«Մէկ տարի առաջ մենք ամբողջութեամբ վերականգնեցինք մեր ինքնավարութիւնը համապատասխան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային օրէնքին ու ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն, որոնք երեսուն տարի թուղթի վրայ մնացած էին», ՔՈՓ29-ի ղեկավարներու վեհաժողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Մենք անձամբ իրականացուցինք այդ բանաձեւերը: Վերականգնեցինք միջազգային օրէնքը, արդարութիւնը եւ վերջ տուինք հայկական բռնագրաւումին», ըսած է Ալիեւ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր կարգին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու մասին յայտարարած է. «Կան կարեւոր կէտեր, որոնց շուրջ պէտք է համաձայնիլ»:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ան աւելեցուցած է, որ մինչեւ այս տարեվերջ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը կախեալ է Հայաստանէն` նշելով, որ համաձայնագիրի նախագիծի հիմնական կէտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:
Պայրամով ընդգծած է, թէ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախաձեռնողը ազրպէյճանական կողմն է, իրենք վճռականօրէն տրամադրուած են բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու:
«Այս հոլովոյթը երկու կողմերէն կախեալ է», ըսած է Պայրամով:
«ՔՈՓ29-ին չմասնակցիլը անոնց համար կորսուած կարելիութիւն է», յայտարարած է Պայրամով:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, Հայաստանի քանի մը ներկայացուցիչներ արձանագրած էր խորհրդաժողովի համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան մէկ օր առաջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ տակաւին վերջնական որոշում չկայ` մասնակցի՞լ Պաքուի մէջ սկսած Կլիմայի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի վեհաժողովին, թէ՞ ոչ, եւ ի՞նչ մակարդակով:


