Հայաստանէն ու Ազրպէյճանէն ջրագէտներու եւ ճարտարապետներու խումբ մը կ՛աշխատի սահմանէն անցնող գետերու ջուրերու կառավարման միացեալ նախագիծի վրայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպի:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը աւելցուցած է, որ այս աշխատանքները կ՛ընթանան իրենց աջակցութեամբ:
Դեսպանին յայտարարութիւնը տարածուած է դեսպանատան կողմէ:


