Ռուսիան եւ Իրանը Հարաւային Կովկասի մէջ տարբեր շահեր ունին: Այս մասին «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի` մանրամասնելով, «Մենք որոշ տարակարծութիւններ եւ որոշ հասարակաց շահեր ունինք: Ատիկա չի նշանակեր, որ մենք դաշնակից ենք»:
«Տագնապներով լեցուն Կովկասի մէջ Ռուսիան եւ Իրանը տարբեր տեսակէտներ ունին առեւտրական ճամբաներու եւ ազդեցութեան բաժանման հարցին մէջ», կը գրէ ամերիկեան օրաթերթը, մանրամասնելով` ատիկա արեւմտեան երկիրները անսովոր երկընտրանքի առջեւ կը դնէ:
Նշելով, որ շրջանի ապագային շուրջ լարուածութեան վերջին ալիքը Սիւնիքի շուրջ է, «Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ. «Այս պահուս այդ ճամբան առանցքային նշանակութիւն ունի իրանեան ապրանքները Պարսից ծոցէն Ռուսիա եւ Եւրոպա հասցնելու համար: Այստեղ է, որ Ռուսիան ու Ազրպէյճանը կ՛ուզեն դէպի Թուրքիա բանալ արեւելք-արեւմուտք ճամբան, որ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս պիտի ըլլայ: Հայերը մտավախութիւն ունին, որ Ազրպէյճանը այդ ճամբան ուժի կիրարկումով ձեռք պիտի ձգէ»:
«Մենք չենք կրնար ընդունիլ միջազգային սահմաններու փոփոխութիւն», ամերիկեան օրաթերթին տուած եզակի հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանը:
Մեհտի Սոպհանի միեւնոյն ժամանակ խուսափած է յստակացնել, թէ Թեհրանը ի՛նչ պիտի ընէ, եթէ Ազրպէյճան յարձակի:
«Ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ըսած է դեսպանը:


