ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Նոյեմբեր 12-ին մօրս մահուան 27-րդ տարելիցն է: Այս յուշը անուշ-անուշ թող բուրէ իր նուիրական յիշատակին:
Ֆրանսերէն ալ պէտք է գիտնանք եղեր: Երեք լեզու չի բաւեր. իմ եւ այլոց պարագային` չորս, հայերէն, անգլերէն, արաբերէն, թրքերէն:
Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնութիւնը ուսումնական ծրագիրը բարելաւելու ժողովի ընթացքին որոշեր է աշակերտներուն «օգտակար գիտելիք»-ով մը եւս օժտել:
Վերամուտի առաջին շաբաթը, կէսօրուան ճաշէն ետք, երբ սովորաբար քիչ մը թմրած կը մտնենք դասարան, այդ օր ուզենք-չուզենք հինգ վայրկեանի մէջ սթափեցանք:
Դուռը բացուիլն ու իր գրասեղանին առջեւ կանգնիլը մէկ եղաւ: Ներկայացուց ինքզինք` որպէս մեսիէօ Ֆրանսուա: Յարգանքի համար ոտքի կանգնեցանք, արագ ակնարկ մը նետեց, ձեռքի տետրակներու խուրձը զարկաւ գրասեղանին, «Նստեցէ՛ք» ըսաւ, մատիտը հորիզոնական դրաւ ականջին: Նոր ուսուցիչներու ձեւը չորդեգրեց. մեր անունները գիտնալ փոյթը չէր:
Դէմքը խստօրէն խիստ, մարմինը խիստ շարժուն. ճիշդ բառը «շարժահար է». կարծես անտեսանելի բաներէ կը հարուածուէր, որ մարմինը անդադար հարաւ-հիւսիս կը տանէր: Ճշմարիտ կ՛ըսեմ` քիթը բերանը յայտնի չէր, միայն խոշոր, կոպը ծանր աչքեր` գոյնը նետած բիբերով: Ի՛նչ մեղքս պահեմ, կը կարծէի, թէ դէմքին վրայ լուացք փռուած է:
Ըստ երեւոյթին, կ՛ենթադրէր, թէ մենք ֆրանսերէնի որոշ չափով տեղեակ ենք, եւ ուրեմն մեզի մէկ էջնոց մեքենագրուած գրութիւններ կու տար, որ անշուշտ չէինք հասկնար, բայց յաջորդ դասապահին պէտք էր սահուն կարդայինք:
Մեզի «տըւուաղ» տալէն չհրաժարեցաւ. մեր վրայ ուշադրութիւն չդարձնելէն ալ չհրաժարեցաւ: Աչքերը երբ որ բանար, ընդոստ կ՛երթար ու տղու մը քով կը կայնէր. «Տղա՛յ, ինչո՞ւ չես բացած «քայիէ»-դ , ո՞ւր է «քայիէ»-դ, ծոյլ-ծոյլ նստեր ես»: Ի միջի այլոց, այսպիսի բառեր կը ցայտեցնէր, որպէսզի ականջնիս լեցուի: Իսկ «մէ զ՛ալող»-ները տեղատարափի պէս կ՛իջնէին այդ ժամուն:
Թէեւ իր տարօրինակութիւնը անօրինակ էր, սակայն կը մեղքնայինք իրեն: Եօթը զաւակ ունէր, կինը` իտալացի: Կ՛երեւի մաքարոն առատ-առատ եփեր է, մարդր գիրցեր է, բայց ճկունութիւնը տեղն է: Լեցուն տոպրակի պէս իր մարմնով այնպիսի արագութեամբ ընդարձակ դասարանին մէկ անկիւնէն միւսը կը հասնէր` կարծես կայծակ էր: Պէյսպոլ խաղացողներու պէս սրընթաց միւս կէտին պէտք էր հասնէր անյապաղ. թէ ոչ կը կորսնցնէր: Ի՞նչ:
Միտքս մնացած է հետեւեալ դրուագը: Հիմա Նիւ Ճըրզի կ՛ապրի Մարոն` կոկիկ, աշխատասէր, խանում-խաթուն կին մը, ժպտադէմ ու միշտ զարմացած նայուածքով: Պարմանուհիները երկչոտ կ՛ըլլային մեր օրերուն. համարձակները քիչ էին, բայց անա՜նկ հանած-վարած կ՛ըլլային:
Ուրեմն Մարոյին կարգն էր, որ կանգնէր ուսուցիչին գրասեղանին ճիշդ աջին: Դիմացի պատին նայելով` կը սպասէր հրահանգին: Կը վախնայինք իրեն նայելէ, պարոնը մատիտը գրասեղանին զարնելով` կարդա՛, ըսաւ: Կարդալիքը այն էջն է, որ տպած ու տուած էր մեզի: Երբ կը կարդար, յանկարծ պրն. Ֆրանսուան բարձրաձայն գոռաց. «Աղջի՜կ, «պութոն»-դ ո՞ւր է «պութո՜ն»-դ»: Աղջիկը իրար անցաւ. «Վուալա, «պութոն»-ը տեղը չէ, ո՞ւր ինկեր է», կը նայէր մեզի ու կը բարկանար: Մարոն կաս-կարմիր եղաւ, գետնին վրայ չգիտցած բանը փնտռել սկսաւ: «Պութոն»-ին ի՛նչ ըլլալը չէինք գիտեր: Մեր գիտցած պութոնը բշտիկ է: Ասի ուրիշ բան մը ըլլալու էր:
Դասապահը աւարտելէն ետք միայն հասկցանք, որ ամբողջ եղածը Մարոյին ճերմակ շապիկին է՛ն վերի ծակին կոճակը անհետացած էր:
Ամէն անգամ տետրակներ անութին տակ` փոթորիկ մըն էր, որ կը մտնէր դասարան. տետրակները մերը չէին: 45 վայրկեան տեւողութեան ընթացքին տեւաբար կը հալածուէր բանէ մը եւ, ուրեմն, ասոր-անոր գրասեղանին քով կը ցցուէր: Հարցը մօտ գալը չէր, միշտ յանդիմանական խօսք մը ունէր, կարծես իր զաւակներն էինք, որ առանց գիտնալու` սխալ մը գործած էինք: Կ՛երթար, տեղը կը նստէր, երբ որ յանկարծ դէմքը կաս-կարմիր կ՛ըլլար: Եթէ մեզմէ` գրեթէ անշարժ ոչխարներու պէս նստած աշակերտներէ ալ կը գանգատէր, ուրեմն կեանքին դէմ որքա՛ն բարկացած ըլլալու էր, թերեւս ապտակա՛ծ ալ էր կեանքին: Եթէ ընտանիքին մասին մտածէինք, պիտի զարմանայիք, թէ ո՛ղջ են տակաւին, տարիներու առօրեայ սարսափներէ, իրար ետեւէ արագ-արագ դարձող բառերու հնոցին մէջ:
Օր մըն ալ չեկա՛ւ: Կիսամեակը գրեթէ աւարտելու վրայ էր: Տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներու բացակայութեան, լուրերը հետզհետէ՛ հաղորդելու ձեւ մը որդեգրած էր: Օրինակ` անուշիկ ուսուցչուհի մը, նոյնպէս` ֆրանսերէնի դասատու, չերեւաց ու չերեւաց. օր մըն ալ լսեցինք, որ տունէն փախեր, գաղտնի ամուսնացեր, ուրիշ երկիր հաստատուեր է:
Իսկ մեր պարոն Ֆրանսուան, երբ նորէն ու նորէն բացակայեցաւ, պահը սերտողութեան տրամադրուեցաւ: Ի վերջոյ, օր մըն ալ տեղեկացուցին, որ սրտի տագնապ ունեցեր է: Մնացեալը չգիտցանք: Փոթորիկի պէս եկաւ, շանթահարեց ու անցաւ, եօթը զաւակով, եօթանասուն յանդիմանութիւններով, ոտքերուն մէջ զսպանակներով պարոն Ֆրանսուան: Յուսամ` զաւակներուն գլուխը մնաց:
Անոր դասապահը գրաւեց ուրիշ վաստակաւոր ուսուցիչ մը, ծեր էր խեղճը. «Գիրքը բացէք, կարդացէք, միայն կարդալով հայերէն կը սորվիք», կ՛ըսէր ու ինքը կը մրափէր: Իրաւունք ունէր, այդ տարիքին կէսօրուան ճաշէն ետք ծերերը քուն մը պէտք էր քաշէին:
Տնօրէնութիւնը անդրադարձաւ, կարգադրեց, որ արաբերէնի ուսուցիչը ստանձնէ այդ պահը: Անոր ալ կեանքին է՛ն մեծ նպատակը մեզի արաբերէն սորվեցնել էր: Երկար, նիհար, մեղմաբարոյ մարդ էր` յանցաւորի նայուածքով, գանգուր, բայց կոկիկ մազերով: Մէյ մը որ քերականութեան բացառութիւնները սկսէր թուել, մենք ալ կը սկսէինք մտածել, թէ մենք հայ ենք, Արաբերէն խօսիլ արդէն գիտենք, ինչո՞ւ գրական արաբերէնն ալ պիտի սորվինք, մանաւանդ` քերականական այդքան բարդ բացառութիւնները: Ֆայաըլ մատի նակըս` անցեալ կատարեալ անկատար. ո՞վ չյիշէր:
Ճիշդ չէ եզրակացնել, որ մեր ուսուցիչները թերութիւններ ունէին: Ո՛չ, չունէին: Կոչում եւ նուիրում ունէին (իրենք կը սիրէին «զոհողութիւն» բառը գործածել): Ըստ իրենց, մեր ծնողքը, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնը, ամէնքը զոհողութիւն կ՛ընէին մեզի համար: Սերո՛ւնդ պիտի դաստիարակէին, հայոց ապագան պիտի ապահովէին:
«Իմ պարտականութիւնս է ձեզ այնպէս դաստիարակել, որ հայ ազգին պատիւ բերող զաւակներ ըլլաք»: «Կեանքը պայքար է, որքան ուսեալ էք, այնքա՛ն կը յաղթէք»: «Ջանացէք Աստուծոյ ծառաներ ըլլալ»: «Մշակոյթի մշակներ»: «Հայոց լեզուի սպասարկուներ»: «Երբ մեծնաք, մեր ժողովուրդին տէր եղէք եւ ծառայ»: Ծառայեցէ՛ք, ծառայեցէ՛ք, ծառայեցէ՛ք… Լաւը այն էր, որ ծառայելու տեսակը մենք կրնայինք ընտրել:
«Մեր ժողովուրդը հինգ հազար տարիէ կ՛ապրի այս աշխարհի երեսին: Հպարտ եղէք մեր փառաւոր անցեալով»: «Հպարտ եղէք, որ գաղթական եկանք, այս ափերը ինկանք, հիմա տանուտէրի պէս ենք, երկիրը ճոխացուցինք»: «Արաբները հիւրընկալեցին մեզ, միւս ժողովուրդներուն պէս վերէն չնայեցան»: «Հպարտ ենք, որ քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ազգն ենք»: «Սիրելի՛ պատանիներ, լա՛ւ սորվեցէք մեր պատմութիւնը, որպէսզի հպարտ ըլլաք` մեր անցեալով, մեր լեզուով, մեր մշակութային կոթողներով, մեր ճարտարապետութեամբ, մեր մանրանկարչութեամբ»: «Հպարտացէք մայր հայրենիքով, աշխարհասփիւռ հայութեան նուաճումներով»: Հպարտ ըլլալու է՛ն քիչը տասը պատուիրաններ կային:
Մէջտեղը կար ջահ մըն ալ, որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին բարձր բռնուած` հասած է մեզի, հիմա մենք պէտք էր առնէինք ու քալէինք: Ջահը կը գործածուէր հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ հաւատքի համար:
Յետոյ կը հասնէր «Դուք ապագայի սիւներն էք»-ը: «Արժանի եղէք ձեր նախնիներուն»: «Այբուբենը հնարող Մեսրոպ Մաշտոց սուրբ մըն էր, իր շնորհիւ հայ ազգը փրկուեցաւ աշխարհի երեսէն անհետանալէ»: «Վարդանանց պատերազմին մենք յաղթեցինք, որովհետեւ պայքարեցանք` մեր ինքնութիւնը պահպանելու»: Չեմ հասկնար` ինչո՞ւ ըսին «ձեր սուրը եւ մեր պարանոցը», փոխանակ ըսելու` «ձեր սուրը եւ մեր սրասուր սուրը»: «Մենք ապրիլ քսանչորսը յաղթահարեցինք: Կորսնցուցինք, բայց չկորսուեցանք: Հիմա հողային պահանջներ ունինք. դո՛ւք պիտի ըլլաք` Հայկական հարցը առաջ մղողը, աշխարհին ծանօթացնողը, պաշտպան իրաւաբանները»:
Աշխարհահռչակ գիտնականներ, արուեստագէտներ ունեցած ենք: Վիկտոր Համբարձումեան, Արամ Խաչատուրեան: Այն օրերուն Շարլ Ազնաւուր չկար, Սերգէյ Մերկելեան կար: Ամէն գնով մեր հայրենիքին եւ մեզ հիւրընկալած երկրին պատիւ բերող հայեր պէտք էր ըլլայինք:
Ամէն տարի մեր հայ սքուլէն գոնէ երեսուն շրջանաւարտ կ՛ըլլայ: Միւս վարժարաններն ալ նկատի առնելով` տարեկան 300 երիտասարդներ: Տասը տարուան մէջ երեք հազար կ՛ընէ, զօրագունդ է. հայերը ճիշդ ուղղութեան մէջ են: Դեռ այս գումարը միայն Լիբանանի «վաղուան հայերն ու հպարտ ծառաները եւ ազգին պարծանքներն» են:
Ուր որ գացեր ենք, լոյս տարածեր ենք, հիմա մեր մթնած հողերուն համար արդարութի՛ւն կը պահանջենք:
Ծառայել, հպարտ զգալ, պահանջել: Ո՛չ միայն գոյատեւել, այլ` ստեղծագործել: Հայութիւնը եւ մարդկութիւնը բարձրացնող նուաճումներ կատարել: Փարիլ ո՛չ թէ փող ու փառքին, այլ` բարձրին ու բարիին:
Վերադառնալով մեր նիւթին` մեր դպրոցը ուսումնական առումով առաջնակարգ գիծի վրայ էր Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին հետ: Բոլոր ուսուցիչները համալսարանական համապատասխան տիտղոսներ ունէին: Պետական պըրըվէի կամ պաքալորէայի քննութիւններուն շատ բարձր միջին կ՛արձանագրէին աշակերտները: Յաջողութեան տոկոսը ինիսուն առ հարիւր էր: Ինչպէ՞ս չըլլար. այնքա՜ն տան պարտականութիւն կ՛ունենայինք, որ յաջողելու համար առտուան չորսին արթննալու եւ տակաւին դասեր պատրաստելու էինք:
Ի՜նչ Կաղանդի արձակուրդ. այլազան դասերու կողքին, անպայման քարտէս գծելու ներկել մըն ալ կար խոշոր խաւաքարտի մը վրայ` լիճեր, լեռներ, բամպակով ներկուած երկիրներ: Մե՜ծ քարտէս: Առաջինը Հայաստանի, միւսը` մնացեալ աշխարհի: Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Ափրիկէ, Ասիա: Վերը երկինք, վարը դժոխք, մէջտեղը` քարտէս: Անթարքթիքայի մասին մտածող չկար:
Անթարքթիքայի սառուցեալ մթնոլորտէն ճամբան շփոթած պաղ շունչ մը իսկ չկար մեր կեանքին մէջ. տաքուկ էր, տաքո՜ւկ: Ամէն ինչ դասաւորուած, կարգապահ: Ճիշդի եւ սխալի սահմանները` յստակ: Համբերատար` անկարգներու նկատմամբ: Յաճախ հրաւէր մըն ալ կը ստանայինք` «զգաստութեան հրաւէր»:
Բարձր բարոյականութեան նշաձողը պէտք էր վեհ մնար: Բարեխղճութիւն, բարեկամութիւն, բարեմասնութիւն, բարեխնամութիւն, բարեխնդութիւն. բարի բաներու զօրագունդ մը կ՛առաջնորդէր համայնքը` տունէն դպրոց, դպրոցէն եկեղեցի, եկեղեցիէն… ո՜չ ակումբ չէր կրնար ըլլալ, մեր դպրոցը արգիլած էր, որ տղաք արտադպրոցական ակումբներու մաս կազմէին: Խելքերնին դաս սորվելու պէտք էր տային: Կը զգուշանային, թէ կուսակցական հարց կրնար ծագիլ մատղաշ պատանիներու առօրեային մէջ: Դպրոցը դաշնակից էր անկուսակցական մնալու. ինչպէս որ կրօնականներ կան կուսակրօն (հայերէնին մէջ կոյս կը նշանակէ կողմ) նոյնպէս ՀԱՔ-ն ունէր ուսումնական կուսակրօնութիւն: Կամ ինչո՞ւ ոչ` կուսուսում:
Սուսուփուս չապրեցանք, չարաճճիութիւններ ըրինք, բայց ո՛չ մեզի ո՛չ ալ ուրիշին վնաս հասցուցինք: Եթէ ամէն առտու կանուխ եւ ամէն կիրակի պաշտամունքի երթաս, ի՞նչ կ՛ըլլաս: Այս մէկուն ալ ընթերցողը թող պատասխանէ: Ես շատ խօսեցայ:
***
Աս ալ պատմեմ, վերջին նախադասութեան պատճառով յիշեցի: Թալասի մէջ մեծ մօրս դասարանը աղջիկ մը կայ եղեր, մականունը` Խուպեսէրեան: Ուսուցիչը երբ անոր անունը պիտի տայ, կ՛ըսէ. «Խո՜ւպ, Խուպ, Խուպեսէրեան տէիէ վախտըմ եոխ» (Խուպեսէրեան ըսելու ժամանակ չունիմ):
2012-ին եօթանասուներկու ուխտագնացներ Արեւմտահայաստան գացեր էինք: Երբ Կեսարիա հասանք, բարեկամուհիս` Անի Խուպեսէրեանը, քոյրս` Սեւանը ու ես Թալաս այցելել ուզեցինք: Նախահայրերուս տունը գտայ, անկէ երեք տուն անդին մեծ մօրս ազգական Գալուստ Կիւլպէնկեանին ծնած ու ապրած տունն էր, կէսը կանգուն, կէսը` փլատակ:
Թեքեաններու երեք հարիւր տարուան տան մէջ կ՛ապրէր Կեսարիոյ շրջանի միակ հայը` Սարգիս Թեքեան:
Սարսափեցուցեր էր տեղւոյն կառավարիչը: Երբ Կեսարիոյ հայոց երկու եկեղեցիներէն մէկը հազիւ ռումբերով յաջողեր էին քանդել անաստուած թուրքերը, մեր Սարգիսը գացեր եւ ըսեր է կառավարիչին. «Եթէ միւս եկեղեցիին ալ դպնաս, քեզ սպաննողը ե՛ս պիտի ըլլամ»: Մարդը վախցեր է, որովհետեւ մեր Սարգիսը հերոսի համբաւ ունի: Հռչակաւոր տիպար մըն է, վեց տարի բանտ նստած է մարդ սպաննելուն համար: Գողը իր տունէն դրամը գողցեր է, մեր Սարգիսն ալ ետեւէն վազեր ու սպաններ է: Բայց հայ ըլլալուն` ուղղակի բանտ դրեր են զինք: Խեղճ մայրը ամէն օր բանտապահներուն ճաշ տարեր է, որպէսզի իր զաւակը չսպաննեն:
Մեր Սարգիսը տօնական օրերուն կը շրջի քաղաքը, բնակիչներուն մատաղ ընելիք ոչխարներուն վիզը կը կտրէ եղեր: Ձրի՛: Դրամ շատ ունի: Կ՛երեւի վիզ կտրելու հետ հաշտ է. առաւել, տեղացիները գիտեն` ի՛նչ քաջագործ, անվախ հերոսի համբաւ ունի: Ճիշդ այդպէս ալ կը քալէ, կարծես աշխարհը ի՛րն է: Ջղուտ եւ ինքնավստահ, կը պնդէ, որ կրամ մը իսկ իւղ չկայ իր մարմնին մէջ: Կաշիէ տաբատով, շապիկին կուրծքը բաց, վիզէն ոսկիէ հաստ շղթայ մը կախուած մեր Սարգիսն է ան: Հակառակ բազում հրաւէրներուն մինչեւ Ամերիկա եւ Ֆրանսա` բացարձակապէս մերժած է Թալասէն դուրս ելլել:
Եւ միայն իր ազգականներուն արտօնութիւն տուաւ տունը մտնելու. քոյրս ու ես մտանք, միւսները դուրսը մնացին: Անշուշտ կօշիկները պէտք էր հանել տուն մտնելէ առաջ: Արեւը այդ տան մէջ նստած էր արդէն: Բոլոր պատերը` սպիտակ: Տեսանք մեր մաքրամաքուր, բծախնդիր Սարգիսը, որ օրական չորս ժամ սպիտակ տան բոլոր առարկաներուն խախտած սանթիմները կարգի կը դնէ: Հսկայ պահարան մը բացաւ, վերմակներ` վրայ վրայի դիզուած. «Տեսէ՛ք,- ըսաւ, – ճիփճիշդ շարուած չե՞ն, մէկ հատը միւսէն մէկ սանթիմ աւելի երկար չէ»: Ամէն կողմ կաթնագոյն քրոշէ: Պատշգամը` թաղար-թաղար ծաղիկներ, ճերմակ ու վարդագոյն: Բայց իր մեծ սէրը հայոց եկեղեցին է:
Պարտէզին միւս ծայրը ընդարձակ մառան մը կար` առանց դուռի. միայն հո՛ն է, որ նախամայրերուս ներկայութիւնը զգացի: Դուրսը սպասողները մառան մտեր էին: Եօթը թալասցի Ամըրքայէն: Օհօ՜:
Բայց մեր Սարգիսը պատուական մարդ էր. տունը եկեղեցիին կտակեր է, որպէսզի իր մահէն ետք իբրեւ իջեւանատուն գործածուի ու եկեղեցիին հասոյթ ապահովուի:
Հայրս չկայ, որ պատմեմ իրեն, ոչ ալ` մեծ հայրս, որ յաճախ «Թալաս» կը կրկնէր ու կը յուզուէր «պիզիմ Թալաստա՜…» երջանկութեան նշոյլ մը հազիւ երեւցած` ընդհուպ կը մարէր: Նորէն կը յուզուէր «է՜յ աշխարհ» կ՛ըսէր, գլուխը կը կախէր: Իր անդրանիկ զաւակը, որ մէկ տարեկանին հետերնին առած` գաղթի ճամբան բռնած էին, ան ալ չկայ: Տեղահանուածները հեռացեր էին Թալասէն, Լիբանանէն, է՜յ աշխարհէն: Յուշերը` կարծր կամ կակուղ, կային: Անոնք ալ, իրենք ալ ներկայ էին, բայց չկայի՛ն: Ես ալ ձեզի պատմեցի:
Եթէ կը յիշէք «Խուպ, Խուպ, Խուպեսէրեան ըսելու ժամանակ չունիմ»-ն ալ կատարեցի:
Թալասի մէջ պիտի ըսէին` պիթտի-կէթտի:
Վերջացաւ գնաց:
Պրծա՜ւ:
Գնաց, բայց չաւարտեցաւ:
12 նոյեմբեր 2024