Մայք Թայսընի վերադարձը բռնցքամարտի ռինկ վերջ գտաւ պարտութեամբ` Ճէյք Փոլի դէմ մրցումին:
Թեքսասի Արլինկթըն շրջանին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, 58 տարեկան Թայսըն արագ ձեւով սկսաւ եւ քանի մը հարուած տուաւ Փոլին, որ սակայն 8 ռաունտերու ընդհանուր հաշիւով հետզհետէ աւելի դիպուկ հարուածներ հասցուց Թայսընին, որ բնականաբար յառաջացած տարիքին պատճառով յոգնութեան նշաններ ցոյց տուաւ: Թայսըն 20 միլիոն տոլար վաստկեցաւ հակառակ պարտութեան, մինչ Փոլ գրեթէ կրկնապատիկը շահեցաւ:
Փոլ, որ իրաւարարներու 80-72, 79-73 եւ 79-73 արդիւնքով յաղթեց, ըսաւ. «Որոշած էի նաք-աութի չենթարկել Թայսընը: Ես կը ցանկայի համակիրներուն հետաքրքրական ելոյթ պարգեւել, բայց չէի ցանկար ցաւ պատճառել անոր»: Թայսըն յայտնեց, թէ պատրաստ է տակաւին մրցումներ կատարելու, նոյնիսկ մենամարտի հրաւիրած է Փոլի աւագ եղբայրը` Լոկընը: «Այրըն» (երկաթ) Մայք, պատմեց նաեւ, թէ ինչո՛ւ յաճախ կը խածնէր իր ձեռնոցները: «Ես սովորութիւն ունիմ մրցումի ժամանակ խածնել ձեռնոցներս»:
Փոլ-Թայսըն մրցումը նկատուեցաւ 2024-ի ամէնէն սպասուած մրցումը: