ կ՛ամչնանք խօսելու անգամ ապաշխարութեան շնորհէն, յանցանքներու թողութենէն, ո՞ւր է արժէքը այն ատեն այդ հպարտութեան, երբ մնացեր ենք ամէնէն անապաշխար ժողովուրդներէն մին քրիստոնեայ այսօրուան աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ:

Վերջապէս, կը խօսէինք Ֆրանսայի մեր եկեղեցւոյ կեանքէն: Կը գանգատէր Շաւարշ Միսաքեանէն, որ կը թելադրէ եղեր կուսակցականներուն չզբաղիլ երբեք եկեղեցւոյ բանկալի տաղտուկներով: Հակառակը կը մտածէր ինք: Իր մտքին մէջինը բանկալի տաղտուկը չէ եղած, այլ` ծխականին վարչական բաժինը:

Բախտը ունեցայ առաջնորդական տարիներուս ներկայ գտնուելու վերջին` հրաժեշտի համերգին եւ պարգեւատրելու զինք թեմի «Սուրբ Վարդան Մամիկոնեան» ոսկեձոյլ շքանշանով: Հոգեպէս բաւարարուած էի այս մեծարանքէն:

Այդ գիշեր յուզումի մեծ պահ մըն էր մաեսթրոյին համար` փոխանցել ճպոտը պարոն Հայկ Սարգիսեանին: Սիրահարէ մը բաժնուելու ցաւին պիտի հաւասարէր ճպոտէն այս բաժանումը: Բայց առիւծ մըն էր պարոն Կարպիս Ափրիկեան, ինչպէս պիտի ըսէր իր զաւակը` Կորիւն, յուղարկաւորութեան դամբանականին մէջ: Այդ ցաւին դիմացող մարդն էր ան:

Ուրիշ բախտ մըն ալ ունեցայ, որովհետեւ «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը երբեք օր մը իր կատարողութեամբ մասնակցած չէր Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագներուն: Դարձեալ առաջնորդական տարիներուս, առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով, Կարպիս Ափրիկեանի խմբավարութեամբ, «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը առիթը ունեցաւ մասնակցելու պատարագի երգեցողութեան եւ արձանագրելու իր տարեգրութեան մէջ յիշատակելի սրբազան այդ պահը:

Քաղցր յիշատակներու համեստ այս խօսքը թող համարուի որպէս սրտի պարտք` Կարպիս Ափրիկեան նուիրեալի մահուան քառասունքին առիթով:

Փարիզ, 21 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Յուշեր` Փափուկ Փուշերով

Յաջորդը

Նոր Սիսի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Վերամուտ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?