Ֆրանսայի ֆութպոլի տնտեսական կարգաւորող մարմինը վճիռ արձակած է Լիոնի ակումբին դէմ:
Կը հաղորդուի, որ եթէ ակումբը մինչեւ մայիս 2025 չվճարէ իր պարտքերը, ան պիտի տեղափոխուի Բ. դասակարգ: Նիւթական խնդիրներու պատճառով, Լիոնին նաեւ արգիլուած է նոր ֆութպոլիստներու ձեռքբերումը:
11 հանգրուաններէ ետք ակումբը 18 կէտ ձեռք ձգած է եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` «Լիկ 1»-ի դասաւորման մէջ:
1989-էն ի վեր Ա. դասակարգին մաս կազմող Լիոն 7 անգամ շահած է Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը` 2001-էն 2008-ի միջեւ, ինչպէս նաեւ 5 անգամ Ֆրանսայի բաժակը եւ 8 անգամ գերբաժակը: