Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտահայերէնով Յառաջադէմ Մշակութային Կիրարկութեան «Արդ Եւս» Ծրագիրը Կ՛ընդունի 2024-2025 Նպաստի Դիմումները

November 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մշակոյթ` ընկերային յառաջընթացի, կլիմայի պաշտպանութեան եւ ժողովրդավարութեան համար: Մշակոյթը` իբրեւ մարդու արտայայտութեան հիմնարար միջոց, անխուսափելիօրէն կ՛ազդէ հասարակութիւններու հիւսուածքին եւ, հետեւաբար, նաեւ անոնց ապագային վրայ: Մշակոյթը պերճանք չէ, այլ անհրաժեշտութիւն` կերտելու յարակցական, հաւասար, կայուն եւ ազատ հասարակութիւններ, եւ, հետեւաբար, աւելի առողջ ապագայ մը:

Մշակոյթը չի յաւակնիր ըլլալ բոլոր հարցերուն միակ կամ արագ լուծումը, սակայն մեր առջեւ ծառացած այսօրուան հիմնահարցերէն ո՛չ մէկը կարելի է քննական հայեացքով վերլուծել` առանց մշակութային հէնքին: Ժողովրդավարական մղումներուն հանդէպ սպառնալիքները, կենսոլորտի աղէտը, թուային արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները, աճող անհաւասարութիւնները եւ նոյնիսկ պատերազմները` բոլորն ալ խոր մշակութային փոխկապակցութիւններ ունին:

Ի տարբերութիւն զուտ գործնապաշտ եւ կարճաժամկէտ ռազմավարութիւններուն, որոնք կը մշակուին եւ կ՛որդեգրուին ի դէմս աշխարհի դիմագրաւած ճգնաժամերուն եւ սրընթաց փոփոխութիւններուն, մշակոյթին ունեցած ազդեցութիւնը աւելի խորքային է, համապարփակ եւ ոչ անմիջապէս չափելի: Մշակութային ոլորտը եզակի խթան է` քննական մտածողութեան զարգացումին, բազմակարծութեան, հասարակական վերափոխումին եւ քաղաքացիական ներգրաւուածութեան: Այսպիսով, անիկա կենսական նշանակութիւն մը ունի յառաջդիմութեան եւ զարգացումին համար:

 

Հայերը միշտ եղած են մշակութային փոխանակումի եւ բազմազանութեան տարբեր հատումներու եւ խաչմերուկներու վրայ: «Արդ եւս/in view» ծրագիրը կ՛արժեւորէ այս բազմազանութիւնը եւ կը միտի նպաստելու անոր` ստեղծելով բազմաձայնութիւնը լսելի դարձնելու նախադրեալներ եւ փոխադրելու այս տարատեսակ ու բազմամշակոյթ փորձառութիւնները դէպի լեզու, դէպի արեւմտահայերէ՛ն: Վերջինս` որպէս լեզուի զարգացման մղիչ ուժ, լեզուն կը դարձնէ աւելի կենսունակ ու կ՛ապահովէ անոր տեղը` իբրեւ աշխարհի լեզու. կ՛օգնէ` որ այս նորարար մշակոյթը սպառողներուն քաղաքացիական յանձնառութիւնը հարստանայ, անոնց դիմակայութիւնը զարգանայ, եւ առկայ մարտահրաւէրներուն ստեղծագործ լուծումներ գտնուին:

Այս նպաստի ծրագիրով եւ մշակոյթի ուժով կը ձգտինք ստեղծելու հայկական նոր պատումներ,  որոնք հիմնուած ըլլան ստեղծագործութեան, մարդկային արժանապատուութեան, զօրակցութեան եւ համամարդկային արժէքներու վրայ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել  gulbenkian.pt/en/apoios-lista/%d5%a1%d6%80%d5%a4-%d5%a5%d6%82%d5%bd-in-view  կայքէջը:

(Հաղորդագրութիւնը` «Կիւլպէնկեան»-էն)

Նախորդը

Քաջ Յիշողութեան Աղբիւրը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 10-րդ Թիւը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.