Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ո՞վ Աւելի Կարեւոր Է

Նոյեմբեր 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Ֆութպոլի աշխարհը միշտ վերիվայրումներու մէջ կը գտնուի` մարզիկներու եւ նոյնիսկ ակումբներու գծով: Կան ակումբներ, որոնք տարիներ շարունակ լաւ մակարդակի մէջ կ՛ըլլան եւ կը շահին տիտղոսներ, աւելի ուշ անոնք քանի մը տարի ետ կը մնան` զարմացնելով իրենց համակիրները, որոնք միշտ կ՛ուզեն յաղթել: Հաճելի բան մըն է, երբ լաւ ակումբ կ՛ունենաս եւ կարելի կ՛ըլլայ միշտ յաղթել, սակայն… ամէն ինչ վերջ ունի:

Աւելի լաւ խումբեր կրնան գալ, եւ երբեմն ալ «լաւ»-ը բաւարար չ՛ըլլար, երբ աւելի լաւեր գան:

Մարզիկներու պարագան ալ նոյնն է: Կան մարզիկներ, որոնք շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենան, եւ համակիրները միշտ այդ մէկը կը պահանջեն` պահ մը մոռնալով, որ այդ մարզիկները մեքենայ չեն, եւ որեւէ չնչին մանրամասնութիւն կրնայ անոնց նահանջին ազդել կամ ձախող ելոյթներու պատճառ դառնալ:

Մարզիկներու համար «Ոսկի գնդակ» մրցանակը տրամադրած է, որ գնահատէ տարուան վրայ կամ տարեշրջանի մը համար մարզիկի մը կատարած իրագործումը:

Շատեր կը կարծեն, թէ անոնք պէտք է ըլլան կոլ-սքորըրներ, կամ անոնք, որոնք աւելի օգնած են յաղթանակ կամ բաժակ շահելու: Միշտ ալ հարց եղած է, թէ ո՛վ աւելի կարեւոր է: Այդ պատճառով ալ ամէն տարի հարց կ՛ելլէ, թէ ո՛վ աւելի արժանի էր կամ ի՛նչը աւելի կարեւոր է:

Վերջերս Պայերնի մարզիչ Վենսան Քոմփանի իր կարգին յայտնեց, թէ համակիրները շատ կեդրոնացած են վերջերս կոլ նշանակող Ժամալ Մուսիալայի վրայ, որ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի եւ կոլեր կը նշանակէ: Ան նոյնիսկ նմանցուցած էր Մեսսիի եւ Ռոնալտոյի ժամանակաշրջանին, երբ ամէն տարի այս զոյգը կը շահէին մրցանակները: «Զիտանի եւ Ռոնալտինիոյի մասին ի՞նչ կ՛ըսէք», հարց տուած էր ան:

«Շատ հիանալի խաղցողներ կան, որոնք ամբողջովին շրջած են մրցումներու արդիւնքը, առանց կոլեր նշանակելու»: 2014-ի մոնտիալին, օրինակ` Գերմանիա մոնտիալը շահեցաւ, մինչ եթէ մարզիկներու մակարդակին նայինք, բոլորը լաւ էին, սակայն բերդապահ Մանուէլ Նոյըր շատ բարձր մակարդակի ելոյթներ ունեցած էր, եւ շատեր կը սպասէին, որ Նոյըր շահի «Ոսկի գնդակ»-ը, սակայն… Մեսսի – Ռոնալտօ զոյգը կային եւ… Նոյըր 3-րդ դիրքը գրաւեց: Շատ քիչ ժամանակ եղած է, որ առիթ տրուած է Լեւ Եաշինի, Պեքընպաուըրի օրերուն, որ պաշտպան մը կամ բերդապահ մը շահի տիտղոսը, եւ 2006-ին Ֆապիօ Քանաւարօ եղաւ վերջինը, որ իբրեւ պաշտպան եղաւ տիտղոսակիր:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Լիվըրփուլ Վերագրաւեց Առաջին Դիրքը` Սիթիի Անակնկալ Պարտութենէն Ետք

Յաջորդը

Մետվետեւ. «Եթէ Թրամփ Իսկապէս Փորձէ Դադրեցնել Պատերազմը, Կրնայ Նոր Քենետի Դառնալ»

RelatedPosts

Ճատրակ.  Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան
Մարզական

Ճատրակ. Շանթ Եւ Գաբրիէլ Սարգսեաններ Հասան Գ. Հանգրուան

Նոյեմբեր 8, 2025
Ուասլ.  Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Դժուարութեամբ Յաղթեց

Նոյեմբեր 8, 2025
2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Ազգային Խումբէն Լուրեր

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?