Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ներկան Եւ Գալիքը` Խօսքի, Սպասման Եւ Հրաժարման Խրձիկ

Նոյեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Կրկին կարդացի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ եւ նախագահութեան պաշտօնի թեկնածու Քամալա Հարիսի յայտարարութիւնը` Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու` իրենց տուները անվտանգ վերադառնալու իրաւունքը կարեւոր է հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման եւ տարածաշրջանի կայունութեան համար»: Խօսքը ուղղուած է «հայ-ամերիկեան հանրութեան», Հայաստանի անկախութեան օրուան առիթով: Կ՛ըսէ. «Մինչ մենք կը տօնենք այս օրը, մենք նաեւ պէտք է երբեք չմոռնանք Հայոց ցեղասպանութիւնը, երբ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան եւ քշուեցան դէպի մահ: Այս ողբերգութիւն է, որ կը շարունակէ ձեւաւորել հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Հայ-ամերիկեան համայնքի տոկունութիւնը կը մնայ ոգեշնչման աղբիւր` ամերիկեան մեր հաւաքական պատմութեան մէջ: Ես հաւատարիմ կը մնամ Հայաստանի եւ անոր հարեւաններու միջեւ կայուն խաղաղութենան հասնելու գաղափարին` հիմնուած ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգանքի վրայ»: Ըսած է նաեւ. «Ես պիտի շարունակեմ աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանի կայունութեան խթանման անոր ջանքերուն: Հայաստան եւ անոր ժողովուրդը ունին հարուստ պատմութիւն, որ կ՛ոգեշնչէ բոլորս` ձգտելու ազատութեան եւ արդարութեան: Ես հաւատարիմ կը մնամ մեր ժողովուրդներու միջեւ կապերու խորացման եւ գործընկերութեան ամրապնդման, որ կը նպաստէ  մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ ձգտումներուն: Միասին մենք կրնանք կառուցել աւելի ապահով, արդար եւ ազատ աշխարհ»:

Ուշադրութեամբ կարդացի: Մեզի հաճոյք պատճառող այլազան առիթներով եղած նման յայտարարութիւններու առաջինը չէ, վերջինն ալ  պիտի չըլլայ: Վարժուած ենք: Երբ այս տողերը կարդաք, թերեւս Քամալա Հարիս, կամ Տոնալտ Թրամփ Ամերիկայի նախագահ ընտրուած կ՛ըլլան:

Վաղը ընտրուած նախագահին ինչպէ՞ս յիշեցնել եւ մանաւանդ լսուիլ, որ եղած է Սեւրի դաշնագիր, եղած է Ամերիկայի նախագահ մը, որ այդ դաշնագրէն տրուած իրաւունքով գծած է Հայաստանի սահմանները: Այդ աշխատանքը քարտէսագրութիւն չէր, արդարութեան վճիռ էր, քաղաքական պատասխանատուութիւն, որուն համար յանձնառութիւն պէտք էր զգար Ամերիկան` յարգելու համար իր նախագահին ստորագրութիւնը, անոր վճիռը եւ իր սկզբունքները:

Դար անցած է այդ վճիռի կայացումէն, եւ Ամերիկա ոչինչ ըրած է զայն գործադրելու համար: Այդ ընտրութեան մը նախօրեակին արտասանուած պատեհապաշտական հոգեշահ խօսք չէր: Ամերիկան չէ յարգած իր նախագահին յանձառութիւնը եւ վճիռը: Ի՞նչ արժէք եւ կշիռ ունին ներկայի խոստումները եւ արտայայտութիւնները, եթէ զանոնք փորձենք հասկնալ եւ արժեւորել անցեալի փորձին  եւ լոյսին տակ:

Ֆրանսացին կ՛ըսէ, որ` «Խոստումները յանձնառու կը դարձնեն միայն անոնց հաւատացողները»:

Եթէ պատմութենէն դասեր քաղած ըլլայինք, կը յիշէինք, որ Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան առաջնորդ Ռամսէ Մաք-Տոնալտ  եւ Աւետիս Ահարոնեան միասին աշխատած են Ընկերվարական կուսակցութեան Պրիւքսելի կեդրոնին մէջ: Երբ Մաք-Տոնալտ ընտրուած է Անգլիոյ վարչապետ, Աւետիս Ահարոնեան դիմած է իր ընկեր Մաք-Տոնալտին յիշեցնելով անոր իր արտայայտութիւնները` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Մաք-Տոնալտ պատասխանած է, որ այն ատեն ուրիշ էի: «Հիմա նորին վեհափառութեան վարչապետ եմ»… Այս խօսքը կը խտացնէ քաղաքականութեան ծանօթ իմաստութիւնը, կրնանք ըսել` շնականութիւնը, որ կը կոչուի «RAISON D’ÉTAT», հասկնալ- որ զգացումներէ եւ տեսութիւններէ գերիվեր են ՊԵՏԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ ԵՒ ՇԱՀԸ: Անգլիոյ ուրիշ վարչապետ մը` Լորտ Սեսիլ, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին ըսած էր, որ «պատերազմէն ետք Հայաստանի մէջ թրքական իշխանութեան հետք պիտի չմնար»: Պատերազմը յաղթանակով աւարտեցաւ, յետո՞յ… Եղաւ Սեւրի դաշնագիր, զոր ստորագրողները հետեւած են անգլիացի Մաք-Տոնալտի անշեղ տրամաբանութեան: Մենք կը շարունակենք մենախօսել, յիշել եւ յիշեցնել Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսընեան սահմաններ:

Աւելի իմաստուն էր Չարենց: Կրկնե՞լ իր ՊԱՏԳԱՄԸ: Լսող կա՞յ. եթէ ըլլար, հասկցած կ՛ըլլայինք, որ  «փրկութիւնը». հաւաքական ուժի մէջ է»: Եթէ հասկցած ըլլայինք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) բազմագլուխ չէինք ըլլար, բազմանուն հայութիւններ չէինք ըլլար, բազմամիլիոն հայերը ներկայ հայրենատէր կ՛ըլլային: Չէինք ըլլար երգիծանկարիչ ՀՈՎԻՒ-ի նկարագրած հայերը, որոնք «Երբ օդանաւը կը հասնի Հայաստանի վրայ, կը հանեն թաշկինակները»: Հայրենասիրական յուզումի թաշկինակով իրաւունք չի վերականգնիր:

Ցեղասպանութեան բազմատասնեակ ճանաչումներով եւ զանազան առիթներու  ծափահարուող  խօսքերով ո՛չ ոք հայը եւ անոր հայրենիքը կը պաշտպանէ: Ոչինչ կը փոխարինէ ներկայութիւնը: Հազարաւոր մղոններ հեռու, Նետերլենտ, Չեխիա, Տեխաս կամ ագեվազներու երկիրը վրան զարնելով հայրենիք չի պահուիր, չի պաշտպանուիր: Այս իմաստութիւնը առաջնորդող քաղաքական միտք չէ` Հայաստան եւ ինքնզինք բազմապատկող սփիւռք:

Մեսիա չսպասել, մեր մէջ փնտռել ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԱԼՇԻՄԻն` քանդելով քաղքենիացման եւ էսթեպլիշմընթային ամէն բնոյթի պատուարները:

Քամալա Հարիս նախագահ ընտրուի թէ ոչ, պիտի չյիշէ իր յայտարարութիւնները: Մե՛նք պէտք է գտնենք միացման ճանապարհը, որպէսզի հայրենատիրութիւնը մոլորակի հեռուէն համ մօտէն չլսուող փուճ խօսք չըլլայ:

Քանի մը տասնեակ միլիոն հայութիւնը արհամարհելի թիւ չէ,  ան նաեւ որակական ուժ է: Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս, որպէսզի այդ միլիոնները ազգը վերականգնելու համար նային նոյն ուղղութեամբ:

Այս ընելու համար մեծ ու պզտիկ հայրենասիրական խմբաւորումները, փոխանակ իրարու դէմ յաղթանակ տանելու պայքար մղելու, եթէ միանային եւ վերականգնումի ճամբով միասին ընթացած ըլլային, մեր այսօրը եւ վաղը տարբեր կ՛ըլլային: Նաւուն ղեկը բռնողները երբ բազաթիւ են, ո՞ւր կը կարծէք, որ կ՛երթայ նաւը: Երբ բազմաթիւ են «նկարեմ-նկարուիմ»-ի եւ «շոփփինկ»-ի էսթեպլիշմընթները, ինչպէ՞ս կրնանք ճիշդ մտածել, ճիշդ գործել եւ նայիլ նոյն ուղղութեամբ:

Քամալա Հարիս կը խօսի Ցեղասպանութեան մասին: Կը խօսի Արցախի տեղահանուածներու իրենց տուները վերադարձի  իրաւունքի մասին, արժանապատուութեան մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին համար այդ հարցերը այժմէական չեն, օրակարգ չեն: Ինչպէ՞ս կրնանք յուսալ, որ եթէ Քամալա Հարիս նախագահ ընտրուի, պիտի յիշէ իր ըսածները, երբ հայկական պետութեան նախարարին համար անոնք օրակարգ չեն: Օրակարգ չեն` Արցախի տեղահանուածները, Ցեղասպանութեան միլիոնները եւ հայրենահանուածներու յետնորդ միլիոնները:

Յիշեցի լեհ հայասէր մտաւորական Պոկտան Կեմպարսկին: Ան ըսած էր, որ` «Արեւելահայերը եւ արեւմտահայերը, գալով հանդերձ նոյն արմատէն, տարբեր ժողովուրդներ են»: Հետեւաբար բնական է, որ հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանի համար արեւմտահայութեան ցեղասպանութիւնը օրակարգ չըլլայ: Մի՞թէ արցախահայութիւնն  ալ, գալով հանդերձ նոյն արմատներէն, տարբեր ժողովուրդ է:

Ի՞նչ եզրակացնել: Ինչո՞ւ կ՛աղմկեն` յոգնակիացող սփիւռքները, հայրենահանուածներու յետնորդները եւ հայրենիք լքողները:

Հայաստան բնակութիւն հաստատած բանիմաց հայ մը երկտողի մը մէջ կ՛ըսէր, որ եթէ դէպքերու ընթացքը այսպէս շարունակուի, թուրքը եւ ազերին հայերուն պիտի ըսեն, որ` «Այսօրուան Հայաստանի տարածքը շատ է ձեզի համար, աւելի պզտիկ երկիր մը կը բաւէ ձեզի»:

Այդ կ՛ըլլայ վաղուան հորիզոնը, երբ չենք յաջողիր մէկութիւն ստեղծել, կ՛ուրանանք` անցեալ, պատմութիւն, իրաւունք, եւ կը սպասենք, որ ըսուին հաճոյախօսութիւններ, մենք ալ լսենք եւ ծափահարենք, գոհանալով նախնիներու հայրենիքը որպէս զբօսաշրջիկ երթալ-գալու իրաւունքով, եւ վերադարձին ըսելու, որ «գեղեցիկ է մեր երկիրը», ինչպէս օր մը ըսաւ Արեւմտահայաստան այցելած հայ մը… «il est beau notre pays»…

Պիտի սպասե՞նք, որ վաղուան պատմաբանը խօսի ներկայի սխալներուն մասին, թէ՞ մենք, ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսացին, ցուլը պիտի բռնենք իր կոտօշներէն` զայն զգետնելու համար: Այդ ընող ախոյեան առաջնորդը կը փնտռուի, որ ո՛չ Երեւան թափառող  սփիւռքէն եկած զբօսաշրջիկն է, ո՛չ ալ աշխարհի մեծ ոստանները հասած հայաստանցի  «շոփփինկ» ընող զբօսաշրջիկը:

Ինչե՜ր կ՛ըսէ Քամալա Հարիս, ինչե՜ր կ՛ըսէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: Կը կարդանք, կը լսենք: Կը փնտռուի ԻՐԱՒ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ-Ը, որ իր մատները այրելով` շագանակները հանէ  կրակէն, փոխանակ մէկ օդանաւէ միւսը ցատքելով զբաղելու, որ դարձած է քաղաքականութիւն խաղալու նոր մարզաձեւ, մի՛շտ` ներսը եւ դուրսը:

Կը խնդրուի անհանգստացնող հարցումներ չուղղել, որպէսզի խանգարող չպիտակուիք:

1 նոյեմբեր 2024, Փարիզ

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ճամբորդներ Շրջուն` Բայց Կամքէ Անկախ

Յաջորդը

Իրա՞ն, Թէ՞ Թուրքիա. Որո՞ւ Կը Դիմէ Արաբական Աշխարհը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?