Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը: Այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Նախագահ Ալիեւ նշած է, որ բարձր կը գնահատէ Շարլ Միշելի դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ: Ազրպէյճանի նախագահը ընդգծած է, որ ինքնին Միշելի միջնորդական առաքելութեան ընթացքին ձեւաւորուած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ընթացող բանակցութիւններու կառուցուածքը եւ օրակարգի առաւել կարեւոր ուղղութիւնները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը եւս անդրադարձած է այս հանդիպումին` «Էքս»-ի վրայ կատարուած գրառումով:
«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ անցած շաբաթ Պուտափեշթի մէջ կայացած քննարկումներէ ետք այսօր (Պաքուի մէջ) քննարկեցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ներկայ վիճակը», գրած է Միշել:


