«էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, երէկ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի 3 կէտերը` պազըր պիթըրին, պարտութեան մատնեցին Ֆինիքս Սանզը` 120-117 արդիւնքով:
Տեվըն Պուքըր 44 կէտ նշանակեց եւ ձեւով մը մոռցուցած էր Քեւըն Տիւրենթի բացակայութիւնը, սակայն վերջին մասին Մինեսոթա կրցաւ հասնիլ Ֆինիքսի, եւ վերջին երկվայրկեանին Ճուլիըս Ռենտըլի 3 կէտերը պատճառ դարձան, որ մրցումը հաւասար չաւարտի: Ասիկա Մինեսոթայի 8-րդ յաղթանակն էր այս տարեշրջանին իր 14-րդ մրցումին, մինչ Ֆինիքս կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը` 14-րդ մրցումին:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր դաշտին վրայ 128-114 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին` արձանագրելով իր յաջորդական 15-րդ յաղթանակը:
Տարիըս Կարլանտ 25 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց` ի նպաստ Քլիվլենտի, մինչ Լըմելօ Պոլ 31 կէտ եւ 12 Էսիսթ կատարեց Չարլոթի հաշուոյն:
Տալաս Մեւրիքս 121-119 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի դաշտէն: Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն 27 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, որ կը խաղար առանց Լուքա Տոնչիչի: Քայրի Ըրվինկ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 36 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ գրեթէ ամբողջ մրցումին ետ կը մնար Տալասէն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 116-105
Նիւ Եորք Նիքս – Պրուքլին Նեթց 114-104
Շիքակօ Պուլզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 107-143
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Տալաս Մեւրիքս 119-121
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Չարլոթ Հորնեթց 128-114
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 104-124
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տենվըր Նակեթց 105-90
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Աթլանթա Հոքս 114-110
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 119-110
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Ֆինիքս Սանզ 120-117