Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ հաշուի չ՛առներ ուքրանական կարգաւորման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի խումբի անդամներուն նախաձեռնութիւնները, եւ կարգաւորումը կը պատրաստուի քննարկել միայն անձամբ Թրամփի հետ: Ուքրանիոյ նախագահը այս մասին նշած է ուքրանական ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ:
«Իւրաքանչիւր նախագահի միջավայրի մէջ կան տարբեր մարդիկ, որոնք կը կատարեն որոշակի առաջադրանքներ: Ես լրջօրէն պիտի վերաբերիմ միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ զրոյցին` ամենայն յարգանքով հանդերձ զինք շրջապատողներուն», ըսած է Զելենսքի:
Ան նաեւ կրկնած է, որ երկու կողմերու խումբերը պիտի աշխատին հանդիպման կազմակերպման վրայ` նշելով, որ Տանըլտ Թրամփ տակաւին չէ ստանձնած պաշտօնը եւ չի կրնար մասնակցիլ աշխարհաքաղաքական բոլոր հոլովոյթներուն: