Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաջ Յիշողութեան Աղբիւրը

Նոյեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդկութեան միջավայրը այնքան խճողուած է, որ ո՛չ ոք ժամանակ ունի` բաժանման գիծերը վերատեսութեան ենթարկելու, յարաբերութեան սահմաններ գծելու եւ զգուշաւորութիւն յանձն առնելու: Առօրեայ զբաղումը, կեանքի մէջ գոյատեւելու պայմանները իրենք իսկ արգելք են, որ մարդիկ ճշմարտութիւնը հետապնդեն եւ իրենց սովորական կեանքի զբաղումներէն շատ բան զոհելով` միայն ուրիշներուն կեանքով կամ առօրեայով զբաղին:

Կան ազնիւ բնաւորութեամբ մարդիկ, որոնցմէ շատերը ծնած վայրկեանէն իսկ ազնիւ եղած են նայուածքով, շարժումներով, ապա ծնողներուն կողմէ ազնուութեամբ դաստիարակուելով` բոլորին նկատմամբ ազնուութիւն ցուցաբերած են եւ` շատ քաղաքավարօրէն վարուած:

Բոլորին հետ զգուշաւորութեամբ վարուողները զգայուն արարածներ կ՛ըլլան: Անոնք շատ լաւ գիտեն թէ՛ քաղաքավարօրէն վարուիլ եւ թէ՛ ուրիշներու անքաղաքավար վերաբերումին ուշադրութիւն դարձնել: Բոլորս ալ գիտենք հրաւէր ստանալու պատիւը, կամ` նուազագոյն յարգանքը, զոր կը ցուցաբերեն մարդիկ: Սակայն կան անձեր, որոնք բոլոր մարդոցմէ հրաւիրուիլ կը սպասեն, եւ երբ լսեն, որ այս կամ այն ծանօթ անձին կազմակերպած հաւաքոյթին չեն հրաւիրուած, շա՜տ կը վիրաւորուին: Ազնիւ բնաւորութեամբ եւ մեր նկատմամբ միշտ յարգալից եղած անձերուն հետ մեր ունեցած կապերուն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել: Չմոռնանք ըսելու, որ որոշ անձեր լուռ կը տառապին: Դարձեալ չմոռնանք, որ եթէ սիրտը սէր կը պահանջէ եւ միտքը` յաջողութիւն, հոգին խաղաղութեան եւ լռութեան կողմնակից է միշտ:

Ընկերային կեանքի ընթացքին սխալ շրջապատի մէջ գտնուիլը արմատական վնաս մըն է, որովհետեւ երբեմն անարժէք անձ մը կը դառնաս քեզի շատ ծանօթ անձերու կողմէ: Շատեր յաջողած են փոխել իրենց միջավայրը եւ հեռանալ սովորական աշխատատեղիէն: Պատահած է, որ այդպիսի «արկածախնդիրներ» յաջողած են իրենց առաքելութեան մէջ` փրկուելով իրենց ամէնօրեայ հակառակորդներէն եւ նախանձող անձնաւորութիւններէն:

Անթերի եւ կեանքի ընթացքին անսխալական մարդու կարելի չէ հանդիպիլ: Բոլոր ապրողները սխալական են եւ մինչեւ իրենց մահուան ժամը հասնիլը` կրնան սխալ քայլի մը դիմել, կամ նոյնիսկ մէկու մը մասին սխալ արտայայտութիւն մը ունենալ:

Ճշմարտութեան խոստովանութիւնը միակ կացութիւնն է, երբ ճշմարտախօսը եւ ստախօսը անսահման տարածութեամբ հեռաւորութեան վրայ կը կանգնին: Մէկուն քաջութիւնը, իսկ միւսին վախկոտութիւնը պարիսպներ են, որոնք տարբեր բերդերու մէջ կը կանգնեցնեն զանոնք` դատարանին կողմէ հարցաքննութեան պահուն:  Սակայն ճշմարտախօսը միշտ ճշմարտութիւնը չի՛ յայտներ, որովհետեւ անիկա կրնայ վտանգաւոր կացութեան մէջ դնել այն զոհը, որ կրնայ դարձեալ յարձակման ենթարկուիլ` իր դրութիւնը ճշմարտախօս վկային յայտնած ըլլալուն համար: Այո՛, դատապարտեալը իր պատիժին կ՛արժանանայ, սակայն անոր հետեւորդները եւ հարազատները կրնան վրէժ լուծել եւ նոյնիսկ ճշմարտախօսը պատժել… Ուրեմն ճշմարտութիւնը յայտարարելը կախում ունի տուեալ հանգամանքներէն: Անիկա կրնայ նոր կռիւի առիթ հանդիսանալ եւ` վատ հետեւանքներու պատճառ:

Ճշմարտախօսութիւնը քաջութիւն է, երբ ճշմարտութիւնը կ՛ըսուի արդարութեան կամ բարոյականութեան հիման վրայ, առանց նկատի ունենալու այն դժուարութիւնը, որուն վնասները պիտի կրէ զայն բացայայտողը: Չմոռնանք նաեւ, որ ճշմարտախօսութիւնը զայն խօսողին վստահելիութիւնը կը բազմապատկէ: Ճշմարտախօսութիւնը նաեւ անկեղծ յարաբերութիւններու բանալին է: Անոր անմիջապէս կ՛ընկերանայ արդարութիւնը, որ այս աշխարհը հաւասարակշռող իրականութիւնն է: Հոն, ուր արդարութիւն չկայ, սուտը եւ կեղծիքը, խաբեբայութիւնն ու պատերազմի փոքր եւ տարածուն ձեւերը տարածքներ կը գրաւեն ու իրենց արքայական աթոռները կը տեղաւորեն:

Ճշմարտախօսութիւնը զայն խօսող անձին ինքնադաստիարակութեան նպաստող քայլ մը ունի: Յաճախ ճշմարտախօս ըլլալը անձին ներքին սխալները խոշորացոյցի տակ բերելու մտային ինքնազարգացման կը վերածուի: Ուրիշներու սխալները բացայայտելու աշխատանքէն բացի` սոյն ներքին «գործը» ինքնադաստիարակութեան սքանչելի առիթ մըն է: Երանի՜ անոր, որ միայն ուրիշներու սուտերը հրապարակելու աշխատանքին լծուած բարի ճշմարտախօս մը չէ, այլ` իր ներքին սխալներուն համար եւս ինքնասրբագրման ճիգ թափող ճշմարտախօս մը:

Ճշմարտախօսութիւնը կրնայ զգացումներու վնաս յառաջացնել: «Ինչո՞ւ յայտնեցի», «ինչո՞ւ պախարակեցի», «ինչո՞ւ իմ վկայութեամբ բանտ ուղարկեցի զինք». ահաւասիկ` միայն քանի մը հարցումներ, որոնք կրնան նոյնիսկ հոգեկան ցաւ եւ անքնութիւն պատճառել ճշմարտախօս անձին: Նոյն անձը կրնայ նաեւ նոյն տագնապին միւս երեսը կրել, երբ ճշմարտութիւնը իմանալով հանդերձ, չի հրապարակեր զայն… Ճշմարտութիւնը չյայտարարելը կրնայ պահպանել «խաղաղութիւնը»: Ամբողջական չէ յիշուած այս «խաղաղութեան» խաղաղութիւն ըլլալը, որովհետեւ լռութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ նոր վայրէջքներու, կամ նոր վնասներու, որոնք անմեղ անձերը պիտի կրեն ընկերութեան կեանքին մէջ:

Ճշմարտախօսութիւնը շատ օգտակար է, սակայն զայն ի գործ դնողը պէտք է իմաստութեամբ շարժի` ամէնէն նուրբ մօտեցումը ցուցաբերելով իր պաշտպանեալին եւ ընդհանրապէս ընդհանուր կացութեան նկատմամբ: Որքան ալ բացայայտած ըլլայ ճշմարտութիւնը, անիկա պէտք է պահպանէ գործին հետեւողականութիւնը: Տեսնուած են անձեր, որոնք մէկ անգամ իրենց ըսելիքը յայտնելով` կ՛անհետանան հրապարակէն: Այդպիսի վկաներուն տուած վկայութիւնը կասկածի դռներ կը բանայ, եւ տեղի ունեցող դատական ընթացքը առկախ կը պահէ: Անոնց կատարած աշխատանքին շարունակականութիւնն է, որ վստահութեամբ կը լեցնէ արդար անձին սիրտը եւ հոգին:

Ճշմարտախօսութիւնը այնպիսի քաջութիւն մըն է, որ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կ՛օժտէ ենթական: Անոնց պարագային, անցեալը իրենց յիշողութեան մէջ միշտ վառ կը մնայ, իսկ ներկան իրենց ձեռքերուն մէջ արդարութեան գաւազանին ուժգնութիւնը կ՛ունենայ:

Կեղծիքը կեանքի տխուր երեւոյթներէն մէկն է, որ շատերուն կեանքը աւերակի վերածած է: Ճշմարտախօս անձը այս ժխտական ու դժբախտ երեւոյթէն շատ հեռու բնակութիւն հաստատած մարդ է: Այդպիսի որոշում մը տալու համար  ճշմարտախօս անձը օժտուած կ՛ըլլայ նաեւ իմաստութեամբ:

Քաջ յիշողութեան աղբիւրը ճշմարտախօսութիւնն է, այլապէս բոլոր վկաները նոյն վկայութիւնը չեն կրնար տալ: Ճշմարտութիւնը մէկ է, եւ ո՛չ թէ` տեսակաւոր: Իրենց կեանքը սուտի, խաբեբայութեան եւ այլանդակութեան սահմաններուն մէջ տարուբերող անձերը միշտ պիտի շարունակեն տկարանալ, որովհետեւ մարդկային ուղեղը զօրաւոր պահող եւ հասարակական կեանքին մէջ ենթակային զօրավիգ կանգնող ուժը ճշմարտախօսութիւնն է. փորձէ՛…

 

 

 

 

Նախորդը

Իրա՞ն, Թէ՞ Թուրքիա. Որո՞ւ Կը Դիմէ Արաբական Աշխարհը

Յաջորդը

Արեւմտահայերէնով Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութեան «Արդ Եւս» Ծրագիրը Կ՛ընդունի 2024-2025 Նպաստի Դիմումները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?