Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ Ուքրանիան պէտք է պատասխան հարուած հասցնէ, եթէ Հիւսիսային Քորէայի զօրքերը Ուքրանիոյ սահմանը անցնին` աւելցնելով, որ զինք կը մտահոգէ Ռուսիոյ Քուրսք մարզին մէջ հիւսիսային քորէական զօրքերու ներկայութիւնը:
Պայտըն մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Հիւսիսային Քորէայէն Ռուսիա Հազարաւոր զինուորներ ուղարկելը «շատ վտանգաւոր» զարգացում է:
Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ հաստատած էր, որ Հիւսիսային Քորէան զօրքեր ուղարկած է Ռուսիա, եւ անոնք այժմ Քուրսք մարզին մէջ են:
«Ռուսիոյ եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ զինուորական համագործակցութեան խորացումը վտանգ կը ներկայացնէ թէ՛ Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան, թէ՛ ալ եւրատլանտեան անվտանգութեան համար: Անիկա կը խաթարէ քորէական թերակղզիին վրայ խաղաղութիւնը եւ կը թեժացնէ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը», ըսած էր Ռիւթէ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին անցեալ շաբաթ հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ունի ապացոյցներ, որ Հիւսիսային Քորէան զինուորական ուժեր ուղարկած է Ռուսիա: Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած էր, որ զօրքերու ուղարկման նպատակը տակաւին յստակ չէ:


