ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Պարոյր վարդապետ Շէրնէզեանի «Ունկն դիր, Տէ՛ր» գիրքը լոյս տեսաւ 2024-ին, Նիւ Եորքի մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի հովանաւորութեամբ եւ Րաֆֆի, Փըթրիշիա, Ճէյք եւ Սառա Քիւրեճեաններու մեկենասութեամբ, ի յիշատակ Յակոբ եւ Յովհաննէս Քիւրեճեաններուն: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօր` Գրիգոր Շէրնէզեանին եւ Կրէկ Պէքարեանին:
Յառաջաբանին մէջ Պարոյր վարդապետ կ՛ըսէ, որ կեանքը ուրախ, տխուր եւ բազմատեսակ զգացումներու ներդաշնակութիւն մըն է: Կ՛անցնինք այնպիսի դէպքերէ եւ կացութիւններէ, որոնց պատճառով չենք կրնար կայուն վիճակի մէջ մնալ: Աղօթքը կամ Աստուծոյ հետ խօսիլը մեզի կ՛օգնէ, որ որոշ չափով մենք մեզ գտնենք, խաղաղինք եւ կայունանանք մարդկային կարողութեան սահմաններուն մէջ, կը հաստատէ ան:
Աղօթքի մասին խօսելով` Պարոյր վարդապետ կ՛ըսէ, որ աղօթքը զԱստուած ապրելու եւ ինքզինք ճանչնալու առիթ է: Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ` աղօթող ըլլանք, թէ ոչ: Աստուած կ՛օրհնէ եւ Իր բարիքներուն արժանի կը դարձնէ բոլորս: Աղօթքը Աստուծոյ ներկայութիւնը, մեզ գիտակցութեան բերող միջոցն է: Աղօթքը ինքնաճանաչողութեան առիթ է:
Վարդապետը կը շեշտէ, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը առաւելաբար կը զգանք եկեղեցւոյ մէջ, սակայն Աստուած չի սահմանափակուիր որեւէ աշխարհագրական միջավայրի մէջ: Աստուած ամէնէն չսպասուած տեղն անգամ կրնայ ըլլալ եւ պէտք է Զինք փնտռել ամէն տեղ:
Աղօթքի աչքով պէտք է դիտենք մեր կեանքի ելեւէջները, որպէսզի դիւրին ըլլայ թէ՛ զանոնք ընդունիլը, թէ՛ հասկնալը, եւ թէ՛ մեր օգուտին ծառայեցնելը. այլ խօսքով, հասկնալ Աստուծոյ կամքը: Աղօթքը ինքնին բժշկութիւն, ինքզինք վերամշակել եւ մանաւանդ ինքզինք գտնել է, կը հաստատէ հեղինակը:
Պարոյր վարդապետի այս աշխատութիւնը, որ իբրեւ խորհրդանշական պտուղներու զամբիւղ դրուած է Աստուծոյ սուրբ սեղանին, բաղկացած է 216 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հարիւր աղօթք:
Գոհաբանական եւ աստուածային սիրոյ կարօտ աղօթքին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ. «Ո՛վ Տէր իմ, Յիսուս Փրկիչ, շնորհակալ ու գոհունակ սրտով փառք կու տամ քեզի, որ կորսուած ոչխարիս հանդէպ տակաւին ողորմած ես եւ զիս չես զրկեր քու օրհնութիւններէդ»:
ԶԱստուած փնտռելու վիճակին մէջ վարդապետը կ՛աղօթէ. «Կը նայիմ երկինքին, ո՛վ Ամենակալ Տէր, եւ կ՛ուզեմ Քեզ գտնել, խոկալ, ապրիլ ու զգալ Քու ներկայութիւնդ այս հանդիսաւոր ամպերուն մէջ: Կ՛ուզեմ լռեցնել աշխարհը, աղմուկն ու ժխորը, որպէսզի խաղաղութեան մէջ Քեզ գտնեմ»:
Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու փնտռտուքով հայր սուրբը կ՛աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, որքան սիրտս լեցուն է Քեզի հանդէպ եւ Քու տուած բոլոր բարիքներուդ եւ օրհնութիւններուդ համար, նոյնքան կը յուզուիմ ու կը տխրիմ, որ առօրեայիս մէջ Քեզ չեմ փնտռեր: Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի, որ Քեզ նկատեմ ամէն օր եւ ամէն տեղ»:
Ծառայելու իղձով վարդապետը կ՛ըսէ. «Տէ՛ր, այս կեանքիս մէջ չկայ աւելի անուշ բան, քան` ծառայել Քեզի: Ծառայել քեզի` մարդոց օգնութեան հասնելով, ծառայել Քեզի՛ քու խօսքդ տարածելով, ծառայել Քեզի՛ մարդը սիրելով, ծառայել Քեզի՛ տկարը զօրացնելով, ինքավստահութենէ զուրկը քաջալերերով, սխալի մէջ եղողը ուղղելով, հարազատի զգացում ունեցող կարօտեալին բարեկամ դառնալով, միշտ քննադատուած եւ ծաղրուած անձին ուժ եւ վստահութիւն ներշնչելով, մարդոց մասին բարին ու լաւը խօսելով, եւ Քու շնորհքիդ ճամբով, քու սիրոյ ներկայութիւնդ մարդոց կեանքին մէջ բերելով»:
Իւրաքանչիր օր արժեւորելով` հայր սուրբը կ՛աղօթէ. «Տէ՛ր, ամէն օր, առաւօտեան լոյսիդ հետ, Քու շնորհքներուդ եւ օրհնութիւններուդ արժանի կը դարձնես զիս, որպէսզի Քու փառքդ եւ լոյսդ տեսնեմ: Տէ՛ր, կ՛ուզեմ իւրաքանչիւր օրս ապրիլ այնպէս, ինչպէս պիտի ըլլար երկրաւոր կեանքիս վերջին օրը»:
Ճշմարտութիւնը ապրելու եւ ըսելու համար Պարոյր վարդապետ կ՛աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, փառք կը յայտնեմ Քեզի, որ աշխարհ եկար ոչ միայն ճշմարտութիւնը ուսուցանելու, այլեւ` ճշմարտութիւնը դառնալու: Տէ՛ր, սրտիս մէջ ամրացուր սէրս ճշմարտութեան հանդէպ: Ամրացուր ուժերս, որպէսզի ճշմարտութիւնը երկու ձեռքով եւ երկու աչքերով պահեմ ու պահպանեմ»:
Եկեղեցւոյ միութեան եւ միասնականութեան համար վարդապետը կ՛աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, փառք Քեզի եւ Քու թագաւորութեանդ, զոր սիրով հիմնեցիր այս երկրին վրայ, որպէսզի Քու յաղթական ներկայութիւնդ զգանք ու ապրինք: Տէ՛ր, աղօթքս կը բարձրացնեմ Քու եկեղեցիիդ միութեան եւ միասնականութեան համար: Թող Քու խօսքիդ քարոզութիւնը ճշմարտօրէն եւ անդադրում հնչուի աշխարհի բոլոր ծագերէն եւ Քու փառքդ ու շնորհքդ տարածուի ամէն տեղ»:
Պարոյր վարդապետ Շէրնէզեանի «Ունկն դիր, Տէ՛ր»-ը թող ըլլայ չարի, փորձութիւններու եւ մեղքի դէմ պայքարի ուղեցոյց մը, որով մեր հոգիները թող կապուին իրենց կեանքի աղբիւր Աստուծոյ: Սուրբ եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ, որ տիեզերքի մեծագոյն խորհուրդը եղած է ու կը մնայ աղօթքը եւ ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուի մարդ, միշտ պէտք է փառաբանել, գովաբանել եւ օրհնել զԱստուած: