Ուրուկուէյ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ անվտանգութեան յանձնախումբի մակարդակով աշխատանքի յառաջընթացը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթ եւ յարաբերութիւններու կարգաւորում» վերնագիրով հաղորդագրութեան մէջ:
«Ուրուկուէյ կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ սահմաններու սահմանազատման եւ անվտանգութեան յանձնախումբի մակարդակով աշխատանքի յառաջընթացը, որ կը ներառէ 1 նոյեմբեր 2024 թուականէն անոր ուժի մէջ մտնելը», կը նշեն Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութենէն` ընդգծելով համաձայնեցուած կարգաւորումները շարունակելու վերը նշուած սահմանազատումը, որ հիմնուած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի վրայ եւ կը համապատասխանէ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նաեւ աւելցուցած է, որ այս զարգացումները փոխադարձ վստահութեան կառուցման նոր նշան են եւ հիմնարար քայլեր են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վերջնական խաղաղութեան հասնելու նպատակին հասնելու համար, որ կայունութիւն, բարգաւաճում եւ կայուն զարգացում պիտի բերէ ամբողջ շրջանին:
ութիւնը, ազրպէյճանական զինուժը դուրս բերելու Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:


