Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրա՞ն, Թէ՞ Թուրքիա. Որո՞ւ Կը Դիմէ Արաբական Աշխարհը

Նոյեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այս է խորագիրը Ճէոֆորի (GEOFOR)` ռուսական աշխարհաքաղաքական նախատեսութեան կեդրոնի 16 հոկտեմբեր 2024-ի խմբագրականին (1): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ լրիւ յօդուածը:

Նախաբան. Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ճակատումը, անկասկած, գլխաւոր գործօնն է ամբողջ տարածաշրջանին ապագայի վիճակը որոշելու: Սակայն կարեւոր է իրավիճակը չսահմանափակել միայն այս երկու դերակատարներուն` Թեհրանի եւ Թել Աւիւի միջեւ: Նոյնքան կարեւոր են նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ փոխյարաբերութիւնները:

1. Իսրայէլի ցեղասպանութիւնը Կազայի մէջ:                     2. Իսրայէլի ցեղասպանութիւնը Պէյրութի մէջ:

… Շարունակենք վերլուծել տարածաշրջանային իրավիճակը` մեկնելով ուժի եւ ազդեցութեան «երեքուկէս» բեւեռներու (Իսրայէլ, Իրան, Թուրքիա եւ արաբական աշխարհ) գոյութեան մեր վարկածէն: Այս բնաբանին մէջ կը տեսնենք, որ Իսրայէլ կը գտնուի խոր մեկուսացման մէջ: Մինչ ան կը շարունակէ հաստատել իր իշխանութիւնը եւ հասած է «հակամարտութեան կարողականութեան» աննախընթաց աճի, սակայն` «համագործակցութեան ներուժի» գրեթէ ամբողջական կորուստի գնով:

Իսրայէլ այժմ տարածաշրջանային դաշնակիցներ չունի: «Աբրահամի համաձայնագիրը» (Ամերիկեան հովանաւորութեամբ, Պէյրութը փոխարինող բեռնատար ուղիներ Հայֆայի նաւահանգիստէն դէպի Ռիատ, Պահրէյն, Տուպայ եւ Օման` մայրուղիի եւ երկաթուղիի ծրագիր*) կարծես թէ սառեցուած է, եթէ ոչ` ամբողջովին մեռած: «Նոր Մերձաւոր Արեւելքի» հիմք հանդիսացող հակաիրան արաբ-իսրայէլեան խմբաւորումի մը գաղափարը գրեթէ աներեւակայելի դարձաւ: Սա կը նշանակէ, որ, եթէ նոյնիսկ Իսրայէլ յաղթէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ (որ շատերու կողմէ անխուսափելի կը համարուի), ան ամբողջովին պիտի մեկուսանայ` շրջապատուած թշնամիներով:

Այստեղ կը ծագի կարեւոր հարցում մը, արաբական աշխարհը որո՞ւ կը միանայ, Թուրքիո՞յ, թէ՞ Իրանի: Իսկապէս հոս է տարածաշրջանին ապագայի բանալին: Կարելի է առարկել, որ այս ամէնէն որոշիչ հարցն է: Այս տեսանկիւնէն Թեհրանի եւ Անգարայի մրցակցութիւնը արաբական աշխարհի վրայ ազդեցութեան համար նոյնքան կարեւոր է, որքան` Իրանի, անոր դաշնակիցներուն եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական ճակատումները:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Կազայի պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք առաջարկեց տարածաշրջանային ապահովութեան կառոյց մը ստեղծել: Ան նաեւ նախաձեռնեց Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի միատեղ գագաթնաժողովին: Ըստ էութեան, այս մէկը քայլ մըն էր տարածաշրջանի ղեկավարութեան համար: Հակառակ անոր (կամ թերեւս այդ պատճառով), այս առաջարկին ձախողութեան պատճառով, Էրտողանը կը շարունակէ Թուրքիան ներկայացնել իբրեւ համաշխարհային առաջնորդ` Իսրայէլի յարձակողական քաղաքականութեան դէմ:

Յատկանշական է, որ Էրտողանը կը խուսափի իր հակաիսրայէլեան հռետորաբանութեան մէջ Իրանի մասին նշում կատարելէ: Այս մէկը աչքառու կը դառնայ` յատկապէս հաշուի առնելով, որ այժմ աշխարհը հակամարտութիւնը կը ճանչնայ իբրեւ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ: Անգարայի համար, սակայն, կը թուի, որ Իրանի դերը գոյութիւն չունի:

Թուրքիան դիտումնաւոր կերպով կ՛անտեսէ Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ անոր մասնակցութիւնը` ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Փոխարէնը` Էրտողանը կը փորձէ ուշադրութիւնը շեղել Թուրքիոյ վրայ: Իր վերջին ամբաստանութիւնը այն է, որ Իսրայէլը կը թիրախաւորէ Անատոլիան` թրքական հողերը (1 հոկտեմբեր 2024-ի թուրք խորհրդարանի նիստին*): Այս յայտարարութիւնը կատարեց այն ժամանակ, երբ Իրանը լայնածաւալ հրթիռային յարձակում գործեց Իսրայէլի վրայ` մղելով աշխարհը կռահելու թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Իսրայէլի պատասխանը:

Այս մօտեցումը հաւանաբար պատահական չէ: Թուրքիան չ՛ուզեր արաբական աշխարհին վրայ ազդեցութիւնը զիջիլ Իրանին: Այստեղ ձգտում մը կայ` ի տարբերութիւն թուրքերուն, իրանցիները աշխուժօրէն կը կռուին իսրայէլեան բանակին դէմ: Իրանը մեծ յարգանք եւ հեղինակութիւն կը վայելէ արաբական աշխարհին մէջ` իբրեւ Պաղեստինի դատին, իսկ այժմ` Լիբանանի գերիշխանութեան միակ պաշտպանը: Իբրեւ հակապատկեր` Թուրքիոյ ներդրումը մի՛այն կը սահմանափակուի ուժեղ հռետորութեամբ եւ անով, որ տարածաշրջանի միակ երկիրն է, որ խզած է (թէեւ վիճելի) բոլոր տնտեսական կապերը Թել Աւիւի հետ»: Սակայն տակաւին ազրպէյճանական քարիւղը կը շարունակէ մատակարարել Իսրայէլի պահանջին 40 տոկոսը` Թուրքիոյ վրայով, Ճէյհանի նաւահանգիստէն, տես` «Խողովակաշար դէպի ցեղասպանութիւն – Պրիթիշ փեթրոլիումի քարիւղի ուղին դէպի Իսրայէլ» Pipeline to genocide BP՛s oil route to Israel (2):

Ի սկզբանէ Իրանի նոր նախագահը` Մասուտ Փեզեշքիան, յստակօրէն հասկցուց, որ իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ դրացիներուն, որոնց մէջ` Արաբական ծոցի երկրներն ու Իրաքի հետ կապերու հաստատումն ու ամրապնդումը: Անոր առաջին պաշտօնական այցը եղաւ Իրաք, ուր ան այցելեց Պաղտատ, հիւսիսը` Իրպիլ եւ հարաւը` Պասրա: Նիւ Եորք կատարած այցելութենէն ետք այցելեց Քաթար, ուր հետեւողականօրէն հանդէս եկաւ Ծոցի շրջանի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան նոր համակարգի մը ստեղծումին ի նպաստ:

Իսրայէլի վրայ հրթիռային հարուածները, հաւանաբար, համոզիչ «յաւելում» էին Փեզեշքիանի հռետորաբանութեան` ցոյց տալով Իրանի հզօրութիւնն ու վճռակամութիւնը Ծոցին մէջ: Պահը օգտագործելու համար Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչին արագօրէն տարածաշրջան այցելեց: Օրուան սկիզբը այցելեց Պէյրութ եւ Դամասկոս, ապա` Ռիատ եւ Տոհա: Հետագային Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարը, Քուէյթը եւ Պահրէյնը յայտարարեցին, որ Իսրայէլին չեն արտօներ օգտագործել իրենց օդային տարածքը Իրանի վրայ յարձակելու համար, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»: Յատկանշական է, որ Իրանի բանագնացները Անգարա չայցելեցին:

Այս խորապատկերին վրայ Իրանի խորհրդարանը առաջարկեց կազմել «անվտանգութեան դաշինք` դիմադրութեան շարժումներուն եւ անոնց աջակցող երկիրներուն միջեւ» գաղափարը: Անհրաժեշտութեան պարագային, «դիմադրութեան առանցքին» վրայ շեշտադրումը կրնայ մեղմացնել` նախագիծին աւելի լայն ընդունելութիւն ստանալու համար: Ըստ էութեան, առաջարկը կոչ մըն է` ստեղծելու տարածաշրջանային անվտանգութեան կառոյց մը` Իրանի ղեկավարութեամբ, որ կը ներկայանայ իբրեւ այլընտրանք` սեպտեմբերի սկիզբին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ առաջարկուած «Իսլամական պետութիւններու դաշինք` ընդդէմ Իսրայէլի ծաւալապաշտութեան դէմ»-ին:

Կարելի է տպաւորութիւն ստանալ, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի շահերը համահունչ են: Երկուքն ալ կը ցանկան ստեղծել տարածաշրջանային անվտանգութեան կառոյց մը, որ կը ներառէ արաբական երկիրները եւ ի սկզբանէ դուրս կը ձգէ Իսրայէլը (թէեւ Իսրայէլը կրնայ հետագային միանալ): Ուրեմն ինչո՞ւ Անգարան եւ Թեհրանը չեն միացներ իրենց ջանքերը եւ միասնաբար նախաձեռնութիւն մը չեն ներկայացներ:

Տեսականօրէն կարելի է: Սակայն այդ կը պահանջէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած համագործակցութիւն, որ այժմ գոյութիւն չունի: Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերը կը խաչաձեւուին բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, որոնք տակաւին պէտք է ներդաշնակութեան հասնին: Աւելի՛ն, արաբական աշխարհը դժուար թէ վերջնական ընտրութիւն կատարէ անոնց միջեւ, փոխարէնը` նախընտրելով խաղալ իր գործընկերներուն հակասութիւններուն վրայ:

Այստեղ առանցքային հարցը այն է, որ արդեօք Թուրքիան եւ Իրանը պատրա՞ստ են երկխօսութեան: Քննարկումներ, անշուշտ, տեղի կ՛ունենան, սակայն անոնք այժմ կը գտնուին ոչ թէ` քաղաքական, այլ «թեքնիք» մակարդակի վրայ, ոչ թէ` ամենաբարձր ղեկավարութեան մակարդակով: Փեզեշքիանը եւ Էրտողանը հանդիպեցան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին, եւ կը սպասուի, որ անոնք կրկին  հանդիպին Քազանի մէջ կայանալիք ՊՐԻՔՍ-ի գագաթնաժողովին: Շատ բան կախուած է անկէ, թէ արդեօք անոնք կը համաձայնի՞ն երկկողմանի պաշտօնական հանդիպումի: Եթէ նման հանդիպում կայանայ, կարելի է, որ այդ մէկը լոյս սփռէ Մերձաւոր Արեւելքի ապագային վրայ` տարածաշրջանային իրավիճակին այժմու «տաք» փուլի աւարտէն ետք:

Իրանեան համաձայնագիրին նպատակն է ստեղծել միասնական պաշտպանական կառոյց` արտաքին սպառնալիքներու դէմ պայքարելու եւ ճգնաժամի ժամանակ իրարու աջակցելու համար: Ըստ համաձայնագիրին, «Դիմադրութեան դաշինքին» մասնակցող բոլոր երկիրները կամ շարժումները պարտաւոր են իրարու համապարփակ տնտեսական, ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւն ցուցաբերել` սիոնական վարչակարգին կամ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ դաշինքին որեւէ անդամի տարածքին վրայ յարձակումի պարագային:

Ընդհանուր առմամբ տրամաբանական այս վերլուծումին մէջ քանի մը շատ կարեւոր ազդակներ նշուած չեն:

Առաջինը` Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ դժուար թէ այնպիսի դաշինքի մը մասնակցի, որ Միացեալ Նահանգներու դէմ կրնայ «պատերազմիլ»:

Երկրորդը` Չինաստանն էր, որ փետրուար 2023-ին Իրան, Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ հաշտութեան կնքահայրը եղաւ եւ անոնց միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորեց, ուրեմն լռելեան որոշ դեր վերցուցած է Չինաստանը Միջին Արեւելքի եւ, Արաբական ծոց-Իրան մերձեցման մէջ, որուն շնորհիւ է ասպիսի դաշինքի մը կազմութեան ենթահողը:

Վերջապէս` կրօնական ենթահողը: Սիւննի-շիի շինծու, Արեւմուտքին կողմէ դաւադրաբար պարտադրուած հակամարտութիւնը Կազայի պատերազմին առիթով գործնականօրէն չքացաւ:

Արդարեւ, աշխարհի բոլոր իսլամ համայնքները եւ իսլամ աշխարհը ի վերջոյ հասկցան, ականատես եղան, որ շիի Հըզպալլան իսկապէ՛ս հայրենասէր, արդարութեան եւ ազատութեան` ստրկութեան ու գրաւման դէմ պայքարող դիմադրութիւնն է: «Սիւննի» Կազային համար շուրջ տարի մըն է նեցուկ կը կանգնի` հարիւրաւոր նահատակներ տալով եւ Լիբանանի մէջ իր հազարաւոր բնակավայրերը զոհելով, ցեղասպան Իսրայէլի հիւսիսը զբաղած պահելու համար, որպէսզի Իսրայէլ իր բոլոր ուժերը չկեդրոնացնէ Կազայի վրայ, եւ Արցախի նման չկարենայ բնաջնջել, կամ` տեղահան ընել Կազայի ժողովուրդը, բռնագրաւելու համար Կազայի ժողովուրդին հազարամեայ հողը: Նոյնն է պարագան նաեւ շիի Իրանին:

Այս է արաբական աշխարհին եւ Իրանին մերձեցման բո՛ւն ենթահողը, երբ արաբներէն աւելի` գործնապէս զէնքով կը պաշտպանէ պաղեստինցիներուն իրաւունքը: Այս առումով, կեղծաւոր Թուրքիան բաւական հեռու է Իրանի գործնապէս բացայայտ, հզօր, որոշիչ եւ ազդու կեցուածքէն:

29 հոկտեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

———

*Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին:

1. https://medium.com/@geofor/iran-or-turkey-to-whom-will-the-arab-world-turn-0cfc61c1f9cc

2. https://www.tni.org/en/article/pipeline-to-genocide:

Նախորդը

Մեր Ներկան Եւ Գալիքը` Խօսքի, Սպասման Եւ Հրաժարման Խրձիկ

Յաջորդը

Քաջ Յիշողութեան Աղբիւրը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?