Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ իր հանդիպումը ջնջած է:
«Փութինի հետ ժողովս ջնջեցի անյարմար զգալուս պատճառով», նշեց Թրամփ:
Ան այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տան մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Իմ մօտս այն տպաւորութիւնը գոյացաւ, որ պէտք եղած նպատակին պիտի չհասնինք, սակայն ապագային պիտի հանդիպինք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ան յոյս յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու հաստատած նոր պատժամիջոցները երկարատեւ չեն ըլլար:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ մեծագոյն քարիւղի ընկերութիւններուն դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն` Թրամփ յայտնեց. «Զգացի, որ ժամանակը եկած է, եւ երկար սպասեցինք»` աւելցնելով, որ տակաւին կը զգայ, որ Փութին պատրաստ է խաղաղութեան:
Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ «Թոմահոք» հրթիռներու մատակարարման հարցին, Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ հրթիռները ներկայիս անհրաժեշտ են: Զանոնք օգտագործել սորվիլը առնուազն վեց ամիս կը տեւէ, եւ ընդհանրապէս մէկ տարի կը տեւէ: Անիկա շատ հզօր ու չափազանց ճշգրիտ զէնք է, եւ թերեւս այդ է, որ զայն չափազանց բարդ կը դարձնէ: Մենք միայն գիտենք «Թոմահոք» հրթիռները ինչպէ՛ս գործածել եւ ուրիշներուն պիտի չսորվեցնենք»:
Թրամփ ըսաւ, որ Ուքրանիոյ տագնապի երկու կողմերը պէտք է ճակատի ներկայ գիծերուն վրայ կանգ առնեն եւ մարտական գործողութիւնները դադրեցնեն:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ դէպքերու զարգացումէն գոհ չէ, եւ ՕԹԱՆ-ի մէջ դաշնակիցները իրեն համակարծիք են:
Նախքան այդ, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ հանդիպումէն ետք հունգարական «Էմ 1» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր. «Ամերիկացիները խաղաղութեան վեհաժողովէն չհրաժարեցան, եւ այդ առնչութեամբ միակ հարցը վեհաժողովի թայմինկն է»:
«Ռուպիօ յստակ կերպով ըսաւ, որ կ՛ուզեն այդ վեհաժողովը կազմակերպել, սակայն պէտք է բոլորին համար իսկական ու քաջալերական արդիւնքներու յանգի եւ կարենայ կեդրոնական Եւրոպային երկար ժամկէտի վրայ տեւական խաղաղութիւն բերել», աւելցուց ան:
«Հարցը խաղաղութեան վեհաժողով գումարելու փափաքի հարց չէ», ըսաւ Սիարթօ:
«Ասիկա լաւ լուր է բոլոր անոնց, որոնք խաղաղութեան կողմնակից են, եւ վատ լուր մը բոլոր անոնց, որոնք պատերազմին կողմնակից են», նշեց ան:


