Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (11). Զսպուածութեան Հրամայականը Եւ Ներքին Կայունութիւնը Պահպանելու Գրաւը

Նոյեմբեր 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մարդկութեան մէջ կարեկցութեան ու ազգային պատկանելիութեան զգացողութիւնը օրըստօրէ կը կորսուի, որովհետեւ մեքենացած աշխարհին մէջ մարդկայինը առաւել եւս կը փճանայ, ու ազգային հասկացողութիւնը կը չքանայ: Իսրայէլեան հրթիռային յարձակումներու վայրերէն տասնեակ քիլոմեթր անդին եւ գաղթականներու ապաստարաններէն քանի մը քիլոմեթր եւ երբեմն ալ քանի մը մեթր անդին Լիբանանի մէջ կեանքը կը շարունակուի անբնական պայմաններու ,բնականոնե վիճակի մէջ:

Հոն կեանքի ու մահուան կռիւ է, իսկ հոս` ճաշարանները լեփլեցուն են, ու քէֆի մթնոլորտը` համատարած: Հոն մանուկները փողոցներն են, անտուն են, շատեր քոյր-եղբայր կորսնցուցած են, ու կարգ մը երեխաներ նոյնիսկ թաղման չեն արժանացած, իսկ հոս ընկերային-հոգեբանական մասնագէտները կը թելադրեն հեռատեսիլի կայանները փոխել, որպէսզի փոքրիկները չտեսնեն իրականութիւնները ու հոգեկան խառն վիճակներ չունենան:

Պայթում, որոտում եւ հրավառութիւն… Շաբաթավերջին լսեցինք նոյնանման ձայներ, բայց առաջինը կը քանդէ, երկրորդը` ջրառատ անձրեւներու ազդանշանը կու տայ, իսկ երրորդը անտարբերութեան եւ մարդկային նուազագոյն զգացումի բացակայութեան ցուցանիշ:

Այո՛, կեանքը կը շարունակուի, մենք ալ հոն չենք, բայց հոս կարելի չէ փողոցները ,հաստատուածե գաղթականներու աչքերուն դիմաց հրավառութիւն կատարել` եւ անտարբեր մնալ: Պսակի արարողութիւնները պէտք է շարունակուին, սակայն այսօրուան պայմաններուն մէջ ծրագիրին մէջ կարելի է ,սահմանափակումներե կատարել` յարգելով մեր համաքաղաքացիներուն զգացումներն ու իրավիճակը:

Քիչեր պիտի սկսին վերստին մրմռալ ու ,նեղանալե, որովհետեւ վերստին զուգահեռներ պիտի կատարեմ, սակայն դժբախտաբար Լիբանան-Իսրայէլ եւ Արցախ-Ազրպէյճեան պատերազմներուն միջեւ կարելի է բազմաթիւ նմանութիւններ գտնել: Այսօրուան Լիբանանի ուրախ-տխուր, խաղաղ-պատերազմական, հայրենանուէր-հայրենաքանդ, մարտունակ-յանձնուող հակասութիւնները մենք տեսանք մօտիկ անցեալին մեր ներհայկական իրականութեան մէջ, երբ Շուշին կրակոցներու տակ էր, մինչ Երեւանի մէջ քաղաքացիները ճաշարանները կը վայելէին, Շուշին ,տժգոյնե կը գտնէին, փառատօներ կը կազմակերպէին, ու շատեր նոյնիսկ անհամբեր կը սպասէին Արցախէն ձերբազատելու սպասուած պահը:

Լիբանանի հայութիւնն ալ այս իմաստով պէտք է չափաւորութիւնը պահէ եւ այս փուլին հրաժարի ճաշկերոյթներ, պարահանդէսներ եւ հրապարակային տօնախմբութիւններ կազմակերպելէ: Քիչ մը անդին քաղաքներ ու գիւղեր ամբողջովին կ՛ոչնչանան, մեռելներն անգամ հանգիստ չունին, եւ պատերազմի զոհերէն շատեր անգերեզման են:

Ներկայիս իսրայէլեան հրթիռներուն չափ եւ աւելի վտանգաւոր է ներքին կայունութեան խախտումը, որ անսպասելի արիւնահեղութեան դուռ կրնայ բանալ: Առ այդ, բոլորին զսպուածութիւնը եւ չափաւորականութիւնը երաշխիքներ են ներքին անդորրութեան պահպանման:

Միայն փոքր եւ երբեմն աննշմարելի դէպք մը բաւարար է, որ շուտով բոցի վերածուի եւ արագօրէն տարածուի հարաւէն հիւսիս եւ արեւելքէն արեւմուտք, որովհետեւ եթէ Իսրայէլը չկարենայ դուրսէն` ցամաքէն Լիբանան ներխուժել, ապա պիտի փորձէ ,ներսէն դուրս ելլելե ու ,բերդը ներսէն գրաւելե…

Զգո՛ւշ ըլլանք, որպէսզի մեր քովէն ազդանշանը չտրուի: Յուսանք` երբե՛ք չտրուի:

4 նոյեմբեր 2024

Նախորդը

Լիբանան

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիք»-ի. Միականի Դատավարութիւն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?